կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-18 19:00
Սփյուռք

Սպիտակ տունը Հայոց ցեղասպանութեան օրէնսդրական ճանաչման հակադրելու փորձը

Սպիտակ տունը Հայոց ցեղասպանութեան օրէնսդրական ճանաչման հակադրելու փորձը

Հայ Դատի ճակատի վրայ մեր արձանագրած նուաճումները ճիշդ արժեւորելու գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է մեր քաղաքական հասունութեան։ Որոշ շրջանակներու մօտ, միամտաբար թէ չարամտութեամբ, կը բացակայի այդպիսի գիտակցութիւն՝ ի դէմ ԱՄՆ-ի Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու Տան միաձայնութեամբ որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական զոյգ աքթերուն։

Ոմանք կը փորձեն այս քաղաքական կրկնակ նուաճումները վերագրել վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յամեցող անհամաձայնութիւններուն։ Ուրիշներ այս նուաճումները կը նկատեն արգասիքը Քիմի նման հասարակական ժողովրդականութիւն վայելող անհատներու։ Եւ տակաւին կը գտնուին անոնք, որոնք կը փորձեն նսեմացնել այս նուաճումները՝ զանոնք նկատելով անհետեւանք, ապարդիւն, մինչեւ իսկ ձեւական։

Թերեւս պէտք է հաշտուիլ մեր ազգային կեանքի մէջ յաճախակիօրէն բուսնող այսպիսի շրջանակներու գոյութեան հետ։ Անոնք պիտի գան, երգեն իրենց երգը, եւ անցնին։ Բայց Հայ Դատի աշխատանքը պիտի ընթանայ յամառօրէն, հետեւողականութեամբ եւ վճռակամութեամբ, որպէսզի վերանան մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի իրաւազրկումի շարունակուող կապանքները։

Պէտք է գիտակցինք եւ ընդունինք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող Ամերիկեան օրէնսդիր իշխանութեան որոշումները մեր քաղաքական նուաճումներ են, որոնց իրագործումը կը պարտինք տասնամեակներէ ի վեր Հայ Դատի Յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքներուն։ Աշխարհաքաղաքական պայմանները կամ որոշ անհատներու ներդրումը կրնան միայն պատահական ազդակներ հանդիսանալ այն մեծ աշխատանքին, որ պատրաստեց եւ իր աւարտին հասցուց ճշդուած ու հետապնդուած նպատակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆ-ի օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ։

Ներկայացուցիչներու Տան 435 անդամներու եւ Սենատի 100 ծերակուտականներու հայանպաստ դիրքորոշումը արդիւնք է տասնամեակներու «դաստիարակչական» այն աշխատանքի, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը կատարեց ամէնօրեայ դրութեամբ։

Անոնց որդեգրած յաջորդաբար թիւ 296 եւ թիւ 150 բանաձեւերը ինքնաբուխ կերպով պատրաստուած արձանագրութիւններ չէին։ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին ներկայացուցած իւրաքանչիւր հայանպաստ բանաձեւի պատրաստութիւնն ու հեղինակութիւնը կը պատկանի Հայ Դատի Յանձնախումբին։

Այս երկու բանաձեւերը մարտավարական հասկացողութեամբ ԱՄՆ-ի օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուեցան իբրեւ իրարմէ անկախ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ։ Նպատակը, հանգրուանային առումով, օրէնսդրական դիրքորոշում ապահովել էր։ Նպատակը յաջողեցաւ։ Այսօր, ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Սենատը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական յստակ դիրքորոշում ունին։

Կարելի չէ նսեմացնել օրէնսդրական այս դիրքորոշումը։ Տարիներ առաջ, 1991-ին, երբ Ատրպէյճանի նախայարձակման մագլցումներուն կ՚ենթարկուէր Լեռնային Ղարաբաղը եւ կը բռնաբարուէր Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, Հայ Դատի Յանձնախումբը պատրաստեց եւ Ծերակոյտի մէջ նախաձեռնեց բանաձեւի մը որդեգրումը։։ Իբրեւ Ծերակոյտի թիւ 128 բանաձեւը, Ծերակոյտը կը դատապարտէր Ատրպէյճանական նախայարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ եւ զօրավիգ կը կանգնէր Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին։ Ծերակոյտը թիւ 128 բանաձեւը որդեգրեց միաձայնութեամբ՝ 1991-ի Մայիսի 17-ին։

Այս բանաձեւը Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը ապահովող Ծերակոյտի օրէնսդրական դիրքորոշումն էր։ Ան ունէր օրէնսդրական հեղինակութիւն, որ աննկատ չանցաւ Պետական Քարտուղարութեան կողմէ, եւ որ իր կարգին, հետեւելով Ծերակոյտի դիրքորոշումին, վարքագծային փոփոխութիւն առաջացուց ի նպաստ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին։

Ուստի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող Քոնկրէսի օրէնսդրական կրկնակ դիրքորոշումները ունին քաղաքական եւ իրաւական հեղինակութիւն, որ կարելի չէ մտահան ընել Սպիտակ Տունը եւ Պետական քարտուղարութիւնը։

Այս հանգամանքը այսօր չի վրիպիր Թուրքիան դարպասող եւ թրքական շահերը պաշտպանող շրջանակներէն։ Իբրեւ հակադարձութիւն, այս շրջանակները փորձ կը կատարեն հակադրելու Սպիտակ Տունը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնսդրական դիրքորոշումին։

Այսպէս, կարգ մը թրքամէտ լրատուամիջոցներ արդէն իսկ սկսած են սխալ մեկնաբանութեամբ լրատուութիւն կատարել ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի երկու պալատներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող օրէնսդրական դիրքորոշման մասին։ Այս աղբիւրներու շարքին կը պատկանին ՊիՊիՍի-ի (BBC) եւ Տի Ինտիփէնտընդ (The Independent) թերթի  նման աղբիւրներ։ Այսպիսի լրատուամիջոցներ, հակադրելով Ամերիկեան Գործադիր իշխանութիւնը Օրէնսդիր իշխանութեան որդեգրած բանաձեւերուն դէմ, կը ծանուցեն թէ Նախագահ Թրամփ «կը մերժէ Ցեղասպանութիւն որակումը» հայկական ջարդերու պարագային։

Այս լրատուութիւնը սխալ մեկնաբանութեամբ ապատեղեկութեան տիպար նմոյշն է։ Նախագահ Թրամփ նման բովանդակութեամբ ելոյթ չէ ունեցած։ Մինչեւ իսկ ցարդ իր տեսակէտը չէ յայտնած Քոնկրէսի օրէնսդրական դիրքորոշման մասին։ Իրականութեան մէջ, ԱՄՆ-ի նախագահը սահմանադրական ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի Օրէնսդիր իշխանութեան նման դիրքորոշումներուն գծով։

Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու Տան բանաձեւերը, որոնք միաձայնութեամբ եւ միահամուռ կերպով որդեգրուեցան, երկու անկախ օրէնսդրական աքթեր են։ Անոնք կը հաստատեն Սենատի եւ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող սեփական դիրքորոշումներ։

Հետեւաբար, Նախագահ Թրամփին կը մնայ հետեւիլ այն բարոյական հեղինակութեան, որ այս զոյգ բանաձեւերը կը ներկայացնեն իբրեւ ԱՄՆ-ի Օրէնսդիր իշխանութեան դիրքորոշումն ու կամքը։

Սեդօ Պոյաճեան

(*Սեդօ Պոյաճեան իրաւաբան է եւ վարած է Ուաշինկթընի Հայ Դատի վարիչի պաշտօնը)