կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-26 14:09
Տարածաշրջան

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջատագով Օզտեմիր «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» Հիմնարկի Շքանշանը Ստացաւ

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջատագով Օզտեմիր «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» Հիմնարկի Շքանշանը Ստացաւ

«Ռաուլ Ուոլընպըրկ» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ 19 Յունիսին տեղի ունեցած հիմնարկի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» շքանշանը յանձնուեցաւ թրքական արմատներ ունեցող Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճեմ Օզտեմիրին՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ կամուրջներ հաստատելու ջանքերուն նպաստելուն համար։ Այդ ջանքերուն մէջ նշուած է յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը ապահովելը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ, որ տեղի ունեցած էր 2016ին։

Հիմնարկը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Օզտեմիր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, 12 Մարտ 2015ին Հայաստան այցելած էր՝ շեշտելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, նաեւ Ցեղասպանութեան զօհերուն յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին մէջ: Ան յուշակոթող այցելութեան ընթացքին նաեւ կոչ ըրած էր Թուրքիոյ, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Օզտեմիր տարբեր առիթներով նաեւ լուսարձակի տակ առած է Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը, որուն մասին ակնարկութիւն կայ նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին մէջ:

Յիշեցնեք, որ «1915ին հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու Ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» խորագրուած նշեալ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին ազգութեամբ թուրք 11 գերմանացի երեսփոխաններ:

Ճեմ Օզտեմիր, որ 1994ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, 2004էն 2009ի միջեւ նաեւ եղած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ։

«Ասպարեզ»