Փոխարժեքներ
30 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.05 |
EUR | ⚊ | € 419.37 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 502.08 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.68 |
Ընդունուած փաստ է որ քսաներորդ դարու ամէնէն ահաւոր ոճիրը մարդկութեան դէմ՝ նացիական Գերմանիոյ կողմէ հրէաներու հոլոքոսթը կամ ողջակիզումը եղած է, երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքհն:
Այս ոճիրէն առաջ, պատահած էր՝ Մեծ Եղեռնը: Քաղաքական սին հաշիւներով, Թուրքիան սիրաշահելու և իրենց կողմը անցնելու միշտ ալ ձախողութեան դատապարտուած այդ պետութիւններու քաղաքական հաշուարկներուն պատճառով, թէ՛ Արևմուտքի երկիրները և թէ՛ Խորհրդային Միութիւնը, 1915-էն մինչև երկրորդ համաշխարհային պատերազմը՝ մոռցած էին Մեծ Եղեռնը՝ քսաներորդ դարու ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ: Մոռցուած էր այնքա՜ն որ Եւրոպայի մէջ հրեաներու բնաջնջումը նացիներուն կողմէ Չըրչիլը «անանուն ոճիր» մը կոչած էր. այսինքն ոճիր մը որու տեսակը ատկէ առաջ գոյութիւն չէր ունեցած: Չըրչիլ անշուշտ չարաչար սխալ էր, Անգլիան «մոռցած» էր այդօրինակ ոճիրի ԱՌԱՋԻՆ գործադրութիւնը:
Մեծ Եղեռնը չէր մոռցած անշուշտ մի ոմն՝ Հիթլէրը: Հիթլէրի և իր գործակիցներուն համար Հայութեան Ջարդը եղած էր ամէնաուսանելի օրինակ՝ մասսայական բնաջնջման: Հիթլէր նոյնիսկ Հայութեան Ջարդը նշած էր իբրեւ օրինակ իր չարածանօթ ճառերէն մէկուն մէջ ուղղակի իր ջարդարար յատուկ ջոկատայիններուն:
Իրօք՝ Մեծ Եղեռնը պատմութեան մէջ ցարդ կատարելապէս աննախադէպ դէպք մը եղած էր: Արդարեւ, քսաներորդ դարու նորերեւցող մասնագիտական գիտութիւնները առաջին անգամ ի գործ դրուած էին աներեւակայելի մասշտաբով կոտորած կազմակերպելու համար: Հաշուագրութեան, հաղորդակցութեան գիտութիւններու, քսաներորդ դարու կառավարման արդիական տեսչական միջոցառումներու կանխամտածուած ու կազմակերպուած լայնածաւալ եւ ամբողջական գործադրութիւնը, առաւել ատենի գերարդիական ռազմամթերքի ու զինուորական միջոցները գործ դրուած էին՝ կատարելու սպանդ արհեստագիտական մակարդակով եւ սահմռկեցուցիչ արդիւնքով:
Հոլոքոսթը պէտք էր որ սահմանուէր իբրև նոր ոճիր մը՝ մանաւանդ որովհետեւ Մեծ Եղեռնը մոռցուած ոճիր մըն էր: Ահաւասիկ ինչու այսօր (ինչպէս երէկ) երբէ՛ք պէտք չէ դադրի եղեռնի ոճիրին յիշեցումը եւ այս ոճիրին դէմ անդադրում դաստիարակութիւնը:
Ուրիշ խօսքով, եթէ Արեւմուտքը եւ Խորհրդային Միութիւնը ատենին թաղած չըլլային Մեծ Եղեռնի ոճիրը, շատ հաւանաբար հոլոքոսթը տեղի չէր ունենար:
Ճի՛շդ ինչպէս քիմիական ռումբերու գործածութիւնը տեղի չունեցաւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, յետ նման զինամիջոցներու օգտագործման դէմ համաշխարհային պայմանադրութեանց տեղադրման՝ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ի հակազդեցութիւն այդ զէնքերու կիրարման գործած անմարդկային աւերին:
Քանզի հրեական ողջակիզումը «անանուն ոճիր» մըն էր, «աննախադէպ» ոճիր մը, ուստի՝ այս ոճիրը սահմանելու համար միջազգային դատարանները Նիւրէմպերկեան և յետ-Նիւրէմպէրկեան մասսայական բնաջնջման դատերուն ընթացքին գործածեցին Ռաֆաէլ Լեմքինի բառը՝ ցեղասպանութիւն կամ ժէնօսիտ: Բառ մը՝ մանաւա՛նդ իբրև ՈՃՐԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐէՆՍԳԻՐՔԻ ԹԵՐՄԻՆ, որ կարևոր է յատկապէս նկարագրելու համար նաեւ Հայութեան բնաջնջումը:
Ցեղասպանութիւնը իբրև ոճիր ցեղի մը կամ կրօնքի մը պատկանողներու պետական կանխամտածուած եւ կազմակերպուած բնաջնջումն էր, ժէնօսիտ միջազգային օրէնքի բառին բնորոշումով:
Հարցը ա՛յն է որ Մեծ Եղեռնը գործադրուած էր ոճրային մակարդակով մը որ լման հարթութիւն մը աւե՛լի ոճրային էր՝ քան հրեական ողջակիզումը, և որու յաւելեալ սահմանումը տակաւի՛ն այսօ՛ր իսկ կը կարօտի յաւելեալ միջազգային օրէնսդրական աշխատանքի:
Որքան ալ ահաւոր էր հրեական ողջակիզումի ոճիրը, դժբախտաբար Հայութիւնը ենթակայ եղած էր ժէնօսիտէն աներեւակալիօրէն աւելի ծանրակշիռ, յաւելեալ ոճիրի:
