կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-15 16:42
Սփյուռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 55-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Լուիս Ֆակունտեզին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Ուրուկուէյը 1965-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու քաջարի քայլին դիմելով` դարձաւ աշխարհի վրայ առաջին երկիրը, որ կանգնեցաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին եւ իր օրինակով քաջութիւն ներշնչեց ու ճամբան հարթեց այլ երկիրներու կողմէ պատմական այդ անհերքելի իրողութեան ճանաչման:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այդ պատմական քայլին 55-ամեակին առիթով իր շնորհաւորանքը ու խոր գնահատանքը արտայայտեց Ուրուկուէյի ժողովուրդին ու կառավարութեան` յիշեցնելով, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանը 26 մարտ 2004-ին այլ որոշում մը որդեգրելով ապրիլ 24-ը յայտարարած էր «Հայ նահատակներու յիշատակման օր»` ի պատիւ Ցեղասպանութեան զոհերուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթը օգտագործելով յոյս յայտնեց, որ Ուրուկուէյ նաեւ դառնայ պատմական իրողութեան, միջազգային օրէնքի եւ Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն հիմամբ իր անկախութիւնը հռչակած Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը:

Հայ դատի մարմինը յիշեցուց նոյեմբեր 2012-ին Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրրիքոյի Արցախի Հանրապետութիւն այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի` սեպտեմբեր 2011-ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը կը սերտէ ղարաբաղեան հարցը` այդ առնչութեամբ կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը արտայայտելու համար: «Ես անձնապէս համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական Հայաստանի մէկ մասն է եւ անիկա պէտք է ըլլայ անկախ ու կարճ ժամանակ ետք միանայ Հայաստանին: Այս է Արցախի հարցին միակ լուծումը», ըսած էր ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ կը հաւատայ, թէ Ուրուկուէյ ունի այդպիսի սկզբունքային քայլ մը առնելու քաջութիւնն ու բարոյական ուժը, իրողութիւն մը, որ շատ յստակ կերպով ցուցադրած էր 1965 թուականին, եւ այդպիսով անգամ մը եւս կը գտնուի մարդկային իրաւանց ու արդարութեան համար մղուող պայքարի առաջնագիծին վրայ:

aztagdaily.com