Սեդո Պոյաճյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է.
«ՑԱՒԱԼԻ ԵՒ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ
Լաւ յիշեցէք այս մարդուն։ Ան Հարություն Մարությանն է՝ Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի նոր տնօրէնը։ Արդէն այցելած է Թուրքիա՝ թանգարանին նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար ։ Բնականաբար, Թուրքիա շատ սիրով կ՚ընդառաջէ։ Այսպէս, հիմա այս իշխանութեան թաթերը հասան Ցեղասպանութեան Թանգարան։ Զոհասեղանին վրայ դրուած են Ցեղասպանութեան փաստաթուղթերը եւ Պահանջատիրութեան գոյատեւումը։ Հետեւաբար, լաւ յիշեցէք այս մարդուն։ Անոր ներկայութիւնը թանգարանէն ներս պիտի ըլլայ ցաւալի։ Այդ ներկայութիւնը նաեւ պիտի ըլլայ վտանգաւոր։ Ի դէմ այս վտանգին, ի՞նչ պիտի ընէ Սփիւռքը»։