Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դեկտեմբեր 9-ը կրնայ սովորական թուական մը թուիլ։ Բայց Հայութեան համար ան կը հանդիսանայ անկիւնադարձային թուական մը, երբ այդ օրը, 71 տարիներ առաջ՝ 1948-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) որդեգրեց Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման եւ Պատժելիութեան Ուխտը։ Ցեղասպանութեան Ուխտը գործադրելի դարձաւ Յունուար 12, 1951-ին։ Այս Ուխտը ընդունած եւ վաւերացուցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները՝ ներառեալ Թուրքիան եւ Հայաստանը։
Այնքան ժամանակ որ Հայաստանը կը մնայ կոտորակուած եւ հայութիւնը իրաւազրկուած, մենք պիտի շարունակենք գտնուիլ Ցեղասպանութեան Ուխտի գործադրման դէմ յանդիման։ Մեր պարտաւորութիւնն է անշեղօրէն հետամուտ ըլլալ Ցեղասպանութեան Ուխտի կիրարկման՝ իբրեւ յառաջապահները Ցեղասպանութեան Ոճիրի կանխարգիլման, պատժելիութեան եւ հատուցման։
Ցեղասպանութեան Ուխտի որդեգրման ու զարգացման մասին հարեւանցի ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, թէ ան ի զօրու եւ կիրարկելի է Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային: Իբրեւ Ցեղասպանութեան Ուխտի ընդունման նախադրեալ որոշում, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը 1946-ի Դեկտեմբեր 11-ին արդէն իսկ որդեգրած էր Թիւ 95(1) Բանաձեւը։ Թէ՛ այս բանաձեւի եւ թէ Ցեղասպանութեան Ուխտի հիմնաւորման մաս կը կազմէին Հայկական ջարդերը։ Անոնք հաստատեցին, որ Հայկական ջարդերը այն բնոյթի ոճիր են, որ ՄԱԿ-ը կը նպատակադրէ արգիլել` մեկնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքներէն եւ օրէնքներէն:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի Պատերազմական Ոճիրներու Յանձնաժողովը իր 1948ի նիստին վկայակոչեց Հայկական ջարդերը, զանոնք նկատելով ճիշդ այն բնոյթի արարքներէն, որոնք կը ներառուին «մարդկութեան դէմ ոճիրներու» արդի բնորոշումին մէջ եւ նախընթաց կը նկատուին Նիւրէնպէրկի Դատավարութեանց համար: Ետքէն, 1985ին ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովը ընդունեց Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման վերաբերող տեղեկագիրը, ուր կրկին կը վկայակոչուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Տեղեկագրով Յանձնաժողովը հաստատեց, թէ »Նացիներու ապօրինութիւնը դժբախտաբար 20րդ դարու ցեղասպանութեան միակ պարագան չէր: Ատոր համապատասխանող այլ օրինակներու շարքին կը պատկանին ... 1915-1916ին Հայերուն դէմ գործադրուած Օսմանեան ջարդերը:»
Ցեղասպանութեան Ուխտը նաեւ օրինական յետադարձ ուժի (ex post facto) մէջ է: Ան կիրարկելի է ցեղասպանական որեւէ ոճիրի պարագային` անկախ անոր գործադրման թուականէն: Այս հիմամբ, ՄԱԿ-ի Նոյեմբեր 26, 1968ի Պատերազմական Ոճիրներու եւ Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիրներու Գծով Ժամանակի Սահմանափակումներու Անկիրարելիութեան Համաձայնագիրը եկաւ հաստատելու ցեղասպանութեան ոճիրներու անժամանցելիութեան օրէնքը:
Այս բոլորին զուգահեռ, գոյութիւն ունին անցեալէն եկող բազմաթիւ քաղաքական եւ իրաւական աքթեր, որոնք յաւելեալ հիմնաւորում կը տրամադրեն Ցեղասպանութեան Ուխտի յետադարձ ուժին ու հայկական պարագայի կիրարկելիութեան:
