կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-18 21:41
Քաղաքական

Իրավունք Չունինք Երկիրը Յուսախաբելու. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ

Իրավունք Չունինք Երկիրը Յուսախաբելու. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի  Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ

Նիկոլ Փաշինեանը իրեն շատ հարմար ժամանակ գտած է բոլորովին նոր սահմանադրութիւն պահանջելու համար: Ան իր այս ցանկութիւնը յայտարարած է Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Յանձնաժողովի նիստի մը ընթացքին` Յունիս 15-ին։

Հայաստանին բավական ծանր հարուած հասցուցած համաճարակի ընթացքին, քաղաքական ընդդիմութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի տունը խուզարկելէ մէկ օր ետք, ՀՅԴ-ին քաղաքական գերեզմանատունը յայտնուող բակտերիա կոչելէն շուրջ մէկ շաբաթ յետոյ եւ տնտեսական ճգնաժամի մէջտեղը Փաշինեանը այժմ կը կրկնապատկէ երկրի երեք ճիւղերը իր ազդեցութեան տակ կեդրոնացնելու իր վտանգաւոր ջանքերը:

Իր սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի միջոցով ան կը ցանկանար (հակաօրինական և հակասահմանադրական կերպով) փոխել երկրի սահմանադրութեան այն յօդուածը որ մինչեւ օրս կանխած է իր ամբողջական ուժն ու տիրութիւնը։ Իսկ Հիմա ան իր այս յայտարարութեամբ թիրախաւորած է ամբողջ սահմանադրութեան փոփոխումը։

Հաւանաբար, իր յոյսն է որ ժողովուրդի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կ'ըլլայ երկրի դիմագրաված ճգնաժամային բազմաթիւ հարցերուն վրայ եւ ուրեմն չեն ունենար առիթը մարսելու իր այս վտանգաւոր յայտարարութիւնը։

Անոնք, որոնք տակավին չեն տեսներ այս ղեկավարութեան մեղանչումը ժողովրդավարութեան և արդարութեան հանդէպ, պէտք է առնուազն կարենան լիարժեք մեկնաբանել ամբողջ սահմանադրութիւն մը փոխելու վարչապետի ցանկութիւնը` միեւնոյն սահմանադրութիւնը, որմով վարչապետութիւն ձեռք բերավ Փաշինեանը։

Այս բոլորին հանդերձ դեռ մարդիկ կան, որոնք կը կարծեն թէ այս «նոր» Հայաստանը օգտակար է մեր երկրին և ժողովուրդին համար:

Բայց անոր մոտ ալ չէ։ Հեռու է. նոյնքան հեռու, այնքան Փաշինեանին վստահութեան քուէ տուած ժողովուրդի մեծ մասին իրմէ ակնկալիքները իրականացուելու հնարաւորութիւնը։

Սփոփանք կը գտնեմ ապագայի յոյսով… ապագայ ուր մեր յաջորդ ընտրած առաջնորդը կը միավորէ չի բաժանէր, օրենք կը գործադրէ չի շահագործէր, կը կառուցէ չի քանդէր, կ'ըլլայ ազնիվ ոչ թէ շահարկող, կ'ըլլայ անձնազոհ ոչ թէ անձնասեր։

Մինչև այդ ժամանակ, մեր ազգի յիւրաքանչիւր զավակի պարտականութիւնն է պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը, պահանջել արդարութիւն և հավասարութիւն, հետապնդել մեր տարածքային իրավունքներու ամբողջական իրականացումը, խոսիլ ընդդեմ ոյժի եւ օրենքի չարաշահման, ու միշտ և ամենուր ղեկավարութեան պահել հաշուետու ժողովուրդին առջեւ։

2018ի ժողովրդային շարժման ընդմէջէն եկած իշխանութեան վրայ բոլորս ունէինք բարձրագոյն յոյսեր։

Այսօր դժբախտաբար իրավունք ունինք յուսախաբ ըլլալու, բայց իրավունք չունինք մեր երկիրը յուսախաբելու։

Վիգեն Սոսիկեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