Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հաճելի էր անցեալ շաբաթներուն ընթացքին կարդալ Ճեմարանի մասին տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներուն յուշերը եւ յարգանքի բոլոր տուրքերը, որոնք կ'ուղղուէին անցեալին մէջ անշարժացած եւ պատուանդանի վրայ դրուած ուսուցիչներու հասցէին:
Իւրաքանչիւր յօդուածի հետ կը փորձէի մտովին նոյն բանը ընել: Այցելել յիշողութեանս դարանները եւ Ճեմարանի տարբեր շէնքերուն, տարբեր դասարաններուն եւ հոն անցուցած 16 տարիներուս մէջ գտնել առանձնակի ուշադրութեան արժանի դէպքերն ու դէմքերը: Անշուշտ քիչ չեն անոնք: Ծիլ դասարանի դպրոցական առաջին օրէն մինչեւ ամավերջի հադիսութեան միջեւ բոլոր դէպքերը դժուար է տեղաւորել յօդուածի մը մէջ: Ուրեմն պէտք էր ընտրել բան մը, պէտք էր ընտրել մէկը, որ ինծի համար ամէնէն յատկանշականն էր:
Ընտրեցի պարոն Թորգոմը: Թորգոմ Ջանան՝ առանց եան-ի իմ ճանչցած առաջին հայը:
Երրորդ դասարան էի, երբ եղբայրս դարձաւ հինգերորդի աշակերտ: Առաջին օրէն տան մէջ տարբեր տրամադրութեամբ մը սկսաւ խօսելու հայերէնի նոր ուսուցիչին մասին: «Պարոն Թորգոմը ասանկ ըսաւ, պարոն Թորգոմը ասանկ ըրաւ»: Շատ արագ, առանց իսկ զինք ճանչնալու, պարոն Թորգոմը ինծի համար հերոս մը դարձաւ: Անհամբեր էի մեծնալու եւ պարոն Թորգոմին աշակերտը դառնալու: Ան ամէնէն շատ յայտնի էր իր ածականներով, որոնցմով կը կնքէր աշակերտները: Մենք բոլորս անհամբեր կը սպասէինք, թէ ի՞նչ պիտի օծուինք, երբ հինգերորդ դասարան ըլլանք:
Վերջապէս հինգերորդ եղայ: Ծանօթացումի առաջին օրը, երբ ցուցակէն անունս կարդաց, ըսաւ. «Ահա՛, երկրորդ Մածուն մը»: Ածականս որոշուած էր: Եւ Մածունի պէս առողջ ու թեթեւ յարաբերութիւն մը սկսաւ այդ միշտ ժպտերես, սրամիտ մօրուքաւոր մարդուն հետ:
Իսկապէս ալ, պարոն Թորգոմ միշտ կը ժպտէր, հիմա ալ այդպէս է: Եթէ ոչ շրթունքին՝ ապա աչքերուն մէջ միշտ ժպիտ մը կայ, զոր տասներկու տարեկան իւրաքանչիւր աշակերտ կը փնտռէ ուսուցիչներուն աչքերուն մէջ:
Այսպէս, երկու տարի, հայերէնի պահերը դարձան ամէնէն աշխոյժն ու սիրելին: Որպէս աշակերտ, ես մէկ բան գիտէի՝ հայէրէնի պահերուն ապրած զգացումներս միշտ դրական էին, որովհետեւ ուսուցիչս ընկերս էր: Ասոր վրայ անցան տարիներ, եւ ես մուտք գործեցի մանկավարժութեան աշխարհ: Մասնագիտութեանս մասին իւրաքանչիւր նոր գիտելիքի հետ, կը փորձէի աշակերտական յուշերուս մէջ ժամանակակից մանկավարժութեան համար ընդունելի մեթոտաբանութիւններ փնտռել: Երբեմն կը յաջողէի նմանութիւններ տեսնել, ուրիշ անգամներ՝ ոչ: Հետաքրքրականը այն էր, որ ամէն անգամ երբ զուգահեռ մը գտնէի, պարոն Թորգոմը հո՛ն էր: Ինքնութեանս կազմաւորումին, պատանեկան առաջին քայլերուս ընթացքին աշակերտակեդրոն, քննական մտածողութեան մղող, անկախ ուսումնառութեան ներկայացուցիչ մանկավարժ էր ան: Ես օրական թերթ կարդալը պարոն Թորգոմէն սորվեցայ, որովհետեւ ան դասարանին մէջ կը խօսէր այժմէական նիւթեր, եւ ես միշտ կ'ուզէի նախօրօք տեղեակ ըլլալ անոնց մասին: Պարոն Թորգոմին հետ է, որ սորվեցայ անկախ խոյզեր ընել: Դասարանային զարգացման մրցումի մը ընդմէջէն, առաջին անգամ ըլլալով վեցերորդ դասարանին իրմէ է որ լսեցի BBC-ին ինչ ըլլալը: Այսօրուան պէս յստակ կը յիշեմ, թէ ո՛ր դասասենեակն էինք եւ ես ո՛ւր նստած էի, երբ ան գրատախտակին վրայ գրեց British Broadcasting Corporation եւ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ մէկը: Պարոն Թորգոմին հետաքրքրական եւ ստեղծարար դասաւանդութեան շնորհիւ է, որ երբեք չեմ շփոթեր վճարել-ուն եւ վաճառել-ուն ուղղագրութիւնը: Ըստ իրեն, վճարողին գրպանն ու փորը կը պարպուին, ուրեմն նիհար ր-ով կը գրենք, մինչ միւս կողմէն՝ բան մը վաճառողին գրպանն ու փորը կը մեծնան, ուրեմն գիրուկ ռ-ն պէտք է գործածել:
