կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-14 22:53
Հասարակություն

Պաշտպանել Հայրենիքը ներքին թշնամիներէն

Պաշտպանել Հայրենիքը ներքին թշնամիներէն

Հայրենասէրին յատկութեան հարազատութիւնը կը խտանայ երեք բառերու մէջ – Պարտականութիւն, Պատիւ, Հայրենիք։ Մեր նորագոյն պատմութեան ընթացքին փայլատակող յանձնառութիւններ եղած են այդ երեք բառերը, ինչպէս մեր ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին, Սարդարապատեան ճակատամարտերուն, Փետրուարեան Ապստամբութեան օրերուն, Նեմեսիսի գործողութիւններուն մէջ, Հայ Դատի պահանջատիրական հատու հարուածներով, Արցախեան ազատամարտի ճակատներուն վրայ։

Այսօր, սակայն, հազուադէպ ներկայութիւն կ՚արձանագրեն հայրենասէր յատկութիւնը բանաձեւող այդ երեք բառերը՝ պարտականութիւն, պատիւ, հայրենիք։ Այս մռայլ կացութեան հասնելու համար, երեք տարիներու խաթարման ու խորթացման ճանապարհէն անցաւ հայրենի հայը։

Երեք տարիներ հայրենի հայուն վարժեցուցին արդարութեան բացակայութեան, պաշտպանութեան բացակայութեան, եւ հայրենասիրութեան բացակայութեան։

Հիմա ժամանակն է անդրադառնալու, թէ. արդարութեան բացակայութեան պետութիւնը վերածեցին կազմակերպուած գողութեան, պաշտպանութեան բացակայութեան երկիրը հասցուցին սարքուած դասալքութեան, հայրենասիրութեան բացակայութեան զարկ տուին ծրագրուած դաւաճանութեան։

Սիւնիքի մէջ վերջին օրերուն ազերի բանակայիններու անկաշկանդ յառաջխաղացքը մէկ նոր օղակն է հայրենի հայուն յաւելեալ խաթարման ու խորթացման։ Հարցը երեքուկէս քիլոմեթր յառաջացումը չէ։ Հարցը հայրենի հողին, նոյնիսկ մէկ թիզ, սրբապղծումն է։ Պարտականութեան, պատիւի եւ հայրենիքի խորհրդանիշն է նոյնիսկ փոքրագոյն հողատարածքը, որ պէտք է պաշտպանել ի գին ամէն բանի։ Հայրենիքի գիտակցութիւնը կը սկսի հայրենական հողի իւրաքանչիւր թիզի պաշտպանութեամբ։

Հայրենի ղեկը ստախօսութեամբ զաւթած Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խրտուիլակները – իրենց անկարողութեամբ եւ ապաշնորհութեամբ երկիրը քանդումի հասցուցած օտարի այս դրածոները – այսօր կը պատգամեն, թէ հայրենիքի ուժը իր տկարութեան մէջ է, թէ վտանգի պահերուն պէտք է ապաւինիլ «բարեկամ» երկիրներու միջամտական ուժին։

Մինչ այդ, ժողովուրդը կը շարունակէ թմբիրի մէջ պահուիլ։ Տակաւին ան չէ կարողացած խորաթափանցել մեր հաւաքական գոյատեւելիութեան եւ հայրենիքի գոյութեան սպառնացող այն վտանգին, որ սկսաւ Արցախեան ի յառաջագունէ սարքուած պատերազմով, աւարտեցաւ պարտութեամբ ու Նոյեմբեր 9-ի անձնատուութեամբ, յանգելու համար Սիւնիքի սահմաններու բռնաբարման։

Հայրենի ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ այս տարածաշրջանի մէջ Հայաստանի դէմ վտանգը միայն դարաւոր թշնամութեան հետեւանք չէ։ Ուժերու նոր դասաւորման համար աշխարհաքաղաքական տեղաշարժ մը տեղի կունենայ, ուր հայրենի ներկայ ապիկար ղեկավարները մոռցնել տուած, թէ հայութիւնը եւս պէտք է իր խօսքը ունենայ այս տեղաշարժին մէջ։ Եւ տկարութեան մէջ ուժ փնտռողները դատապարտութեան մատնած են հայութեան ձայնը։