Ոճիրը ոճիր է, բայց օրէնքները կը սահմանեն ամէնայն օրէնքային մանրամասնութիւններով տարբեր ոճիրները, իրենց ծանրութեան տարբեր մակարդակներով:
Հրազդան ԶԷյթլեան
Ցեղասպանութիւն բառը բաւարար չէ ընդգրկելու եւ օրէնքով սահմանելու համար լման ծանրութիւնը թրքական պետական ոճրին ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան. Մեծ Եղեռնի ոճիրը սահմանելու համար պէտք է ստեղծել եւ կիրարել նոր բառ մը՝ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄ կամ nationcide:
Հայկական Ցեղասպանութիւնը աւելի ոճրային է քան ցեղի մը կամ կրօնական խումբի մը բնաջնջումը իր պատմական բնօրրանէն դուրս: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛՝ առաւե՛լ՝ հայազգի բնօրրանի անդառնալի գողութիւնը թշնամի ազգի մը կողմէ:
Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ հողատարածքի ազգային իրաւունքի ջնջում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ կոտրումը Ազգին, «ազգ» հասկնալով իբրև հողատարածքի մը վրայ պատմութեան մէջ պետութիւն կերտած ժողովուրդ: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ Ազգակոտրում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ ազգային կայքի սեփականազրկում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ պատմական հայրենիքի խլում, վերջնական հայրենազրկում:
Առ այդ՝ Հայկական ցեղասպսնութիւնը, հայութեան ազգաջնջումը արդի դարաշրջանի ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՈՃԻ՛ՐՆ Է ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ, ԱՆԵՐԿԲԱՅՕՐԷ՛Ն:
ԱԶԳԱՋՆՋՄԱՆ ԱՄԵՆԱԾԱՆՐ այս ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ոճիրը այսօ՛ր, ամէն օրէ աւելի, կը սպասէ միջազգային համայնքի միահամուր ճանաչման, յատուկ, հատու դատապարտութեան, ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու հատուցման գործադրութեան և ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄՈՎ բռնագրաւուած հողերու վերադարձին Հայաստանի մնացորդացին՝ իբրև միակ ընդունելի և արդա՛ր լուծումը ցեղասպանութեան և հայրենագողութեան ԿՐԿՆԱԿԻ հակամարդկային ոճիրներուն:
Ահաւասիկ ինչու կը պայքարինք արդարօրէն:
Որովհետեւ այսօր, ի տարբերութիւն հոլոքոսթին, Հայութեան ազգաջնջումը կը շարունակուի անդադար:
Հայութեան ազգաջնջումը կը շարունակուի այսօր ցեղասպան ՆՈ՛ՅՆ թրքական պետութեան օրինական ժառանգորդ այսօրուան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, տարբեր ուղղակի և անուղղակի միջոցներով, և Թուրքիոյ պետական քաջալերութեամբ՝ Թուրքիոյ դաշնակից Ատըրպէյճան թրքական նորելուկ պետութեան և թրքական հակակշռի տակ այլ ահաբեկչական ուժերու կողմէ:
Կը պայքարինք որովհետեւ ի բացակայութիւն Մեծ Եղեռնի ոճիրին միջազգային ամբողջական ճանաչումին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի անդադրում զանազան անգութագոյն միջոցներով: ներառեալ՝ Հայութիւնը կը շարունակուի խողխողուիլ իր Արցախեան բնօրրանին մէջ, և Հայկական մշակութային ժառանգութեան ջնջումը կը շարունակուի գրաւեալ Նախիջևանէն մինչև գրաւեալ ԱրևմտաՀայաստան:
Հայութեան եղեռնը պատմական անցած հանգրուան չէ, ա՛յլ թրքական պետութեան շարունակական քաղաքականութիւնը մինչեւ մեր վերջը իբրեւ պետական ազգ:
Արցախի վերջին մարտերու միանշանա՛կ ուսանելի դասը այն է որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրելէ՝ եղեռնի շարունակութիւնը:
Ահա ինչու՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը և Արցախը թրքական Ատըրպէյճանէն ազատագրելու դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն... ՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնելու, այսօ՛ր՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ:
Հայութեան այս պայքարը ամբողջ մարդկութեան անշեղ պայքարն է՝ մինչեւ ցեղասպանութեան ոճիրի և այդ ոճիրի անդրադարձներու վերացումը, մինչև ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑԸ, և ա՛յս ոճիրի արդարահատոյցին ընդմէջէն՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄԻ ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՃԻՐԷՆ:
Հրազդան ԶԷյթլեան
04.22.2021 թ.