կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-11-03 16:51
Սփյուռք

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

Հոկտեմբերի 30-ին Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայընը յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՛առաջարկեն արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ սքանտինաւեան երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել: Մինչեւ այդ` նախագահ Թրամփը իր նախընտրական արշաւի ընթացքին բարձրաձայնած էր ծրագիրի մը մասին` արցախեան հակամարտութիւնը դիւրութեամբ լուծելու խոստումով: Թրամփի յայտարարութեան նախորդած էր արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի յորդորը հայերուն` պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր մղելու:

Ամերիկեան խառն ուղերձներ, որոնցմէ դժուար է ճշգրիտ հետեւութիւններ ընելը: Ոչ շատ հեռու պատմական տուեալները նկատի ունենալով` ամերիկեան երկու նախաձեռնութիւն-ծրագիր այս օրերուն յղումներ կը հրաւիրեն: Երկուքն ալ ընդհանուր գիծերու մէջ կը համընկնին: «Տարածքներու փոխանակման» տեսութեան մասին է խօսքը, որ թէ՛ Քի Ուեսթի մէջ եւ թէ՛ Կոպըլեան ծրագիրի շրջանակներուն մէջ հրապարակայնուեցաւ: Հիմա ակնարկուած ծրագիրը պարզ չէ, թէ ի՛նչ սկզբունքներու հիման վրայ կրնայ կառուցուած ըլլալ:

Ռազմական առումով գետնի վրայ հարուածային եւ առաջնային նշանակութիւն ունեցող տարածքը Արցախի հարաւն է: Անիկա մէկ կողմէ` կը համընկնի տարածքներու փոխանակման ծրագիրի փիլիսոփայութեան հետ, որ ի վերջոյ Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Մեղրիի վրայով կը կապէ Ազրպէյճանին. միւս կողմէ` արդիական հնչեղութեամբ կը փոխէ Իրանի հետ սահմանի ռազմական կարգավիճակը: Իսկ Իրանի սահմանային իրավիճակի փոփոխութեամբ նախ եւ առաջ շահագրգիռ են Միացեալ Նահանգները: Այստեղ ակներեւ է թրքական եւ ամերիկեան շահագրգռութիւններու համատեղումը:

Խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման առաջադրանքը հետզհետէ կը ստանայ հրատապ հնչեղութիւն: Մոսկուան պարզ դարձուց, թէ իր կողմէ խաղաղապահ զօրքեր, թէկուզ նախ եւ առաջ դիտորդական առաքելութեամբ, կը տեղակայուին, եթէ հակամարտող կողմերը համաձայն ըլլան եւ դիմեն: Անգարայի հակազդեցութիւնը չուշացաւ. Էրտողանը յայտարարեց, որ Թուրքիան կարգաւորման հարցին մէջ ունի այն բոլոր իրաւունքները, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը ունի: Անգարայի առաջադրանքը ո՛չ միայն բանակցութեան մասնակցիլն է, այլ նաեւ զօրքեր ուղարկելն է` ռուսական զօրքերու տեղակայման պարագային:

Ամերիկացի պաշտօնատարի առաջարկը` սքանտինաւեան ուժեր տեղակայելու, ըստ էութեան վեթօ էր ռուսական զօրքերու տեղակայման ծրագիրին:

Հրադադարէն առաջ այս բոլորին արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ Ռուսիան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելու, եթէ հակամարտող կողմերը համաձայն ըլլան, Թուրքիան անմիջապէս կ՛ըսէ` եթէ ռուսական զօրքերը տեղակայուին, իրենց ուժերը եւս այնտեղ պիտի ըլլան: Թեհրանը գործող ձեւաչափի առընթեր տարածաշրջանային ուժերէ բաղկացած խումբ կ՛առաջարկէ` 2+3 ձեւաչափով (Հայաստան, Ազրպէյճան + Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան), գուցէ խաղաղապահներու առումով` 3 ուժերու համակարգումով, իսկ Միացեալ Նահանգները իրենք զիրենք նաեւ բացառելով կ՛առաջարկեն այս բոլոր ուժերէն բացի սկանտինաւեան երկիրներէ յառաջացնել խաղաղապահ ստորաբաժանումներ:

Հայկական կողմը թէ՛ Արցախի նախագահի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի խորհրդականներու ճամբով եւ նոյնիսկ ուղղակի, յայտնած էր իր համաձայնութիւնը Ռուսիոյ կողմէ խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման: Պաքուի լռութիւնը այս առումով անհամաձայնութիւն է: Աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններէ այս մասին եղած բարձրաձայնումները նկատի ունենալով միայն Անգարան չէ որ խաղաղապահներու զուտ ռուսական բաղադրութիւնը կ՛արգելակէ:

Խաղաղութեան հաստատումը կ՛արգելակուի խաղաղապահներու շուրջ անհամաձայնութեամբ: Ըստ էութեան անկախ կարգավիճակէն, տարածքներու պատկանելիութեան խնդիրներէն, ցեղային զտումներու վտանգէն եւ նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներէն, բուն խնդիրը ազդեցութեան գօտիներու պահպանման, չէզոքացման եւ փոխհակակշռման գործողութիւններով պայմանաւորուած է: Խաղաղապահներու բաղադրութեան շուրջ միջազգային համաձայնութեամբ կը պայմանաւորուի բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսումը:

«Ա.»
aztagdaily.com