Փոխարժեքներ
25 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.75 |
EUR | ⚊ | € 411.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.97 |
GBP | ⚊ | £ 496.07 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.09 |
«Ընտրութիւնները կը պատկանին ժողովուրդին»:
Ապրահամ Լինքըլն
(1809-1865, Ա.Մ.Ն.-ի 16-րդ նախագահ)
Արտահերթ ընտրութիւններուն ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ տեղքայլ բնութագրելը վստահաբար մեղմ է եւ արդարօրէն չի ներկայացներ իսկական պատկերը:
Մինչեւ իսկ տեղքայլի մէջ չենք:
Պարզ խօսքով, փլուզո՛ւմն է, որ տարբեր պայմաններու տակ կը շարունակուի, եղելոյթ մը, որ ծայր առած էր Հայաստանի… վերանկախացման առաջին օրէն իսկ:
Փլուզում կամ քանդում, որ սկսաւ երեսուն տարիառաջ, չարաշահութիւններով, փտածութեամբ, զեղծարարութեամբ եւ նորագոյն արտայայտութիւնը գտաւ… «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» եւ անշուշտ 44-օրեայ պատերազմ: Վերջին շաբաթներուն՝ ընտրապայքարի վերջին մրցավազքին, աւերը շարունակուեցաւ մուրճով՝ ոչ գերարդիական քանդիչ գործիք մը, որ Նիկոլ Փաշինեան գործածեց իր ընտրարշաւին, իբրեւ խորհրդանիշ շարունակելու քանդումը:
Աւելորդ չ’ըլլար ընդգծել, թէ ըստ կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տուեալներուն՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն թիւն է երկու միլիոն 593 հազար 572, որոնց միայն 49,4 առ հարիւրը, այսինքն մէկ միլիոն 281 հազար 174 քաղաքացի մասնակցած է քուէարկութեան: Այս համեմատութեան պատկերը գրեթէ միեւնոյնն է երեսուն տարիէ ի վեր: Նոյնքան ուշագրաւ է, որ մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն թիւն ալ չէ բարձրացած, հոն ալ տարօրինակ տեղքայլ մը կայ…: Այս պատկերին լոյսին տակ, յատուկ իմաստ կը ստանայ Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ կարճ ու յստակ խօսքը:
Հաւաքուած քուէներուն թիւերն ու ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն, դաշինքներուն եւ հոսանքներուն քանակը նմանապէս զարմանալի տարօրինակութիւն մը կը ներկայացնէ: Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան (53.92 առ հարիւր), «Հայաստան» դաշինքի (21.04 առ հարիւր) եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի (5.23 առ հարիւր) հաւաքած քուէներէն անկախ, տասնեակներով խմբաւորումներ հաւաքած են 2-3 առ հարիւրէն (քանի մը հատը) մինչեւ մէկ առ հարիւրէն (գրեթէ մեծամասնութիւնը) պակաս ձայն: Արդ, սա ի՞նչ տեսակի ժողովրդավարութիւն է կամ ազատ արտայայտութեան իրաւունքի կենսագործում, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն աւելի քան կէսը հեռու մնացած է քուէատուփերէն: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս տասնեակ մը տարբեր թեկնածու խմբաւորումներու ներկայութիւնը՝ անտարբերութեան դիմաց: Այս փոքրամասնութիւններուն հաւաքած քուէները միասնաբար կրնան հասնիլ քսան առ հարիւրի: Շօշափելի թիւ մը, համեմատութիւն մը կամ ներկայութիւն մը, որ դժբախտաբար շոգիացած է:
Փաստօրէն, «Իմ Քայլը» վերածուած է տեղքայլի, մինչեւ իսկ ետդարձի:
Ընտրութեան յաջորդ օրը, երբ իր ամբոխահաճ գործընթացը շարունակելով, Փաշինեան այցելեց Եռաբլուր եւ ծնկադիր խոնարհեցաւ նահատակներու շիրիմներուն առջեւ, բացայայտ էր, որ ան դարձեալ կը խաղար ժողովուրդի զգացումներուն հետ, այնպէս՝ ինչպէս ըրած էր վերջին ամիսներուն, բազմիցս: Իրա՛ւ որ. Ի՞նչ կը նշանակէ քաղաքական, ռազմական եւ երեւակայելի ու աներեւակայելի բազում ապիկարութիւններէ, հողի ու մատղաշ կեանքերու յումպէտս զոհաբերումնէն ետք, երթալ ու կսկիծ կեղծել նահատակներու շիրիմներուն առջեւ, սարքել նոր բեմադրութիւններ, որոնց տարբերակներուն ականատես եղանք ընտրապայքարի օրերուն…: «Իմ քայլականներ»-ն ու անոնց վարիչը որքա՜ն հմտացած են նման քարոզչական մեքենայութիւններու մէջ…
Դժուար է համոզուիլ, բայց Յունիս 20-ին պատահած նոր փլուզումը բաւականանանք տեղքայլ սեպելով, նայինք յառաջ՝ փրկելու համար հայրենիքը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
խմբագրական
hairenikweekly.com