Արցախը շարունակութիւնն ու անբաժանելի մասն է Հայաստանի հողատարածքին։ Արցախը Հայաստանի աշխարհագրական պարիսպն է, որ կը պաշտպանէ Հայաստանի թիկունքը եւ կ’երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը։ Բայց ծրագրուած կերպով նիկոլականները յանձնեցին մեր անվտանգութեան այդ պարիսպը։

Իսկ Հայաստանի հարաւային մասը՝ Սիւնիքը շնչերակն է մեր հայրենիքին։ Սիւնիքը վահանն է Հայաստանի անվտանգութեան։ Հիմա հերթը հասած է վար դնելու այդ վահանը եւ զայն հեշտութեամբ յանձնելու նոյն թշնամիներուն։

Այնքան ատեն, որ ներկայ իշխանաւորները կը շարունակեն ղեկավարել, մեր հայրենիքի պաշտպանական մնացեալ դարպասներուն ու վահանները մէկ առ մէկ պիտի վար դրուին, նոյն յանկերգով՝ թէ մեր ուժը մեր տկարութեան մէջ է։

Այդ ուժի տկարութեան վախճանական հանգրուանը անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ հայրենիքի կորուստը։ Ոչ մէկ «բարեկամ» ուժ պիտի աջակցի մեզի մեր տկարութեան համար։ Երկիրները կը յարգուին շնորհիւ իրենց ներկայացուցած ուժին։ Աւելին, երկիրները կը վախցուին շնորհիւ իրենց տիրացած ուժին։ Ինչպէս հողը տկարութեամբ չի պաշտպանուիր, նոյնպէս խաղաղութիւնը տկարութեամբ չի պահուիր։ Հողին պաշտպանութեան համար երկիր մը պէտք է ամբարէ ուժ, անսահմա՛ն ուժ։ Խաղաղութիւն պարտադրելու համար երկիր մը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատերազմի։ Պատերազմը կանխելու համար պէտք է նախ տիրանալ այդ անսահման ուժին։

Նիկոլականները երեք տարի շարունակ քանդեցին մեր ուժը։ Իրենց որոշումներով եւ տնօրինումներով անոնք կը շարունակեն քայլ առ քայլ զրկել մեր ուժային կարողականութիւնը յանուն կեղծ խաղաղութեան մը լոզունգին, որուն միակ իրագործումը հայրենիքի ուժային աստիճանական մաշումն է։

Հայրենասէրին պարտականութիւնն է վերատիրանալ իր ուժային կարողութեան՝ պաշտպանելու համար անհետացման ենթարկուող հայրենիքի։ Պէտք է տիրապետել պատերազմելու ուժին, որովհետեւ պատերազմելու ուժի ներկայութիւնն է որ կը կանխէ պատերազմը։ Իսկ եթէ կանխելի չէ, միայն այդ ուժն է որ կրնայ ապահովել յաղթանակը։

Այդ ուժին վերատիրացման համար այսօր հայրենասէրը եռապատկօրէն դէմ յանդիման կը գտնուի պարտաւորութեան, պատիւի եւ հայրենիքի։

Այդ մէկը կարելի դարձնելու համար առաջին ոստումը պէտք է ուղղուած ըլլայ այսօրուան իշխանաւորներուն դէմ։ Հայրենասէրը իր հայրենիքը արտաքին թշնամիէն պաշտպանելու զուգահեռ ունի նաեւ պարտաւորութիւն՝ հայրենիքը պաշտպանելու ներքին թշնամիներէն։

Ներկայ իշխանաւորները ներքին թշնամիներ են։ Ինչպէս արտաքին թշնամիին դէմ, հայրենասէրը պէտք է պատրաստ ըլլայ պաշտպանել հայրենիքը ներքին թշնամիներուն դէմ՝ հետեւելով պարտաւորութիւն, պատիւ, հայրենիք հաւատամքին։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս

Մայիս 14, 2021