կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-07 16:24
Աշխարհ

«Կեց­ցէ հայ ազ­գը, որ եր­բեք չի նա­հան­ջեր»․ Եւ­րոե­րես­փո­խան Ս­թե­լիոս ­Քի­պու­րո­փու­լոս կ­՚ող­ջու­նէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 30-ա­մեա­կը

«Կեց­ցէ հայ ազ­գը, որ եր­բեք չի նա­հան­ջեր»․ Եւ­րոե­րես­փո­խան Ս­թե­լիոս ­Քի­պու­րո­փու­լոս կ­՚ող­ջու­նէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 30-ա­մեա­կը

Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 30-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը խանդա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ մեծ թի­ւով եւ­րո­պա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, ռուս, աւստ­րա­լիա­ցի ու այլ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու եւ գոնկ­րե­սա­կան­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի ան­կախ եւ ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին, դա­տա­պար­տե­լով թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի հո­ղե­րու գրա­ւու­մը։ Ա­նոնց կար­գին էին նաեւ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան Ս­թե­լիոս ­Քի­պու­րո­փու­լոս, ­Կիպ­րա­ցի եւ­րոե­րես­փո­խան ­Լու­քան ­Ֆուր­լաս եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն բա­րե­կամ Է­լե­նի ­Թէո­խա­րուս։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ս­թե­լիոս ­Քի­պու­րո­փու­լո­սի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ ե­րի­զագ­րո­ւե­ցաւ եւ սփռո­ւե­ցաւ հա­մա­ցան­ցին վրայ (տե­սա­նիւ­թը կա­րե­լի է դի­տել այստեղ։

«­Սի­րե­լի հայ բա­րե­կամ­ներ,

­Հա­մայն աշ­խար­հը վկան դար­ձաւ Ար­ցա­խի բնիկ ժո­ղո­վուր­դի դի­մագ­րա­ւած վտան­գին Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ, ան­ցեալ տա­րո­ւան մէջ ­Թուր­քիոյ բա­ցա­յայտ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ծա­ւա­լած յար­ձա­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Այ­սօր, վեր­ջին պա­տե­րազ­մի թարմ յի­շո­ղու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն եր­կայն­քին կրկնո­ւող ընդ­հա­րում­նե­րու լոյ­սին տակ, կը շա­րու­նա­կենք նե­ցուկ կանգ­նիլ հայ ժո­ղո­վուր­դին։
­Հա­յե­րը կը շա­րու­նա­կեն դէմ յան­դի­ման գտնո­ւիլ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ նոր-օս­մա­նեան ձգտում­նե­րուն։ Այս ան­հա­ւա­սար կռի­ւին մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան վար­քա­գի­ծին վկան կը դառ­նանք, որ նոյ­նիսկ այս շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ի­րադ­րու­թիւ­նը սրեց, ա­ւե­լի քան 50 զի­նո­ւոր­ներ տե­ղա­ւո­րե­լով եւ փա­կե­լով ­Գո­րիս-­Կա­փան եր­թե­ւե­կու­թեան մայր ճամ­բան։ Այս ե­ղե­լու­թիւ­նը ար­դիւնք էր ա­զե­րի զի­նեալ ու­ժե­րու շաու­նա­կա­կան ռազ­մա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի վրայ։

­Կա­ցու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ ա­ւե­լի բարդ դար­ձած է այ­սօր։ ­Ժո­ղո­վուր­դը կը գտնո­ւի իր կեան­քը փրկե­լու ա­մե­նօ­րեայ պայ­քա­րի մէջ։

­Պա­տե­րազ­մի վէր­քե­րը տա­կա­ւին բաց կը մնան։ ­Մեծ թի­ւով հայ գե­րի­ներ կը շա­րու­նա­կեն պա­հո­ւած մնալ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, են­թա­կայ մնա­լով կեղծ ու ա­նար­դար դա­տե­րու, մինչ ա­նոնց ա­պա­գան ա­նո­րոշ է։
Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք բուռն կը շա­րու­նա­կեն ժխտել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ա­մէն ա­ռի­թով յայ­տա­րա­րած են, թէ «մին­չեւ վերջ» պի­տի շա­րու­նա­կեն ա­ջակ­ցիլ Ատր­պէյ­ճա­նին։ Դժ­բախ­տա­բար, նոյ­նիսկ այ­սօր Ատր­պէյ­ճանն ու ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կեն սպառ­նալ ի­րենց դրա­ցիի գո­յու­թե­նա­կան ի­րա­ւուն­քին վրայ, աշ­խար­հի այս դժո­ւար ու բարդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

­Մի­ջազ­գա­յին հա­մայք­նը պար­տա­ւոր է պաշտ­պա­նել այս ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը, ա­նոր ա­պա­հո­վու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ ա­պա­հո­վե­լով ա­նոր զա­ւակ­նե­րու ա­պա­գան։ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մեծ թի­ւով պատ­գա­մա­ւոր­ներ միաս­նա­կան ջան­քե­րով կը շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ հայ գե­րի­նե­րու ա­պա­հով վե­րա­դար­ձին հա­մար ի­րենց օ­ճախ­նե­րը։
­Յոյն եւ հայ կա­պե­րը զօ­րա­ւոր են եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն տո­կուն մնալ։

­Կեց­ցէ հայ ազ­գը, որ եր­բեք չի նա­հան­ջեր»։

azator.gr