կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-16 10:51
Աշխարհ

Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրի կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական սահմանային ոտնձգութիւնները

Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրի կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական սահմանային ոտնձգութիւնները
Մայիս 15-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրի խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի պետական սահմանագիծ ներխուժման ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, կատարուածը որակելով միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներու խախտում։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
 
Ֆայսալ Ալ Խուրի հաղորդագրութեան աւարտին յիշեց նաեւ պատերազմէն ետք հայ ռազմագերիները տուն վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գանատայի հայ համայնքին։