Առաջին, Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Դաշնակից պետութեանց միատեղ յայտարարութիւնը: Մայիս 28, 1915ին, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, եւ Ռուսիա միացեալ յայտարարութեամբ մը ազդարարեցին Օսմանեան կառավարութիւնը, թէ իր հայ բնակչութեան դէմ կատարուող սպանդները պիտի համարուին «մարդկութեան դէմ ոճիր»:
Երկրորդ, 1920ի Սեւրի Դաշնագիրը: Սեւրի Դաշնագրի 230րդ յօդուածը կը տրամադրէ դատական ատեաններու հաստատումը՝ հայկական ջարդերուն համար, իսկ 144րդ յօդուածը կը տրամադրէ հայութեան լքեալ գոյքերուն վերադարձը իրենց իրաւատիրոջ:
Երրորդ, Մեծն Բրիտանիոյ 1919ի որոշումը: Յունուար 18, 1919ին Մեծն Բրիտանիոյ անունով Ատմիրըլ Արթըր Քէլթրոփ պաշտօնապէս իմացուց Օսմանեան կառավարութեան այն որոշման մասին, թէ Բրիտանական կառավարութիւնը համապատասխան պատիժներ պիտի տնօրինէ Հայկական ջարդերու պատասխանատուներուն նկատմամբ:
Չորրորդ, 1945ի Լոնտոնի Համաձայնագիրը: Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք Դաշնակիցները Օգոստոս 8, 1945ին (այսինքն՝ Ցեղասպանութեան Ուխտի որդեգրումէն երեք տարի առաջ) հաստատեցին Լոնտոնի Համաձայնագիրը, որ կ՚որդեգրէր Միջազգային Զինուորական Ատեանի մը ստեղծումը՝ պատերազմական ոճիրներու համար: Այս համաձայնագրին 6-գ յօդուածը կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան ոճիրի դատավարման: Իբրեւ նախընթաց, համաձայնագրին հեղինակները հիմք ունեցան 1915ի Հայկական ջարդերը: Հիմնաւորելու համար 6-գ յօդուածը, համաձայնագրին հեղինակները իբրեւ նախընթաց վկայակոչեցին 1920-ի Սեւրի Դաշնագրի 230րդ Յօդուածը եւ զայն նկատեցին տիպար օրինակ մը մարդկութեան դէմ ոճիրները դատելու կոչուած զինուորական ատեանի մը հաստատման:
Այս բոլորը, այսօր կրկին անգամ մեր ժողովուրդի իրաւազրկումի վերացման լուսարձակը կը զետեղեն իրաւական ու քաղաքական երկու իրողութիւններու վրայ։ Իրողութիւններ, որոնք ուղղակի եւ անմիջական աղերս ունին Հայութեան պահանջատիրական աշխատանքին: Առաջինը, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտին ներկայացուցած կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնն է: Իսկ երկրորդը, Հայաստանի պետական քաղաքականութեան ու գործունէութեան մէջ ցեղասպանութեան օրակարգի հետապնդման նախաձեռնութիւնը:
Այս երկու իրողութիւնները ցարդ չեն ենթարկուած զուգորդումի ու գործնականացումի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան իրաւական հետապնդման նպատակադրութեամբ: Այսինքն, Ցեղասպանութեան Ուխտին տրամադրած պատժումի սկզբունքը, որ ինքնըստինքեան կը ներառնէ նաեւ հատուցման պայմանները, եւ Հայաստանի կողմէ այդ սկզբունքին պետական հետապնդման ու Հայկական Ցեղասպանութեան գծով անոր կիրարկման նախաձեռնութիւնը կը մնան տարանջատուած բնագաւառներ:
Արդեօք պիտի կարենա՞նք հասնիլ այն հանգրուանին, երբ հայութիւնը իր հայրենի պետականութեամբ ու սփիւռքեան կարողականութեամբ, պիտի սկսի վերջ դնել այդ տարանջատման ու վճռէ գործնականացնել ցեղասպանական արարքի պատժումի իրաւական սկզբունքը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային:
Ա՛յս իրավիճակով այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք Ցեղասպանութեան Ուխտի կիրարկման մեր կամեցողութեան ու պատրաստակամութեան։
Մինչ այդ, Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի իւրաքանչիւր օր, երբ հայ մը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը Սփիւռքի տարածքին...։
Դեկտեմբեր 9, 2019
Սեդօ Պոյաճեան
(*Սեդօ Պոյաճեան իրաւաբան է եւ վարած է Ուաշինկթընի Հայ Դատի վարիչի պաշտօնը)