կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-17 22:52
Սփյուռք

Փրփուրին Կառչելու Փորձ Մը

Փրփուրին Կառչելու Փորձ Մը

11 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշիեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը: Ստորագրուեցաւ եռակողմ նոր յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերէր տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման հետագայ աշխատանքներուն:

Փութին Թուրքիա-Վրաստան-Ազրպէյճան ճամբուն կարեւորութիւնը արժեզրկող, ուստի եւ Վրաստանը մեկուսացնող ու իբրեւ տարանցիկ երկրի` անոր դիրքը ականահարող, Թուրքիա-Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճամբու ստեղծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը ապահովեց, իսկ Ալիեւ` իր երկրին Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ ուղղակի կապ ապահովող միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը: Ի՞նչ ապահովեց Փաշիեանը, ոչի՛նչ: Ան չկարողացաւ դուրս գալ «ամէն» ըսողի ոչ նախանձելի կացութենէն, որուն ինքզինք մատնած է իր 2,5 տարի կիրարկած սխալ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք. կացութիւն մը, որուն թիւ մէկ պատասխանատուն, ինչպէս կը խոստովանի, ինք է: Կացութիւն մը, որ վատառողջ է, սակայն` ոչ զարմանալի, այլ` քաղաքականութեան այբուբենին թելադրած անմիջական ու տրամաբանական լուծումը` պաշտօնէն հրաժարիլը մերժելուն հետեւանքը: Բնականաբար այս իրողութենէն կը յառաջանայ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ հրաժարելով ինքզինք, հարենիքն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը չի փրկեր այս աղէտաբեր կացութենէն, սատիստականութեա՞ն, թէ՞ այլ պատճառ(ներ)ով:

Փաշինեան մոսկովեան հանդիպումէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ իր «հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնը» գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ դիակներու լիարժէք փոխանակումն է, սակայն եռակողմ յայտարարութիւն այդ վերաբերեալ ոչ մէկ նշում կը պարունակէ: Ան կը յուսար Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող այդ հարցին շուրջ նշանակալից ձեռքբերում մը արձանագրել, որպէսզի իր քաղաքական դիակին քիչ մը թթուածին ապահովէ:

Ան կը յուսար Մոսկուայէն վերադառնալ կեղծ դափնեպսակով եւ զայն օգտագործել ծածկելու համար իր ճակտին դրուած 9 նոյեմբերի ամօթի խարանը. ուզեց 2-րդ եռակողմ յայտարարութեամբ մոռցնել առաջինը կամ առնուազն իր հսկայական մեղքին մէկ բաժինին համար քաւութիւն ստանալ, սակայն` ի զուր: Անոր փորձը դատապարտուած էր ձախողութեան. ծովուն մէջ խեղդուողը օձին կը կառչի, իսկ Փաշինեանին կատարածը փրփուրին կառչելու փորձ էր:

Ձախողութենէ ձախողութիւն թռվռացող Փաշինեանը պէտք է ի վերջոյ համոզուի, որ հրաժարականի քայլէն բացի, որեւէ այլ քայլ անհեթեթ է եւ ապարդիւն:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com