կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-22 12:20
Քաղաքական

Վերադարձը

Վերադարձը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 24 յունուարին հեռաձայնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, որպէսզի, ինչպէս Սպիտակ տունը նշեց, «արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը»: Երկու ղեկավարները համաձայնեցան սերտ համագործակցութեան կարիքին շուրջ, ինչպէս նաեւ` միասնաբար աշխատիլ արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց առաջնահերթութիւններու, որոնց շարքին` Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի շուրջ:

Մաքրոն դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամ առաջին պետութեան նախագահը, որուն հետ Պայտըն Սպիտակ տուն մուտք գործելէ ետք հաղորդակցութիւն ունեցաւ: Էլիզէի պալատը նշեց, որ այդ իրողութիւնը «երկու նախագահներուն միջեւ սերտ գործակցութեան փափաքի ցուցանիշ է»:

Երեք օր ետք` 27 յունուարին տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն` Անթընի Պլինքընի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր կարգին յայտարարեց «Ֆրանսայի` մեր հնագոյն դաշնակիցին ու այլ գործընկերներուն հետ աշխատելու» իր երկրին փափաքը:

Այդպիսով, ուրուագծուեցաւ Ուաշինկթըն-Փարիզ գործակցութիւն մը, որ բնականաբար պիտի ազդէ նաեւ Արցախի հարցին վրայ: Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռակողմ համանախագահութեան անդամ եղող այս երկու երկիրները 9 նոյեմբեր 2020-ին դուրս մնացին ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուած, ռուսական ինքնագլուխ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած յայտարարութեան մը շուրջ համաձայնութենէն:

Մոսկուան բաւարարուեցաւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան իր գործընկերները կատարուած իրողութեան մասին տեղեակ պահելով. իրողութիւն մը, որ բնականաբար դժգոհ կը ձգէ իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներէն եղող Ռուսիոյ հարցով սերտ գործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած Ուաշինկթընն ու Փարիզը եւ զանոնք պիտի մղէ «սրբագրելու» ստեղծուած «անախորժ կացութիւնը»:

Այժմ կը թուի, թէ եկած է այդ «սրբագրում»-ը կատարելու եւ «անախորժ կացութիւն»-էն դուրս գալու պահը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաղորդեց, որ Պլինքըն եւ լը Տրիան 18 մայիսին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին «խօսած են իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ համագործակցութեան մասին եւ ընդգծած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը արդէն երկու օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն այդ մասին յայտնեցին. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին ծագած լարուածութեան առնչութեամբ Ժան Իվ լը Տրիան յիշեցուցած է Ֆրանսայի խոր մտահոգութիւնն ու հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման մասին: Ֆրանսան ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու երկխօսութիւնը` Հայաստանի տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու անյապաղ հեռացման համար»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, իր կարգին, 18 մայիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին ու Ազրպէյճանի նախագահին հետ` մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին լարուածութեան վերաբերեալ եւ շեշտելով` «Չսահմանազատուած սահմաններու մօտ զինուորական շարժումները անպատասխանատու եւ սադրիչ են»: Ան ըստ Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ան յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են երկկողմանի եւ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ` աշխատանքի ճամբով շրջանային հաշտութեան հասնելու նկատմամբ»:

Այսպիսով, մենք ականատես կը դառնանք համակարգուած դիւանագիտական` այս տարուան յունուարին ուրուագծուած ֆրանս-ամերիկեան գործակցութեան մէկ գործնական քայլին, որուն անմիջական պատճառը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն է, սակայն նպատակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումն է եւ երբեմնի եռակողմ հաւասարակշռութեան կարելի չափով վերահաստատումը:

Ուշագրաւ է, որ ֆրանսական կողմը յստակօրէն կը խօսի «Հայաստանի տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու անյապաղ հեռացման» մասին: Ըստ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ ծառայութեան, Սալիվըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ անընդունելի եւ սադրիչ կը համարեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն ներս ազրպէյճանական ուժերու կատարած գործողութիւնները եւ իրենց այդ դիրքորոշումը պիտի ներկայացնեն նաեւ ազրպէյճանական ղեկավարութեան` պահանջելով ուժերը հեռացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութենէն, սակայն, կը բացակայի «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք» բնութագրումը: Ըստ հաղորդագրութեան, ան մտահոգութիւն յայտնած է` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին լարուածութեան նկատմամբ եւ շեշտեց, թէ չսահմանազատուած սահմաններու մօտ զինուորական շարժումները անպատասխանատու եւ սադրիչ են»:

Հակառակ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ ծառայութեան տարբերակին մէջ նշուածին` Սպիտակ տունը իր հաղորդագրութեան մէջ այս հարցի վերաբերեալ պաշտօնական ձեւակերպման մէջ կը պահպանէ իր անկողմնակալութիւնը: Միւս կողմէ` Ֆրանսա չի փորձեր թուրք-ազրպէյճանական ճամբարին մօտ իր արդէն իսկ վայելած հայամէտ ըլլալու վարկը փոխել: Առաջին հայեացքով զարմանալի թուող այս երեւոյթը ոչ այլ ինչ է, քան` «լաւ ոստիկան, վատ ոստիկան» կոչուող մարտավարութեան կիրարկման դասական օրինակ մը:

9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ լուսանցքայնացուած Ուաշինկթընն ու Փարիզը հայ պատերազմական գերիներու եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած կացութեան հարցերու պատուհանէն կը փորձեն վերադառնալ Արցախի տանգապի լուծման հոլովոյթ եւ Ռուսիան համոզել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան հաւասարակշռուած ձեւաչափի ու համակարգուած աշխատանքի` միասնական «3»-ի վերականգնումը աւելի շահաւէտ ու գործնական է, քան` Մոսկուայի ինքնագլուխ քայլով եւ Ուաշինկթընի ու Փարիզի պատասխան երկկողմանի քայլով այժմ հաստատուած երկբեւեռ «1+2» ձեւաչափը:

Ֆրանս-ամերիկեան քայլին իսկական նպատակն ու բնոյթը հասկնալու, ճիշդ գնահատելու եւ զգացականութենէ խուսափելու համար հարկ է յիշել, որ 24 յունուարին կայացած Պայտըն-Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր սերտ համագործակցութեան կարիքին շուրջ, ինչպէս նաեւ` միասնաբար աշխատելու արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց առաջնահերթութիւններու, որոնց շարքին` Ռուսիոյ շուրջ: Այլ խօսքով, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի «վերադարձ»-ը հայամէտութեան արդիւնք չէ. անոր նպատակը Ռուսիոյ ազդեցութեան հակակշռումն է:

Անոնց այս քայլն ու մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան աշխատանքին ու դերին վերականգնումը ինքնաբերաբար ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան թրքական գործօնին վրայ, ինչ որ պիտի յառաջացնէ Անգարայի դժգոհութիւնը եւ հարցականի տակ առնէ արցախեան հարցին շուրջ ռուս-թրքական փոխհասկացողութիւնը: Կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ Մոսկուան ինչպ՞ս պիտի ընկալէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ իր պաշտօնակիցներուն քայլը. իր առաջնահերթութեան` իր շահերու ապահովման ծիրին մէջ պիտի յաջողի՞ թէ՛ զանոնք, թէ՛ Թուրքիան գոհացնել:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com