կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-23 19:38
Սփյուռք

Քաղաքական Քայլ Եւ Ոչ Թէ Զիջում

Քաղաքական Քայլ Եւ Ոչ Թէ Զիջում

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները 11 նոյեմբեր 2020 թուականին ստորագրեցին Արցախի մէջ զինադադարի հսկողութեան ռուս¬թրքական միացեալ կեդրոնի հաստատման վերաբերեալ յուշագիր մը: Կեդրոնը սկսաւ գործել 30 յունուար 2021-ին: Կեդրոնի բացման մասնակցեցան` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Եունուս Էմրէ Քարաօսմանօղլուն:

Ուշագրաւ էր, որ Պաքուն իր հարցին վերաբերող եւ «իր հողին» վրայ տեղակայուելիք այդ կեդրոնի շուրջ բանակցութիւններուն ու համաձայնութեան մասնակից չեղաւ, այլ միայն` բացման արարողութեան: Ազրպէյճան ձեւականին ներկայ էր, սակայն ոչ` խորքայինին: Երեւոյթ մը, որ կու գայ վկայելու, թէ Արցախեան Բ. պատերազմը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է ազրպէյճանական գերիշխանութեան վրայ. եղափոխուած է «երկու պետութիւն` մէկ ազգ» հայեցակարգը եւ խիստ մօտեցած` «մէկ պետութիւն` մէկ ազգ»¬ին. այլ խօսքով, 44-օրեայ պատերազմը կարելի դարձուց փանթուրանական ծրագիրի իրագործման ուղղութեամբ այդ առաջին քայլը, որուն արժէքը, սակայն, մասամբ նուազեցաւ Արցախի մէջ ռուսական զինուորական միջամտութեան շնորհիւ:

Կեդրոնի հաստատումը շատերու կողմէ մեկնաբանուեցաւ` իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ զիջում: Ասիկա չափազանցութիւն է: Իրողութեան մէջ Ռուսիոյ կատարածը ընդամէնը քաղաքական քայլ էր, որովհետեւ Ռուսիան չէր կրնար հաշուի չառնել Թուրքիան` նկատի ունենալով սեպտեմբեր 27-ին շղթայազերծուած յարձակումին մէջ անոր առանցքային դերակատարութիւնը. ուստի կարելի չէր, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք անոր մասնակցութիւն չունեցած Մոսկուան վերցնէր աւարին առիւծի բաժինը, իսկ Թուրքիան ոչինչ ստանար: Քրեմլին Անգարային նետեց ոսկորի փոքր կտոր մը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հսկողութեան ռուս¬թրքական միացեալ կեդրոնը:

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ 1 փետրուարին մեկնաբանելով թրքական ներկայութիւնը` նշեց. «Թուրքիան մեր դրացին է եւ շատ կարեւոր գործընկեր է: Եւ շատ մտերիմ երկիր է Ազրպէյճանի համար: Այդ գործօնը կարելի չէ հաշուի չառնել»: Ան պատասխանելով ռուս լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերը չի՞ վախցներ Ռուսիան, ըսաւ. «Ասիկա նոյնպէս ընդհանուր կայունացման տարր է: Սակայն ես ասիկա չէի գնահատեր իբրեւ երկարաժամկէտ քաղաքականութեան տարր կամ դաւադրութեան տեսութիւն չէի կառուցեր»: Այլ խօսքով,թրքական ներկայութիւնը եւ ընդհանրապէս կեդրոնի գոյութիւնը նկատեց ժամանակաւոր երեւոյթ:

Արցախի մէջ «խաղաղապահ ուժեր» պիտակին տակ բազմափող հրթիռային համակարգեր, ելեկտրոնային պատերազմի սարքեր եւ մասնայատուկ ուժեր տեղակայած Մոսկուան առաջին օրէն կտրուկ կերպով մերժեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութիւնը, ուստի պահանջեց, որ հսկողութեան կեդրոնը հաստատուի Արցախէն դուրս` առաջարկելով զայն հաստատել Գանձակի կամ Պարտայի մէջ, սակայն թրքական եւ ազրպէյճանական կողմերը առարկեցին, որ այդ վայրերը շատ հեռու են, եւ պնդեցին, որ կեդրոնը տեղակայուի Արցախի մէջ:

Քրեմլին իր բանակը Արցախի ոչ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ արագօրէն տեղակայելով` կանխարգիլեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թրքական բանակի ներկայութիւնը: Անգարան շուտով հասկցաւ, որ այդ ընտրանքը բացառուեցաւ, որովհետեւ այդպիսի քայլ մը արկածախնդրութիւն մըն է, որ անխուսափելի կը դարձնէ զինուորական ուղղակի բախումը, որ կողմերէն ոչ մէկը կ՛ուզէ: Ռուսական փրիէմփթիւ սթրայքը` կանխարգելիչ հարուածը չէզոքացուց Հայաստանի համար իր արեւելեան եւ արեւմտեան սահմաններուն վրայ ՕԹԱՆ¬ի 2-րդ մեծագոյն բանակին ներկայութեան վտանգը:

Ի վերջոյ ռուս¬թրքական հսկողութեան միացեալ կեդրոնի վայրը դարձաւ Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղը, որ կը գտնուի Արցախ¬Ազրպէյճան շփման գիծէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ուղիղ գիծով շուրջ 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան, իսկ ինքնաշարժով 41 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ. այլ խօսքով` ռուսական կողմի կամքին համահունչ` Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս:

Անգարայի կողմէ ռուսական պայմանի ընդունումը ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիան շատ լաւ կը հասկնայ, որ Հարաւային Կովկասի եւ մասնաւորաբար Արցախի մէջ գլխաւոր դերակատարը կը շարունակէ մնալ Ռուսիան:

10 փետրուարին,Թուրքիան Սեւ ծովու մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ կատարեց միացեալ ռազմափորձեր, որոնց մէջ կարելի է տեսնել Արցախի հարցով ռուս-թրքական բանակցութիւններուն արդիւնքին հետ կապ մը: Ռազմափորձերը Ռուսիոյ դէմ ուղղած էին, իրողութիւն մը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 18 փետրուարին իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նկատեց. «Բոլորին համար` ակնյայտ»: Հակառակ Ուաշինկթընի հետ իր բազմաթիւ լուրջ խնդիրներուն` Թուրքիոյ հակառուսական այդ ռազմափորձին մասնակցութիւնը ընդամէնը զայրոյթի արտայայտութիւն մըն է, իր թափած մեծ ջանքէն ետք, մետասաներորդ պահուն իր որսացած «համեղ սաղմոն»-ը ռուսական արջին կողմէ խլուելուն պատճառով ակռայի կրճտում մը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com