կարևոր
3337 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-06 17:04
Քաղաքական

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան Ար­ցա­խի հար­ցե­րու քննար­կում­ներ ու­նե­ցաւ ­յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան Ար­ցա­խի հար­ցե­րու քննար­կում­ներ ու­նե­ցաւ ­յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի Ա­թէնք կե­ցու­թեան օ­րե­րը յա­գե­ցած էին ­յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րով։ Այս կա­րե­ւոր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մը եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­կո­մի­տէն, քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ ի­րենց հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ա­ռի­թը ու­նե­ցան Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րու մա­սին խօ­սե­լու եւ ընդ­հան­րա­պէս շօ­շա­փե­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս ըն­թաց­քող զար­գա­ցում­նե­րու ի­րա­կան վի­ճա­կը։

Ա­նոնց շար­քին էին ­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն իշ­խող կու­սակ­ցոթեան ե­րես­փո­խան ­Թո­տո­րիս ­Ռու­սո­փու­լո­սի հետ հան­դի­պու­մը, ՍԻՐԻԶԱ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան եւ ­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եոր­ղոս ­Քաթ­րու­կա­լո­սի հետ, ինչ­պէս նաեւ ՓԱՍՕՔ-ՔԻՆԱԼ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Մի­խա­լիս ­Քաթ­րի­նի­սի հետ հան­դի­պում­նե­րը։

Զ­րոյ­ցի ա­ռար­կայ դար­ձան նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան խոր­հուրդ­նե­րու մօտ (ինչ­պի­սին է Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դը եւ եւ­րո­պա­կան կու­սակ­ցու­թեանց հա­մախմ­բում­նե­րը) ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն շուրջ ի­րա­զեկ­ման մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­մաեւ­րո­պա­կան մա­կար­դակ­նե­րով։ ­Յոյն խօ­սա­կից­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան 2020-ի պա­տե­րազ­մէն ետք ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րէն ներս ներ­խուժ­ման, հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու դաշ­տէն ներս Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­րա­կայ­ման մա­սին, ու շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան մար­մին­նե­րու կող­մէ գործ­նա­կան քայ­լե­րու յստակ ձե­ւա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։

Ա­թէնք կե­ցու­թեան շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ըն­թաց­քին, ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան հար­ցազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան թեր­թե­րու հետ, ինչ­պէս նաեւ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ զե­կոյ­ցով ներ­կա­յա­նա­լու ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, որ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «­Թագ­ւոր եւ ­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան։