Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ տեղի ունեցաւ «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հետեւեալ հարցազրոյցը` «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 130-ամեակին ընդառաջ` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» խորագիրով, եւ զոր վարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարզի պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ.- Այսօրուան մեր հարցազրոյցը դուրս կու գայ իր ընթացիկ օրակարգէն եւ կը ներառէ այնպիսի կէտեր, որոնք ընդհանրապէս այսօր ուշադրութեան կեդրոն են` թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ դաշնակցական մեր զանգուածին եւ թէ՛ առհասարակ մեր ժողովուրդին համար: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անցեալ շաբաթ զանազան հարցազրոյցներով արտայայտուեցաւ ՀՅԴ հայաստանեան եւ արցախեան գործունէութեան մասին Դաշնակցութեան կատարելիք գործին, ունեցած մտահոգութիւններուն եւ առաջադրանքներուն մասին: Այսօր ՀՅԴ 130-ամեակին ընդառաջ, մենք պիտի խօսինք այլ օրակարգերու մասին, որոնք վստահաբար կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար: Առաջին առիթով օգտաշատ կը գտնէք անդրադառնալու Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն կացութեան մասին: Այս գաղութները, որոնք կազմաւորուեցան անմիջապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն ետք, ապրեցան հոլովոյթ մը, հիմնական դերակատար դարձան հայ կեանքի պատմութեան ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ եւ այդ տուեալ երկիրներու ապրած ցնցումներուն հետ դիմագրաւեցին մեծ դժուարութիւններ, երբեմն նաեւ ապրեցան նօսրացում, սակայն մնացին ուշադրութեան կիզակէտ: Այս իմաստով ի՞նչ ըսելիք ունիք:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախ շնորհակալութիւն, որ անգամ մը եւս Լիբանանի մեր քոյրերուն, եղբայրներուն եւ ընկերներուն հետ հաղորդուելու այս առիթը կ՛ընծայուի: Լրիւ համաձայն եմ այն հասկացողութեան, որ միջինարեւելեան մեր համայնքներու գոյութիւնը յետցեղասպանութեան, առաջին անկախ հանրապետութեան անկումէն ետք կազմաւորուած այդ համայնքներուն մէջ ղեկավար դերակատարութիւն ստանձնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ շեշտած է, եւ այսօր ալ կ՛ուզենք շեշտել այդ շրջաններու ռազմավարական կարեւորութիւնը սփիւռքի պարագային: Նախ` ռազմավարական, որովհետեւ սահմանամերձ գաղութներ են, եւ այդ համայնքները վերջի վերջոյ կազմաւորուած են` հիմնական նպատակ ունենալով վերադարձի գաղափարը, որ օր մը մեր հիմնական նպատակի` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի վերջնական կերտումով հայրենիքն է, որ պիտի վերամիաւորէ ամբողջ հայութիւնը, բայց մինչեւ այդ հանգրուանը` միջինարեւելեան հայ գաղութները ունին հսկայ դերակատարութիւն: Դժբախտաբար տագնապներէ անցաւ այս շրջանի հայութիւնը, եւ դժբախտութիւնը այն է, որ 60-ական թուականներէն սկսեալ այդ տագնապները նախ Սուրիոյ մէջ, ապա Լիբանան, Իրաք, որոշ չափով` Իրան, ապա` կրկին Լիբանան, ունեցան իրենց ցնցիչ ազդեցութիւնը, ճիշդ է թիւով նօսրացան, բայց որակական իմաստով բարեբախտաբար կը պահեն իրենց կենսունակութիւնը: Բախտը ընծայուեցաւ ինծի, որ վերջերս այցելեմ Սուրիա այս ամրան ընթացքին, եւ այնտեղ, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, տեսայ կենսունակ գաղութ, որ ամէն գնով ինքզինք վերականգնելու աշխատանքին նուիրուած է: Ահա այսօր կը գտնուիմ Լիբանան` իր այս տնտեսական տագնապի շրջանին, ինչպէս կ՛ըսեն, մենք տագնապի ժամանակ պէտք է հասնինք եւ ձեռք երկարենք մեր այլազան համայնքներուն եւ ատոր համար հոս եմ` տեսնելու, միասնաբար ծրագրելու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, թէ ինչպէ՛ս այս պայմաններու տակ մենք կրնանք այդ օժանդակութիւնը հասցնել Լիբանան, որպէսզի պահէ իր կենսունակութիւնը եւ առաջնորդողի դերը` ամբողջ սփիւռքի տարածքին:
Բոլորս ալ պիտի ուզէինք տագնապներէ հեռու մնան Միջին Արեւելքի գաղութները, բայց դժբախտաբար աշխարհագրական իր դիրքը եւ պատմութիւնը եկած է ցոյց տալու, որ շարունակաբար այդ տագնապները տեղի կ՛ունենան շրջանին մէջ, բայց բարեբախտաբար մեր ժողովուրդը միշտ գտած է իր ներքին կենսունակութիւնը եւ վճռական կամքը` դիմագրաւելու այդ տագնապները եւ այդ ամէնէն դուրս գալու ամուր, պինդ եւ նոյն նուիրումով:
Յ. Հ.- Պիտի խնդրէի, որ անդրադառնաք Եգիպտոսի հայ գաղութի մասին, որ մինչեւ այսօր, հակառակ նօսր թիւին, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Յ. Տ. Խ.- Այո՛, Եգիպտոսի, նոյնիսկ Իրաքի պարագային, եւ կամ` փոքրաթիւ այլ շրջաններու մէջ, որոնք անցեալին ղեկավարի հանգամանք ունեցած են, ինչպէս` Եգիպտոսի պարագային, ուր ՀՅԴ Բիւրոն կեդրոն ունեցած է անցեալին, բայց իր նօսրացած թիւը պատճառ չէ հանդիսացած, որպէսզի ինք կազմալոյծ վիճակ ունենայ եւ չմասնակցի մեր համատարած պայքարին: Ունին այնտեղ աշխուժ Հայ դատի յանձնախումբ, աշխուժ գործունէութիւն` կրթական, կուսակցական, մշակութային. ուրախ եմ, որ ծանր հարուած ստացած Իրաքի մէջ ալ կը գործեն կորիզներ, որոնք պատնէշի վրայ են:
Յ. Հ.- Ձեր այս այցելութիւնը ինքնին զօրակցական բնոյթ ունի լիբանանահայ գաղութին եւ անոր մաս կազմող ՀՅԴ ընտանիքին. անցնող քանի մը օրերուն ականատես եւ ականջալուր դարձաք իր ապրած մտահոգութիւններուն եւ այդ գծով նաեւ` գաղութի տարած աշխատանքներուն կամ ծրագիրներուն: Այս իմաստով, մեր ժողովուրդին մէջ տեսաք ակնկալութիւններ, որոնք տեղականէն աւելի համահայկական զօրակցութեան բնոյթ ունին: Այս բոլորին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:
Յ. Տ. Խ.- Ես կոչ կ՛ուղղեմ մեր սիրելի Լիբանանի հայութեան, որ ամուր եւ պինդ մնայ, ըսեմ նաեւ, որ իմ կոչիս պէտք չունի լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ, նոյնիսկ պատերազմի թէժ տարիներուն կրցած է պահել իր կենսունակութիւնը եւ միասնակամութիւնը. հետեւաբար այս բոլոր հարցերը դիմագրաւելու ուղղութեամբ վստահ եմ, որ նոյնութեամբ պիտի մօտենայ այս տնտեսական տիպի տագնապին, որ իսկապէս քանդիչ է, որովհետեւ պատերազմի տարիներուն անգամ այսպիսի կացութեան առջեւ չէր գտնուած: Այս բոլորը բնական է, որ մեր ուշադրութեան առարկան են եւ հոգածութիւնը պէտք է դառնան համայն հայ ժողովուրդին, որովհետեւ լիբանանահայութեան դերը չի սահմանափակուիր ո՛չ Լիբանանով, ո՛չ Միջին Արեւելքով, այլ ունի համահայկական, համասփիւռքեան տարողութիւն, ասոր լաւագոյն վկաներն են մեր սերունդի բոլոր այն ներկայացուցիչները, որոնք այսօր պատնէշի վրայ են, որոնց մեծ մասին արմատները ըլլան հաւանաբար լիբանանահայ 60-ական, 70-ական թուականներու գաղափարական, կազմակերպական, քաղաքական հնոցի որպէս արդիւնք: Այդ ուղղութեամբ ուրախ եմ նշելու, որ այդ համահայկական հոգածութիւնը արդէն իսկ ցոյց կը տրուի, եւ առաջին նշոյլները մենք կը տեսնենք այս օրերուն: Բնական է, որ իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` կը փորձեմ տեսնելու Կեդրոնական կոմիտէին հետ, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմենք մենք, որպէսզի Լիբանանի տագնապին աջակցութիւնը ըլլայ անմիջական, ըլլայ կարճ կամ միջին հասողութեան վրայ, ըստ պայմաններուն եւ յոյս ներշնչէ մեր ժողովուրդին, որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն բարոյապէս եւ տեսականօրէն կողքին է հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ իր նիւթական եւ այլ աջակցութիւններով պիտի զօրակցի եւ Լիբանանի կողքին կենայ: Ուրախ եմ նաեւ ըսելու, որ այդպիսի մտադրութիւն կայ մեր հայրենի ժողովուրդին եւ առհասարակ մեր բոլոր շրջաններուն մէջ գտնուող հայութեան, ըլլան անոնք հայապատկան հողերու վրայ, թէ սփիւռքի տարածքին: Ասոր համար ալ ողջունելի է, որ համահայկական հիմնադրամի ճամբով որոշ յատկացումներ պիտի ըլլան Լիբանանի, մանաւանդ` ընդհանուր ընչազուրկ խաւի եւ կրթական կարիքներուն համար, ուրախ եմ ըսելու, որ Արցախը` որպէս առանձին միաւոր, կը մասնակցի այդ օժանդակութեան նախագահի ճամբով եւ ուրախ եմ ըսելու, որ Արամ Ա. վեհափառը ինքնին յայտարարած է որոշ ծրագիրներ, որոնք գործնականացման ընթացքի մէջ են, եւ վստահ եմ, որ ուրիշ համահայկական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ պիտի յաջորդեն ասոր, որպէսզի մեր այս կոչը չսահմանափակուի միայն մեր կուսակցութեան ընելիքով, որ պիտի ըլլայ պայմաններուն համաձայն, ակնկալուած տարողութեան չափով, բայց նաեւ լիբանանահայութիւնը միշտ մնայ համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկայ: Լիբանանահայութիւնը իր այս ապրած ճգնաժամին մէջ ոչ մէկ ատեն պէտք է զգայ առանձին, ոչ մէկ ատեն ընկրկի, իր յատուկ տոկունութեամբ պէտք է շարունակէ իր դերը:
Յ. Հ.- Շուտով պիտի դիմաւորենք ՀՅԴ 130-ամեակը: Այսօր տարբեր առիթներով եւ տարբեր միջավայրերու մէջ շատ կը խօսուի մեր անցեալը իբրեւ դրամագլուխ նկատի ունենալու եւ այսօրուան պայմաններուն մէջ այդ անցեալի դրամագլուխով ապրելու, զարգանալու կամ խօսք ըսելու եւ հեղինակութիւն պարտադրելու մասին, երբ անդին` ներկային մէջ Դաշնակցութիւնը նաեւ իր դերակատարութեան մէջ է, պատնէշի վրայ է, սակայն մարդիկ այս մէկը, հինի եւ նորի խնդիրը միշտ չէ, որ առարկայական մօտեցումով կ՛արժեւորեն, այսօր առիթն է այս մասին ձեր արժեւորումը եւ տեսակէտը փոխանցէիք:
Յ. Տ. Խ.- Հետաքրքրական է, որ մեր ընդդիմախօսները երբեմն կ՛արտայայտուին` ըսելով, որ Դաշնակցութիւնը համաhայկական արժէք է` իր ունեցած փառաւոր պատմութեան եւ անցեալին շնորհիւ, իսկ ուրիշ առիթներով նոյն ընդդիմախօսները կ՛անդրադառնան, որ միայն պատմութիւն է, եւ այսօրուան Դաշնակցութիւնը հինի եւ նորի, սեւ ու սպիտակ հարց ունի եւ նախկինը չէ: Պէտք է ճշդուի մեր ընդդիմախօսներուն քով, թէ ո՞ր պատկերին վրայ կ՛ուզեն կեդրոնանալ: Անկախ իրենցմէ` ես կ՛ուզեմ կեդրոնանալ մեր պատկերացումին եւ մեր ընելիքներուն վրայ: Հիմնականին մէջ մեզի համար մեր անցեալը հպարտութեան աղբիւր է, մեր անցեալը անսահման ակունք է ներշնչման, որպէսզի մենք այնտեղ բիւրեղացած իտէալներով, այնտեղ ունեցած յաջողութիւններով մենք կարենանք սնուցանել սերունդներ, անոնց տալ գաղափարական ամուր հիմք եւ վճռակամութիւն, Հայաստանի եւ հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնը մեր երիտասարդութեան մտքին ու սրտին մէջ դրոշմել եւ անոնցմէ ներշնչուելով` նայիլ ներկային ու ապագային, որովհետեւ զիս հետաքրքրողը մեր փառապանծ անցեալի, մեր հոյակապ էջերէն անդին, այսօրուան մեր գործունէութեան հսկայական դաշտն է եւ մեր ապագայի տեսլականը:
Ներկան կը յատկանշուի այն իրողութեամբ, որ մենք այն հայկական կազմակերպութիւնն ենք, որ կը մղէ հաւասար չափով թէ՛ ազգային ազատագրական պայքար եւ թէ՛ քաղաքական պայքար: Այդ քաղաքական պայքարը մենք կրցած ենք մեր կառոյցի շնորհիւ հասցնել այնպիսի մակարդակի մը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տարբեր ձեւերով իր քաղաքական եւ կազմակերպական աշխուժութիւնը կը բացայայտէ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր կայ հայ շունչ, կը շեշտեմ` թէ՛ կազմակերպական, թէ՛ քաղաքական մօտեցումներով: Ուրախ ենք ըսելու, որ աշխարհի չորս կողմի երկիրներուն մէջ մենք ունինք դաշնակցական ընկերներ եւ ընկերուհիներ, որոնք ընտրուած են տարբեր երկիրներու մէջ` որպէս քաղաքական ներկայացուցիչներ, եւ դեռ չենք խօսիր Հայաստանի եւ Արցախի մասին, ուր ներկայութիւն ենք, քաղաքական հզօր շարժում ենք եւ այդ ուղղութեամբ ալ ունինք այս հասկացողութիւնը, որ մեր պայքարը մէկ է, բայց մեր միջոցներէն իւրաքանչիւրը կը յարմարին տեղական պայմաններուն` ըլլան անոնք հայրենիքի պարագայի, ըլլան արտերկի այն երկիրներու մէջ, ուր քաղաքականօրէն հասած ենք բաւական բարձր դիրքերու: Ասիկա կը պահանջէ նախ ամուր հաւատք, հաստատ կամք եւ հասունութիւն, ճկունութիւն, որպէսզի կարենանք մեր այս հսկայ կազմակերպութիւնը գաղափարականօրէն պահել յստակ, ուղիղ գիծի մէջ, բայց նոյն ատեն վարչականօրէն թոյլատրել մեր շրջաններուն` տեղական պայմաններուն համեմատ ծաւալել իրենց գործունէութիւնը, որպէսզի ծառայենք մեր նպատակներուն, ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտումին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան ծառայելու մեր ընդհանուր մօտեցումին: Ուրեմն, 130-ամեակի ընդառաջ ես կը կարծեմ, որ մենք ունինք մեր առջեւ հսկայական նոր դաշտեր: Դաշնակցութիւնը երբեք չէ խրտչած ինքզինք վերանորոգելէ, այս ուղղութեամբ ալ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ այս այն կուսակցութիւը չէ, որ կը զբաղի պահպանողական մօտեցումներով, այն կուսակցութիւնը չէ, որ միայն սովորամոլութեամբ կը զբաղի. մարդիկ կը շփոթեն երբեմն մեր անցեալին հանդէպ մեր ունեցած յարգանքը, մեր յեղափոխական նկարագրի հարցերը, մեր ազգային հերոսներու հանդէպ ունեցած յարգանքը` աւանդապաշտութեամբ: Այսօր մենք ունինք այլազան տիպի մարտահրաւէրներ, Հայաստանի պարագային, անցեալ շաբաթ լայնօրէն անդրադարձայ նիւթին. Արցախի պարագային քաղաքական որպէս գործունեայ միաւոր հիմա մեր առջեւ կը ծանրանայ 130-ամեակի տարուան ընթացքին ընտրութիւններու խնդիր` թէ՛ Ազգային ժողովի, թէ՛ նախագահի, որոնք տեղի պիտի ունենան մարտ 2020-ին: Սփիւռքի մէջ վերաթարմացման անհրաժեշտութիւն կը զգանք, որուն համար պիտի կազմակերպուի սփիւռքեան խորհրդաժողով` համահայկական ճիգերով եւ միացեալ ջանքերով. ասոր կողքին ունինք յատուկ նշում` Սեւրի 100-ամեակին, որովհետեւ մեզի համար Սեւրը պարտամուրհակ է, որ համաշխարհային հանրութիւնը ունի հայութեան հանդէպ, եւ որքան ալ առարկութիւններ ըլլան, թէ անիկա թէեւ ստորագրուած, բայց չվաւերացուած դաշնագիր է, սակայն մենք կը հաւատանք, որ անիկա հիմքն է մեր պահանջատիրութեան. առաւել` կայ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի խնդիրը, որ կարեւոր ձեռքբերում է հայութեան համար, եւ երկուքի պարագային ալ յատուկ նշումներ տեղի պիտի ունենան Սեւրի մէջ, այսինքն կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսա, Սեւր: Սփիւռքի նուիրուած գիտաժողովն ալ հաւանաբար տեղի ունենայ Լիբանանի մէջ: Նշեմ նաեւ, որ Քրիստափորի մահուան 115-ամեակի նշում ալ տեղի պիտի ունենայ Պուլկարիոյ մէջ:
Ասոնք մեր միակ նախաձեռնութիւնները չեն յառաջիկայ տարուան ընթացքին, մենք նաեւ պիտի ունենանք համահայկական երիտասարդական բանակում, մենք պիտի ունենանք նաեւ ՀՅԴ եւ իրեն յարակից կառոյցներու, ուղեկից միութիւններու, Հայ դատի յանձնախումբերու, երիտասարդական, ուսանողական, պատանեկան կառոյցներու հաւաքական խորհրդաժողով մը Հայաստանի մէջ, որպէսզի Դաշնակցութիւնը ներկայանայ իր լրիւ դիմագիծով: Բնականաբար ունինք այն հսկայական դաշտը, որ կը կոչենք Հայ դատ, որուն համար մենք կը կազմակերպենք այլազան նախաձեռնութիւններ` հիմնական չորս ոլորտներու մէջ, քանի մը անգամ նշած եմ եւ կ՛ուզեմ յիշել` առանց մանրամասնելու. առաջինը հայրենի պետականութեանց օժանդակելու խնդիրն է, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման, երկրորդը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրն է, երրորդը հայապատկան հողերու` Պոլսոյ, Թիֆլիսի հայութեան իրաւունքներու խնդիրն է` որպէս ազգային փոքրամասնութիւններ անհատական թէ հաւաքական, չորրորդը երիտասարդութեան քաղաքականացումն է, այս բոլորը մաս կը կազմեն այն բազմամակարդակ աշխատանքներուն, որ Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ:
Յ. Հ.- Անդրադարձաք Հայ դատի բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն գործունէութեան, եւ մեր ժողովուրդն ալ իրազեկ է մամուլի ճամբով, թէ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը օրէ օր ինչպէ՛ս կը ծաւալի, թէ՛ հոն կայ ամբողջականօրէն մասնագիտական մօտեցում եւ մասնագիտական աշխատանքի ուղղուածութիւն, հետեւաբար այս իմաստով ձեր ըսելիքը ունենաք եւ անդրադառնաք նաեւ այն նուիրահաւաքին, որ ի գործ դրուեցաւ Հայ դատի կառոյցը միշտ կենսունակ պահելու:
Յ. Տ. Խ.- Նախ կ՛ուզեմ նշել, որ մենք վերջին տարիներու ընթացքին անցած ենք զուտ սիրողական մակարդակէն արհեստավարժ մակարդակի, ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ունենանք մասնագիտական մարդուժ, որպէսզի կազմենք մեր Հայ դատի բանակը, որ դիւանագիտական պաշտպանուածութիւն ունենանք թէ՛ Հայաստանի դիւանագիտութեան կողմէ, թէ՛ Հայ դատի բանակի կողմէ, որոնք ամբողջ աշխարհի տարածքին կը փորձեն տեղւոյն հայ համայնքին խօսքը հասցնել միջազգային շրջանակներուն: Այս խօսքը հասցնելու գործընթացը կը կազմեն կեդրոնական գրասենեակները: Գրասենեակ հասկացողութիւնը մեզի համար այն կառոյցներն են, որ ունինք: Մենք ունինք օրն ի բուն, 24 ժամ, տարին 365 օր Հայ դատով ապրող արհեստավարժ զինուորագրեալներ, որոնք կ՛աշխատին հինգ գլխաւոր կեդրոններու մէջ` Հայաստան` որպէս կեդրոնական խորհուրդի գրասենեակ, Ուաշինկթըն` իր շատ աշխուժ եւ բեղուն գործունէութեամբ, Պրիւքսել` իր համատարած ազդեցութեամբ եւ ունեցած յատուկ ծրագիրներով` Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ, միջինարեւելեան գրասենեակը, որուն կեդրոնը Լիբանանն է, Մոսկուայի գրասենեակը, որ ոչ միայն կը զբաղի Ռուսիոյ հարցերով, այլ` ամբողջ ԱՊՀ-ի մէջ որոշ աշխատանք ծաւալելու աշխատանքներով: Ուրեմն մեր այս բոլոր գրասենեակները ուղղակիօրէն կապուած են ՀՅԴ Բիւրոյին: Ասոնց կողքին, մենք ունինք աւելի քան 30 այլազան շրջանային յանձնախումբեր, որոնք սիրողական մակարդակ ունին եւ նոյնքան նուիրեալ անդամներով կազմուած միաւորներ են, որոնք կը գործեն ամէնուրեք: Ահա կը խօսինք բազմահազարանոց բանակի մասին, որոնք ամէնուրեք կ՛աշխատին այդ չորս հիմնական նպատակներու իրագործման համար: Հայ դատի բանակի իրագործումներէն կ՛ուզեմ միայն երեք օրինակ տալ` հոկտեմբերէն ետք տեղի ունեցած. Առաջինը հոկտեմբերին փրօ-Արցախ համագումարի մեծ յաջողութիւնն է, որ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով հոն կրցանք հաւաքել 150-էն աւելի ոչ հայ քաղաքական մտաւորական եւ մամլոյ գործիչներ, որոնք քաջաբար ներկայ գտնուեցան Արցախի մայրաքաղաքին մէջ` քաջ գիտնալով, որ իրենք պիտի անցնին Ազրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ, եւ բարձրացուի աղմուկ իրենց դէմ: Այս բոլորը իրենց աչքին առջեւ ունենալով` ուզեցին շեշտել իրենց աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին, մանաւանդ` Արցախի հատուածին: Ժողովի ընթացքին հնչեցին գաղափարներ, առաջարկներ, զօրակցական կոչեր, որոնք այսօր պատմութեան անցած են, որոնք կը մնան մէկ կարեւոր փաստ` այլազան ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու այդ հաւաքի որպէս հիմնարար կորիզ: Այդ համագումարին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցաւ ստեղծումը Արցախի բարեկամներու ցանցի մը, որ մնայուն երեւոյթի վերածուեցաւ, եւ այդ կորիզը, որ սկսանք 150 հոգիով, արդէն սկսած է ընդարձակուիլ: Ամէն տարի պիտի աշխատինք այդ ցանցը ընդարձակել, այդ ցանցի անդամները իրարու հետ հաղորդակից պահել եւ այդ ցանցին շարունակաբար տեղեկութիւն փոխանցել, մինչեւ որ Արցախի յաղթանակը, որ արեամբ ու քրտինքով վաստակեցանք, վերածուի վերջնական յաղթանակի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ, եւ գայ օրը, երբ Արցախը միաւորուի Հայաստանի հետ: Ասիկա մէկ կարեւոր նախաձեռնութիւն էր, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբերին:
Երկրորդ հիմնական յաջողութիւններէն մէկը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ անցած բանաձեւն է, որուն համար տարիներով կ՛աշխատինք: Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ յաջողութիւններու հասած ենք վերջին 20 տարիներու ընթացքին, բայց յատուկ նշանակութիւն ունէր մեզի համար Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան մէջ այս բանաձեւի անցնիլը, որովհետեւ ոչ թէ առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, այլ կը վերահաստատէին իրենց ճանաչումը եւ զօրակցութիւնը, որովհետեւ Ամերիկան այն առաջին երկիրներէն էր, որ 1951 թուականին յատուկ յանձնաժողովով ուսումնասիրած է Հայկական հարցը եւ այդ օրերուն իսկ գործածած է Ցեղասպանութիւն բառը, սակայն վերջին շրջանին Թուրքիոյ ճնշումով եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան պատճառով Թուրքիա շարունակաբար յաջողած էր սանձել Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան այլազան մակարդակները, որպէսզի չարտայայտուին Ցեղասպանութեան մասին: Այդ լռութեան պատն ալ քանդուեցաւ, այս պարագային Ներկայացուցչական տունը եկաւ հաստատելու այնպիսի յստակ բառերով, այնպիսի ելոյթներով, որ ասկէ առաջ տեղի չէ ունեցած: Երբ 435 հոգինոց Ներկայացուցչական տան 405-ը ի նպաստ կը քուէարկէ, ատիկա միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւ է. այս ալ` երկրորդ օրինակը:
Մենք որեւէ ժամանակ պիտի չուզէինք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ դատի ցանցը ունենան նիւթական աղբիւրներ, որոնց հանդէպ պարտական զգանք մենք: Ատոր համար մենք միայն դիմած ենք մեր ժողովուրդին, միայն դիմած ենք մեր ընկերներուն, որպէսզի մեր Հայ դատի պիւտճէն գոյացուի մեզի աջակից, մեզի զօրակից կանգնող շրջանակներէն: Շատ ուրախ ենք յայտարարելու, որ հակառակ տնտեսական տագնապին, որ Լիբանան ապրեցաւ, Լիբանանէն բաւական ներկայութիւն կար Հայ դատի Պրիւքսելի հանգանակային ճաշկերոյթի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 9-ին, Պրիւքսելի մէջ: Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող վախի ու սարսափի մթնոլորտին, որ կարգ մը հանգանակութեան հաւանական մասնակցողներու սանձեց եւ ակնկալուած գումարները չյայտնաբերուեցան, բայց աշխուժութեամբ տարբեր երկիրներէ եկած մեր համակիրներն ու կողմնակիցները գոցեցին այդ բացը, եւ մենք կրցանք մեր պիւտճէն ապահովել մօտաւորապէս 2,5 միլիոն տոլարի հանգանակութեամբ, որ մեզի պիտի պահէ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին` ապահովելով նոյն կենսունակութիւնը եւ նուիրուածութիւնը, որպէսզի մեր կեդրոնական գրասենեակները եւ շրջանային յանձնախումբերը աշխատին իրենց լուրջ առաքելութիւնը իրականացնելու ճամբուն վրայ:
(Շար. 1)
aztagdaily.com