կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-27 23:22
Քաղաքական

Մայիսի 28-ի առաւօտը. Սեդօ Պոյաճեան

Մայիսի 28-ի առաւօտը. Սեդօ Պոյաճեան

Մայիս 28-ի առաւօտն է Հայաստանի մէջ։ Շուտով կը ծագի Հայուն Արեւը՝ լուսաւորելու հայրենի հողը Լորիէն Երեւան, Արցախէն Սիւնեաց Աշխարհ, Արարատեան Դաշտէն Կարս ու Արտահան, եւ մինչեւ Էրզրում, Սասուն ու Վան։ Շնորհաւոր Մայիս 28 եւ Անկախութեան օր։

Հիմա, Մայիս 28-ի գեղեցիկ լուսաբացին, անխառն հպարտութեամբ կը յիշենք եւ կ՚ողջունենք արիւնով կենսագործուած մեր ազգային վերածնունդը, զէնքով նուաճուած մեր անկախութիւնը, նուիրումի ուժականութեամբ վերահաստատուած մեր ազգային պետութիւնը։

Կը յիշենք, թէ ինչպէս մեր կամքն ենք պարտադրած անողոք պատմութեան։ Կը յիշենք, թէ ինչպէս յաղթած ենք մեր դէմ ցցուող ռազմական ու քաղաքական իրերու դրութեան։ Կը յիշենք, որովհետեւ Մայիսի 28ով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանաչուած պետականութեան տէր ժողովրդի։

Այո՛, մենք չենք մոռացած եւ յաւերժ պիտի յիշենք Մայիս 28-ի մեր կամքի, մտքի ու բազուկի վճռականութիւնը։ Այլապէս, առանց այդ վճռականութեան, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար համախումբ հայութիւն՝ հայրենի հողի մէկ շերտի տարածքին։ Այսօր, մեր գոյութեամբ՝ վկան ենք 28 Մայիսին։ Այսօր, 28 Մայիսը երաշխաւորն է մեր հաւաքական լինելութիւն, ինչպէս եւ պատուանդանը՝ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ամբողջացման առաքելութեան։

Սակայն, մենք չենք մոռացած նաեւ այն ազգակործան, թշնամական եւ ժահրոտ վերաբերմունքը, որ պոլշեւիզմն ու պոլշեւիկները եօթը տասնամեակ շարունակ ցուցաբերեցին Մայիս 28-ի ու Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, անոնց կերտիչներուն հանդէպ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ։

Այդ սողունները քուրջի կտոր կոչեցին մեր սուրբ Եռագոյն դրօշը։ Անոնք դաւաճան յայտարարեցին մեր անկախութեան կերտիչներոը։ Անոնք մինչեւ իսկ յանդգնեցան «Դաշնակ շներ» գոռալ մեր երեսին։

Հալէպի հայկական թաղամասերում սնած երիտասարդ Դաշնակցական մը, անունը՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, այդ սողուններին տուաւ ճիշդ ու արդար պատասխան։ Ան գրեց թուղթ մը՝ 1946 թուականին եւ անուանեց զայն «Թուղթ Առ Երեւան»։ Պէտք է կարդալ եւ կրկին ու կրկին անգամ կարդալ այդ թուղթը, քանի ան պիտի մնայ յաւերժ այժմէական։

Պոլշեւիկները, ինչպէս եւ իրենց յետնորդ արդի ստաբանները, թէկուզ կարող են բազկի ուժով թէ յերիւրանքով «խախտել լեռներին» եւ «սանձել գետերին»։ Սակայն իրենց ահագին ստաբանութեամբն իսկ չեն կարող «դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում շողացող աստղին»՝ 28 Մայիսի կերտիչներին դէմ «վարագոյր քաշել»։

Բոլորս, յատկապէս հայրենի պետական այրերն ու մտաւորականութիւնը, ազգային պարտականութիւնը ունինք տէր կանգնելու 28 Մայիսով լուսագծուող մեր պատմութեան եւ պատմական արժէքներուն։ Ափսո՜ս, տակաւին այդպէս չեղաւ Մայիս 28-ի Անկախութեան Օրը վերանկախացած հայրենիքի մէջ։

Անդրանիկ Ծառուկեանի հարցումը պէտք է սթափեցնէ այսպիսի մարդոց.-

«Յիշո՞ւմ ես ապա.

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,

Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,

Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,

Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝

Դրօ´շ Եռագոյն…»

Մայիս 28-ի այս առաւօտեան, ինչպէս ամէն օր, ծածանող Դրօշը 28 Մայիսի Եռագոյն Դրօշն է։ Մեր բոլորին Դրօշն է։ Պիտի հասնի այդ վարդահեղե արշալոյսը, երբ Մայիս 28-ի Եռագոյն Դրօշը պիտի ծածանի Ամբողջական Հայաստանի վերեւ։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս, Մայիս 27, 2020