Պարոն Թորգոմն էր որ խումբ մը աշակերտներ հաւաքեց եւ տարաւ «Վանայ ձայն»՝ պատանեկան ռատիոթատրոն ստեղծելու նպատակով: Հօրս գործին բերումով արդէն լաւ գիտէի այդ գործիքներն ու ծանօթ էի այդ աշխարհին, բայց բնաւ ձայնասփիւռի կայան մը չէի այցելած: Խենթենալիք զգացում մըն էր, մանաւանդ երբ սիրելի ուսուցիչդ կը վստահի քեզի, գիտէ, որ առանց իր ուզածը պարտադրելու՝ գործ մը մէջտեղ կրնաս բերել:
Պարոն Թորգոմը իր ուսուցիչի դիրքը երբեք չէ չարաշահած: Չեմ յիշեր օր մը աշակերտներէն մէկը նեղացուցած ըլլալը, կամ դասարանին մէջ իր «իշխանութիւնը» ցուցադրելը: Միայն կը յիշեմ, որ երբ ան դասարան մտնէր, ես ինքզինքս ամէնէն կարեւոր անձը կը զգայի: Կարծեմ ընկերներս ալ նոյնը զգացած պէտք է ըլլան: Ի՜նչ կարեւոր է, չէ՞, որ ուսուցիչը այնպէս ընէ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ զգայ, թէ իր բոլոր կարիքները նկատի առնուած են եւ ինք դասարան ըսուած համայնքին մէջ ունի իր ուրոյն տեղը եւ արժէքը:
Պարոն Թորգոմին յաճախ կը հանդիպէի համայնքային տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին, ամէնէն շատը՝ թատրոններու ժամանակ: Ռատիօ, թատրոն, ազատ զրոյցներ, սրամտութիւն...: Մարդու տեսակի մը ներկայացուցիչը, որ մինչ օրս ալ ինծի համար ամէնէն շինիչը կը թուի: Տարիներ ետք ես ալ դարձայ բեմի մարդ եւ պէտք է խոստովանիմ, որ տեղ մը, չափով մը շնորհիւ պարոն Թորգոմին է:
Քանի մը տարի ետք, շաբաթական մէկ պահի դրութեամբ մասնակցեցայ թատերական խմբակի մը, որուն պատասխանատուն պարոն Թորգոմն էր: Հոն, օր մը խօսեցաւ ֆիլմի մը մասին, զոր չէինք կրնար դպրոցին մէջ դիտել, որովհետեւ յարմար չէր մեր տարիքին, բայց խորհուրդ տուաւ, որ երբ համալսարան հասնինք անպայման փնտռենք Պեռնարտօ Պերթոլուչիի «Վերջին թանկոն Փարիզի մէջ» ժապաւէնը: Այս անունը կայծակի պէս դրոշմուեցաւ յիշողութեանս մէջ. տարիներ յետոյ, երբ Երեւանի կինոյի եւ թատրոնի պետական համալսարանի ուսանող էի, եւ պիտի դիտէինք ու ուսումնասիրէինք այս դասական գործը, պարոն Թորգոմը յիշեցի, իսկ ֆիլմը դիտելէն ետք՝ հասկցայ այդ մարդուն մեծութիւնը:
Պարոն Թորգոմ լոկ հայերէն լեզուի ուսուցիչ չէր: Ան այն մարդն էր, որուն միջոցով հայերէնով եղած ամէն ինչ կը դառնար հետաքրքրական եւ գրաւիչ: Այս ալ համալսարանը սորվեցայ, որ լեզուն սորվելու կամ աւելի ճիշդ սորվիլ ուզելու համար պէտք է մեկնիլ երեխայէն ու պատանիէն եւ ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր ան ուզէ ըլլալ եւ իր հերթին ալ զարգացնել:
Պարո՛ն Թորգոմ, շնորհակալ եմ, որ այդ միջավայրը ստեղծեցիր քու աշակերտներուդ համար, շնորհակալ եմ, որ մեր ընկերը եղար ա՛յն տարիքին, երբ պատանիները ամէնէն շատ ընկերոջ պէտք ունին:
Առանց եան-ի իմ ճանչցած առաջին հայը՝ հայերէնի ամենասիրելի դասատուս:
Գայիանէ Մածունեան - 1999-ի շրջանաւարտ