Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ձախողած ղեկավարութեան վերջին ապաստանը բռնաճնշումն է՝ ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք չեն համախմբուիր ձախողութեան արդարացման արշաւին։ Նուազագոյն ընդդիմութեան կամ քաղաքակիրթ քննադատութեան իսկ պարագային, տուեալ քաղաքական ուժ կամ պարզ քաղաքացի անխուսափելիօրէն իրենց մորթին վրայ պիտի զգան իշխանութեան ճնշիչ թաթը։
Բռնաճմշումը անպայմանօրէն պիտի չփրկէ ապիկար իշխանութիւնը։ Այսուհանդերձ, պետութեան ուժային կառոյցներու ընձեռած ամբողջական կարողականութեամբ, այդ իշխանաւորը պիտի ձգտի երկարաձգել իր քարշ տուող քաղաքական կեանքը։
Այսպիսի պայմաններու տակ, Հայաստանի նման երկիր մը, որ ներքին անկայունութեան փորձանքին ու արտաքին անվտանգութեան սպառնալիքին ենթակայ է, իր գոյատեւելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Հարցական կը դառնայ հայրենիքի գոյութիւնը եւ խնդրական կը դառնայ ժողովուրդի համախումբ կեանքը։
Այսպիսով, երկիրը կը մխրճուի արատաւոր ոլորտի (vicous circle) մը մէջ, ուր ձախողած ղեկավարութեան ստեղծած անկարողութեան տագնապը կը վերածուի հաւաքական ճգնաժամի, ճգնաժամը կը վերածուի հաւաքական ողբերգութեան։ Ի հետեւում, իշխանութիւնը կը վերածուի բռնատիրութեան։
Հայաստանի պարագային բռնատիրութիւնը ժողովուրդին այցելութիւն տուած այլազան դիմագիծերով եւ տարբեր տարողութիւններով։ Քննուած ու մերկացուած են անոնց դիմագիծերը եւ տարողութիւնները։ Սակայն, գրեթէ անտեսուած են իշխանաւորներու անձնապէս մարմնաւորած անկարողութիւնները, որոնք երկիրը առաջնորդած են ձախաւեր ղեկավարման։
Ալ բա՛ւ է Հայաստանի համար երեք տասնամեակներու ձախողած ղեկավարութիւն։ Հայաստանի ղեկին բազմած յաջորդաբար ձախողած չորս իշխանաւորներ սպառած են երկրի ու ժողովուրդի դիմադրականութիւնն ու յոյսը։ Այս անմխիթար վիճակի առաջացումը թերեւս ծրագրուած է՝ իշխանութիւն իր ձեռքին պահելու ձգտող իշխանաւորին կողմէ եւ տարածաշրջան մէջ հայութիւնը յուզող հարցերու վերացման միտող արտաքին ուժերու կողմէ
Ինչ ալ ըլլան այդ դրդապատճառները, բուն հարցը կը վերադառնայ ու կը մնայ ձախողութեան ոլորտին մէջ։ Միայն ձախող, անհեռատեսիլ, եսակեդրոն ու անձնական յղփացում հետապնդող իշխանաւորներու վերացման մէջ է երկրի ու ժողովուրդի փրկութեան բանալին։
Հետեւաբար, ո՞ւր պէտք է փնտռել Հայաստանի մէջ անկար ղեկավարութեան եւ ձախողած ղեկավարման արմատները։
Տեւաբար փորձ կը կատարուի յանցանքը բարդել եկող ու գացող իշխանաւորներու ուսերուն վրայ։ Նման փորձեր պարզապէս կ՚անձնացնեն տիրող վատառողջ իրավիճակին քննարկման աշխատանքը։ Իբրեւ արդիւնք, քննարկումը կը վերածուի ամբաստանութիւններու եւ մեղադրանքներու երկար շարանի մը, որ ի յառաջագունէ դատապարտուած ձախողութեան՝ ինքզինք պարտադրող այս կացութեան արմատական լուծումներ բերելու գործին մէջ։
Ուստի, իրավիճակը կը շարունակէ յամենալ։ Ղեկավարման անկարութիւնը կը քալէ առաջընթաց։ Կը սրի հասարակական ներքին կեանքի անդորրութիւնը։ Բայց իշխանաւորը կը մնայ, փոխարինուելու համար նոյնանման նոր իշխանաւորով։
Հայաստան կենսականօրէն կարիքը ունի ներքին կայունութեան, որպէսզի կարենայ ճիշդ ու արդար կերպով համակարգել եւ բարելաւել երկրին եւ ժողովուրդին վիճակը։
Փաստը այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանաւորները փոխելու գործընթացը ցարդ սահմանափակուած կը մնայ քաղաքական խմբակի մը մենաշնորհը, ուր առաջնորդը օր մը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է, ուրիշ օր մը Ռոբերտ Քոչարեանն է, այլ օր մը Սերժ Սարգսեանն է, իսկ այսօր Նիկոլ Փաշինեանն է։ Երկիրը առաջնորդելու համար մենաշնորհեալ այս խմբաւորումէն դուրս գտնուողներուն առիթը չէ տրուած, անոնք յաճախ ապօրինաբար հալածուած են, ճնշուած են, մեկուսացուած են, մինչեւ իսկ լուծարուած եւ երկրէն արտաքսուած են։
Նաեւ փաստը այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանաւորներու փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է ներքին ցնցումներով՝ գրեթէ անտեսելով սահմանադրութեամբ ու օրէնքով ճշդուած իշխանափոխութեան տրամադրութիւնները։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հեռացաւ հրաժարելով։ Անոր յաջորդող Ռոբերտ Քոչարեան պաշտօնը աւարտեց արիւնալի ցոյցերու առկայութեամբ։ Սերժ Սարգսեան հրաժարեցաւ ժողովրդային դժգոհութեան մը ալիքով, որ անուանուեցաւ «յեղափոխութիւն»։ Ցնցումներով առաջած իշխանափոխութենէն ետք է միայն, որ փորձուած է իշխանափոխութիւնը շղարշել սահմանադրութեան ու եւ օրէնքի գոյներով։
Մինչ այդ, քաղաքական մենաշնորհեալ խմբակի անդամները իրենց ներքին հաշուեյարդարը կատարած են՝ ընդունելով նոր իշխանաւորի մը գահ բարձրացումը։ Անշուշտ միշտ սպասելով ու համբերելով, որ պատեհ առիթին դիմեն իրենց հովանաւորութեամբ նոր իշխանափոխութեան մը։ Եւ այսպէս, այդ մենաշնորհեալ իշխող խմբակը կը շարունակէ Հայաստանի պետութեան գլխուն յաւերժացնել պահպանումը իր ձախողած ղեկավարման գործընթացին եւ անկարող իշխանաւորին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր իշխող դասակարգը հարազատ ու բնական պտուղն են այս երեսնամեայ հաւաքական մենատիրութեան։
Ժամանակն է, որ ժողովուրդը վերջ դնէ քաղաքական ու տնտեսական այս մենաշնորհային համակարգի ղեկավարներուն, գործիչներուն եւ պաշտպաններուն։
Իրապէ՛ս բաւ է Հայաստանի համար երեք տասնամեակներու ձախողած ղեկավարութիւն։
Սեդօ Պոյաճեան
Յունիս 14, 2020
Լոս Անճելըս