կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-19 23:20
Սփյուռք

«Հայրենադարձութիւնը հայեցակարգի կը կարօտի». Բենիամին Պչաքճեան

«Հայրենադարձութիւնը հայեցակարգի կը կարօտի». Բենիամին Պչաքճեան

«Վանայ ձայն»-ի հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապին, այդ տագնապը շրջանցելու համար ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւններուն, Հայաստանի կողմէ Լիբանանին եղած օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան երեւոյթին:

Լիբանանահայութեան մասին խօսելով` Պչաքճեան նշեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը ազգային իր ներուժով եւ կարողականութեամբ միշտ հասած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներուն ու գաղութներուն, Հայաստանին ու Արցախին: Լիբանանի հայութիւնը իր նշանակալի ներդրումը ունեցած է Հայ դատի համահայկական պայքարին մէջ: Այսօր, սակայն, ան ի վիճակի չէ տեղական ճիգերով յաղթահարելու վերջին ամիսներու իր տագնապը, որ աննախընթաց է իր տարողութեամբ եւ հետեւանքներով:

Շարունակելով, Բենիամին Պչաքճեան հաստատեց, որ անցնող ամիսներուն, ՀՅԴ Բիւրոն տարբեր տագնապներու ու հրամայականներու առջեւ, հանդէս եկաւ զանազան նախաձեռնութիւններով. նախ` սատարելու համար Հայ դատի աշխատանքներուն, համահայկական տարողութեամբ դրամահաւաք կազմակերպեց, ապա` Լիբանանի տնտեսական տագնապը շրջանցելու նպատակով` յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ եւ համապատասխան քայլերու դիմեց: Յաջորդող ամիսներուն Հայաստանի մէջ թագավարակի դէմ պայքարելու նպատակով, ՀՅԴ Բիւրոն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պատրաստեցին հայեցակարգ ու դիմեցին գործնական նախաձեռնութիւններու: Յուլիսին` Տաւուշի սահմանային դէպքերուն առիթով կուսակցութիւնը դարձեալ  ձեռնածալ չմնաց ու իր օժանդակութիւնը բերաւ հայկական բանակին ու սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու կարիքներուն: Իսկ օգոստոսին, Պէյրութի պայթումին ի տես, Բիւրոն զօրաշարժի ենթարկեց կազմակերպական իր ամբողջ մեքենան, ուղեկից միութիւններն ու համակիրները: Դէպքերու այս հոլովոյթը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ առանց թերագնահատելու այլոց ճիգերը, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ մնացած են երկու կառոյցներ, որոնք կարողութիւնը ունին տագնապի օրերուն ամբողջ հայութիւնը համախմբելու ու զօրաշարժի ենթարկելու: Այդ կառոյցները Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն են: Այս զոյգ կառոյցները անհրաժեշտ ներուժը, կարողականութիւնը, ցանցը եւ փորձառութիւնը ունին տագնապալի պայմաններու մէջ հայութեան հասնելու: Հետեւաբար,- աւելցուց ան,- Դաշնակցութեան նման կառոյց մը թերագնահատելը, անոր ներուժէն չօգտուիլը, անոր ղեկավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնելն ու հարուածելը, ո՛չ միայն հակադաշնակցական արարք են, այլեւ` հակահայկական, որովհետեւ անոնք կը վնասեն համայն հայութեան շահերուն: Մանաւանդ որ, աշխարհով մէկ կատարուած հսկայական աշխատանքը կ’իրագործուի կամաւոր կերպով, խոր համոզումով, հաւատքով եւ յանձնառութեամբ:

Իր հարցազրոյցին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսեցաւ սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին Լիբանան այցելութեան եւ Հայաստանի կողմէ Լիբանանին կատարուած օժանդակութեան մասին: Ան ըսաւ, որ Լիբանանը սովորական երկիր մը չէ, որպէսզի Հայաստանը մարդասիրական օժանդակութեամբ բաւարարուի: Լիբանանին օժանդակելու Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլը ողջունելի է, բայց ոչ բաւարար, որովհետեւ հարցը անմիջական մարդասիրական օժանդակութենէ անդին` կապ ունի համայնքի վերականգնումի հրամայականին հետ: Հայաստանի իշխանութիւններէն կը սպասուի յաւելեալ ճիգ եւ ներդրում, որովհետեւ Լիբանանը իբրեւ  ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործօն, իսկ լիբանանահայութիւնը իր քաղաքական ներկայութեամբ ու կշիռով, իր կազմակերպուած ու բազմաթիւ կառոյցներով առաջնագիծն է Հայ դատի պայքարին մէջ: Սփիւռքի յանձնակատարին այցելութիւնը կարեւոր էր, սակայն` ուշացած, ըսաւ ան:

Հայրենադարձութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Բենիամին Պչաքճեան նկատել տուաւ, որ հայրենադարձութիւնը լոզունգային յայտարարութիւններով եւ անհետեւանք խոստումներով չի կատարուիր, այլ` անհրաժեշտ ենթահողը ստեղծելով անոր համար: Հայրենադարձութիւնը մեզի համար սկզբունքային հարց է:  Հայրենիքի մէջ հայահաւաքի նպատակը ամրագրուած է ՀՅԴ Ծրագիրով, որմէ կարելի չէ շեղիլ: Այս իմաստով, սփիւռքի յանձնակատարին Լիբանան այցելութիւնը, դժբախտաբար, պատասխաններ չբերաւ հայրենադարձութեան կապուած հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն: Այսօր, աւելի քան երբեք, մեզի հարկաւոր է հայրենադարձութեան հայեցակարգ, կրթական, առողջապահական, աշխատանքային եւ բնակարանային յատուկ ծրագիրներով ու քաղաքականութեամբ, որպէսզի սուրիահայութեան դառն փորձառութիւնը չկրկնուի, եւ Հայաստան կարենայ իսկապէս օգտուիլ ներգաղթող հայորդիներու ներուժէն:

yerakouyn.com