կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-29 20:31
Սփյուռք

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Վարչապետի հրաժարականը պահանջող Վեհափառ Հայրապետներու կոչը անհրաժեշտ էր եւ տեղին էր. Բաբգէն Արք. Չարեան

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Վարչապետի հրաժարականը պահանջող Վեհափառ Հայրապետներու կոչը անհրաժեշտ էր եւ տեղին էր. Բաբգէն Արք. Չարեան
Ղեկավար մը իր ինքնիշխանութիւնը աւելի գերիվեր պէտք չէ նկատէ, քան՝ հայրենիքի ու ազգի արժանապատուութիւնը։
 
«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ յունուար 28-ին կայացած հարցազրրոյցի ընթացքին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան կ՚անդրադառնայ Արցախեան պատերազմի օրերուն եւ յաջորդող ժամանակահատուածին Գանատայի Հայոց թեմի Արցախի մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան գծով կորուստներու ծանր հարուածին։ Սրբազան հայրը նաեւ իր խորհրդածութիւնները կը բաժնէ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը յուզող ստագնապին մասին։
 
«Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ամէնէն ահաւոր կորուստը կրած է հայոց եկեղեցին։ Մեծ կորուստ է։ Ատրպէյճանը կ՚ուզէ հայութեան հոգեւոր հետքերը ջնջել։ Տեսանք ինչ պատահեցաւ Հին Ջուղայի խաչքարերուն, քանդեցին ու Արաքս գետ գլորեցին եւ ոչ ոք՝ նոյնիսկ ԵՈՒՆԵՍԿՈ-ն բան մը չկրցան կատարել։ Հետեւաբար, նոյն ճակատագրին եւ նոյն կացութեան մէջ են այդ եկեղեցիները։ Վտանգուած է մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը»։
 
«Վարչապետի հրաժարականի գծով երկու Վեհափառ Հայրապետներու կոչը պատմական քայլ էր։ Ղեկավար մը իր ինքնիշխանութիւնը աւելի գերիվեր պէտք չէ նկատէ, քան՝ հայրենիքի ու ազգի արժանապատուութիւնը»։
 
«Պատերազմի ընթացքին մեր թեմը իր մարդասիրական ծրագիրները մշակեց։ Թեմի դիւանապետը գործուղեց Հայաստան, որպէսզի ուղղակի կարիքաւոր ընտանիքներուն յանձնուին օժանդակութիւնները։ Երեք հանգրուաններով, Կոտայքի, Շիրակի եւ Գեղարգունիքի մարզերուն մէջ կատարուեցան օժանդակութիւնները, աւելի քան հարիւր ընտանիքներու։ միաժամանակ, 50 ընտանիքներու մէկ ամսուան տան վարձքը ապահովուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Նաեւ, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան հետ համագործակցաբար 1500 քիլոկրամ առողջապահական անհրաժեշտ օգնութեան իրեր ուղարկած ենք կարիքաւոր տեղահանուած ընտանիքներու։ Հայաստանի «Նարկացի Արուսետի Հիմնարկ»ին հետ օժանդակած ենք շուշեցի 30 ընտանիքներու»։
 
«Մենք երբեք չենք յուսաբեկուած։ Իրաւունք չունինք պարտուողական հոգեբանութեան մէջ մնալու.... Այսօրուան իշխանութիւնը իրաւունք չունի անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը ստեղծելու։ Միակամ ըլլանք վերականգնելու կամքով, յոյսով եւ հաւատքով»։