Փոխարժեքներ
30 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.06 |
EUR | ⚊ | € 418.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 502.52 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.18 |
Նոյեմբեր 9, 2020–էն առա՞ջ, թէ՞ վերջ, Հայաստանի ղեկին կառչածներ ռէալ փոլիթիքի գիւտը ըրած են: Ի՞նչ գտած են այդ սակառին մէջ, որ իրենցմէ առաջ եկած-գացածներ չէին գտած, չէին գիտեր:
Դեղնակտուց քաղաքական տեսաբան պէտք է ըլլալ յայտարարելու համար, որ դրացիներուն հետ լաւ պէտք է ապրիլ, խաղաղութիւն ջատագովել: Ո՞վ չի գիտեր, որ դրացիներուն հետ հաշտ պէտք է ապրիլ, համագործակցիլ:
Պզտիկցած մոլորակին վրայ հեռու երկիրներն ալ այլեւս դրացի են: Անոնց հետ ալ լաւ պէտք է ապրիլ, համագործակցիլ, ըլլան հեռաւոր Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ, Արժանթին, թէ Նոր Զելանտա:
Բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ պայմաններով, ինչո՞ւ, ի՞նչ ընելու համար լաւ ապրիլ դրացիներուն հետ:
Գի՞ւտ է դրացիներու հետ լաւ ապրելու կարգախօսը:
Այս հայ քաղաքական նոր գործնապաշտական տեսութիւն է՝ հասցէագրուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի: Տեսաբանները պէտք է ըսեն, թէ կա՞ն արգելքներ անոնց հետ լաւ ապրելու: Եթէ կան, ուրկէ՞ կը բխին անոնք, կարելի՞ է վերացնել զանոնք: Ո՞վ ի՞նչ կ’ակնկալէ անոնց վերացման փոխարէն:
Նոր Զելանտայի կամ Արժանթինի հետ լաւ ապրելու համար Հայաստան արգելքներ չունի:
Տեսութիւնը կը վերաբերի երկու մասնայատուկ դրացիներու, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, որոնք մէկ են, իրենք յայտարարած են, թէ մէկ են երկու պետութիւնով: Եթէ հայ քաղաքական միտքը եզրակացուցած է, որ պատմութիւնը կը սկսի այսօր, չկան անցեալ եւ բռնաբարուած իրաւունքներ, յիշուած դրացիներու հետ լաւ ապրելու խոչնդոտ չ’ըլլար:
Եթէ նոյնիսկ ըսենք, որ պատմութիւնը այսօր կը սկսի, կրկին կարելի չէ լաւ ապրիլ այդ դրացիներուն հետ, քանի որ անոնք ունին նախապայմաններ միասին լաւ ապրելու օրակարգին համար: Հայ գիւտարար քաղաքական գործիչները առանձնացուցա՞ծ են այդ նախպայմանները, գիտե՞ն թէ ինչպիսի լուծում պէտք է տալ անոնց: Առանց այս յստակացման, լաւ ապրելու տեսութիւնը քաղաքական քմայք է, ուղեղ քերելով ինքնատիպ ըլլալու փորձ:
Եթէ յիշեալ դրացիներուն հետ լաւ ապրելու նախապայմաններու մասին չեն խօսիր հայկական պետութեան յառաջադէմ եւ խաղաղասէր տեսաբանները, թոյլ թող տան, որ ես թուեմ զանոնք, թերեւս անկատար ձեւով:
Ո՞ւր կը գտնուին պատմական եւ դարերու ընթացքին հայերով բնակուած տարածքները, Անիէն Վան, Մուշ, Սասուն: Անոնք հայոց հայրենի՞ք են, թէ՞ ոչ: Զանոնք պիտի արձանագրե՞նք պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ:
Հայոց հայրենիքին տէր դառնալու համար զայն դատարկեցին իր բնիկ տարրէն, հուրով, սուրով, հայրենահանումով: Հզօրացման ազդակ համրանքը բնաջնջեցին, մէկուկէս միլիոն մարդոց սպանութեամբ, նպատակ ունենալով հայութիւնը անհետացնել, ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողին տիրանալու համար: Ճողոպրածները հայրենահանուեցան. ցեղասպանութեան շարունակութիւն: Դրացիին հետ լաւ ապրելու համար այս ոճի՞րն ալ պիտի արձանագրենք պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, քանի որ կ’ըսուի, թէ պէտք է էջը դարձնել:
Դրացիները ի՞նչ կը պահանջեն, որ լաւ ապրինք իրարու հետ: Ցանկութեան յայտարարութիւնը բովանդակութիւն պէտք է ունենայ: Այդ մասին չեն խօսիր լաւ ապրելու տեսաբանները:
Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները եւ յաջողութիւնները կ’անհանգստացնեն Թուրքիան: Հետեւաբար պէտք է վերջ տալ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին, քանի որ ան կը վնասէ Թուրքիոյ վարկին եւ միջազգային յարաբերութիւնններուն: Դրացիին հետ լաւ ապրելու համար ազգի մը եւ մարդկութեան յիշողութիւնը պէտք է ջնջել, ապրիլ որպէս անանցեալ ժողովուրդ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ’ենթադրէ անդրադառնալ պատճառներուն: Աշխարհի այդ շրջանին եկուոր-ներխուժող-օտար ժողովուրդ մը զէնքի ուժով տէր դարձած էր տարածքին, բայց հոն մնացած էր այդ հողերու տէր ժողովուրդը: Վերջնականապէս իւրացնելու համար բնիկին հողը, ջնջած էին բնիկ ժողովուրդը: Արարքը կը կոչուի ցեղասպանութիւն: Ժողովուրդ մը կրնա՞յ հրաժարիլ իր իրաւունքէն, հայրենիքէն եւ անցեալէն, դրացիին հետ լաւ ապրելու գինը վճարել ուրացումով:
Դրացիին հետ լաւ ապրելու հրեշտակային երազանքի իրականացման համար ի՞նչ ըրած է, ի՞նչ կը մտածէ եւ ի՞նչ կ’ընէ դրացին: Իր անշեղ քաղաքականութեան կը հետեւի. անդամահատել եւ ոչնչացնել ինչ որ մնացած է հայուն հայրենիքէն: Հայանուն եւ հայոց բազմադարեան պատմութեան օրրան աշխարհները կը համարէ իր հողը: Այս ալ կ’ընէ Ատրպէյճանը, որ որպէս երկիր եւ որպէս ժողովուրդ, աշխարհագրական այդ շրջանին մէջ հարիւր տարուան պատմութիւն ունի միայն:
Յիշեցման համար ըսենք, Ատրպէյճան կը պահանջէ Սիւնիքը, Զանգեզուրը, Սեւանը, մինչեւ իսկ մայրաքաղաք Երեւանը: Եթէ ուղիղ գիծով հետեւինք դրացիին հետ լաւ ապրելու քաղաքական փիլիսոփայութեան (աւելի ճիշդ՝ սոփեստութեան), պէտք է տալ նաեւ ինչ որ մնացած է: Իսկ ժողովո՞ւրդը. մնացողները կ’ըլլան հանդուրժուած հպատակներ, dhimmi, կամ կ’արտագաղթեն-կը հայրենահանուին, եւ հայ ազգն այլ կը դառնայ սփիւռքեան ազգ, եթէ այս բառակապակցութիւնը քաղաքական եւ ազգային ընդունուած իմաստ մը ունի:
Այս ռէալ փոլիթիքը ազգային ինքնութեան, անկախութեան եւ մարդկային պարզագոյն արժանապատուութեան յարաբերաբար կը գտնուի տրամագծօրէն հակառակ դիրքերու վրայ:
Ռէալ փոլիթիք՝ որ սոփեստութիւններով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի անհետացումը կը կնքէ:
Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ըսել եւ գործել այնպէս, որ դրացիին եւ հեռաւորին հետ լաւ ապրիլ կ’ենթադրէ ազատութիւն, հաւասարութիւն, իրաւունքի ճանաչում եւ հաստատում, հրաժարիլ նուաճելու իրաւազրկելու մոլուցքէ:
Պէտք է տեսաբանները բացայայտօրէն ըսեն, թուրքը եւ Ատրպէյճանցին ալ ըսեն, թէ ի՞նչ է գինը դրացիին հետ լաւ ապրելու:
Ինչո՞ւ ճշմարտութեան եւ իրաւունքի վերականգնումով, պայծառ ճակատով, առանց անտառի օրէնքին հպատակելու, դրացիները իրարու հետ լաւ պիտի չապրին:
Քաղաքականութեան խաղն ալ իր մարդկայնութիւնը եւ բարոյականը ունի:
Կ’ուզեմ աւարտել պատմելով հետեւեալը: Աւելի քան կէս դար առաջ, նախահայրերուս քաղաքը գացի, ուրկէ մեծ հայրերս, հայրս եւ անբարբառ մայրս տարագրուած էին, հայրենահանուած: Գտայ երկու մեծ-հայրերուս տուները:
Հոն բռնագրաւողներ կը բնակէին: Անոնք քար մը չէին դրած այդ պատերը շինելու համար:
Պիտի չմաղթէի որ ի գին ամէն բանի դրացիներու հետ լաւ ապրելու ջատագովները, յաջորդական զիջումներով գտնուէին իմ վիճակիս մէջ. օտար եւ օտարական՝ դռներուն առջեւ այն տուներուն՝ որոնց ժառանգորդն էի:
Կրկնել. քաղաքականութիւնը առանց բարոյականի, պատմութեան եւ իրաւունքի՝ անտառի օրէնք է, Հայաստան կը սիրեն ըսել՝ ջունգլի:
Յ. Պալեան
hairenikweekly.com
23 ապրիլ 2021թ․