Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մի քանի շաբաթէ ի վեր՝ «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ եւ կամ «ֆէյսպուք»-ի ընդմէջէն կը կարդամ Ճեմարանականներու կողմէ գրուած յուշ-յօդուածներ, որոնք մի քանի վայրկեան ետ կը տանին զիս ու մոռնալ կու տան առօրեաս ու համաշխարհային սփռուած համաճարակին պարտադրած իրավիճակը։ Ինքնաբերաբար, իմ ալ յիշողութիւնս ժամանակին մէջ ճամբորդութիւն մը կը կատարէ ու զիս կը վերապրեցնէ Ճեմարանի մէջ անցուցած անմոռանալի օրերս։
1930-ական թուականներուն, մեծ մայրս կը սկսի աշխատիլ իբրեւ խնամատար «մայրիկ» (տնտեսուհի)՝ նոր հիմնուած Հայ Ճեմարանին մէջ։ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան տեսնելով իր զաւկին՝ Սարգիսին աշխատասիրութիւնը եւ դասի հանդէպ կարողութիւնը՝ զայն կ՚ընդունին իբրեւ Ճեմարանի աշակերտ։ Այսպէս, Հայրս` Սարգիս Սարգիսեան, բախտաւորութիւնը կ՚ունենայ յաճախելու հայ գրչի ու մտքի տիտաններու շունչովը հարուստ, հայեցի ու ազգային առողջ դաստիարակութեան այս օճախը։ 1943 Յունիսին՝ Լեւոն Շանթի ձեռամբ, հայրս, իր չորս դասընկերներուն հետ կը ստանայ Ճեմարանի վկայականը։
Ինքնաբերաբար, տարիներ ետք, ծնողքս նոյնպէս՝ մեր ձեռքերը բռնած, քոյրիկներս ու զիս առաջնորդեցին դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարան։ Դէպի երկինք սլացող այդ չորս շէնքերուն ու արմաւի ծառերով բեղուն շրջակայ բակին մէջ ապրեցայ մանկապատանեկան քնքոյշ օրերս։ Մանկապարտէզի անհոգ օրերէս կը յիշեմ «փիք-փիք»ները, Տիկ. Լուսինին եւ Տիկ. Գարմէնին խամաճիկները եւ մեր գոյնզգոյն եւ ճոխ հանդէսները։ Նախակրթարանի տարիներուն, մեր ընտանիքը աւելի մօտեցաւ Ճեմարանին, երբ հայրս քաղաքի ՀՄԸՄ-ի ակումբին կից, նոր կառուցուած շէնքին մէջ, յարկաբաժին մը գնեց։ Լաւ կը յիշեմ, առտուները երբ զանգը կը զարնէր, արագ կը վազէինք, ու Ճեմարանի ետեւի կանաչ դուռէն ներս մտնելով կը շարուէինք բակին մէջ։ Հոն էր որ միշտ կը ճեմէին Ճեմարանի երկու սիւները, առաջին հունձքէն՝ պրն. Գառնիկ Բանեանը եւ պրն. Մուշեղ Իշխանը։ Անպայման պէտք է մօտենայինք զիրենք բարեւելու եւ գլուխնիս քիչ մը խոնարհելով՝ կը սպասէինք որ պարոն Բանեան իր ափը դնէ մեր գլխուն վրայ եւ օրհնէ մեզ։
Միջնակարգի տարիներուն, Ճեմարանի աշակերտներուն թիւը հասած էր գրեթէ հազարի եւ մեր դասարանի աշխոյժ, անհանդարտ, «ֆաուտաճի», բայց հետաքրքիր եւ աշխատասէր աշակերտները, ըստ մեր ուսոցիչներուն՝ ապագայ կը խոստանային։ Սակայն, եօթներորդ դասարանի վերջաւորութեան, յանկարծ սկսաւ Լիբանանի պատերազմը, խանգարեց մեր Ճեմարանական կեանքը, եւ իրարմէ բաժնեց հարազատներ եւ ընկերներ։
Իմ ընտանիքս ալ գաղթեց Զուիցերիա։ Ի՜նչ գեղեցիկ եւ խաղաղ երկիր… Սակայն չկար մեր ընկերներու հարազատ ջերմութիւնը եւ իւրայատուկ մթնոլորտը։ Ամէն օր կարծես մեզի համար դժոխք էր հոն ապրիլը, եւ անդադար վերադառնալ կ’ուզէինք։ Եւ երկու տարի ետք, 1977-ի ամրան, վերադարձանք «տուն»։
Ճեմարանի լսարանական տարիներս աւելի լաւ դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ։
Այդ օրերուն, թէեւ քաղաքական կացութիւնը մնաց անկայուն, սակայն անժխտելիօրէն՝ մենք Ճեմարանէն ստացանք հայեցի բարձր դաստիարակութիւն։ Ընդհանուր զարգացման բազմակողմանի եւ բարձր մակարդակի կողքին, մեր ուսուցիչները մեր հոգիներուն մէջ վառ պահեցին հայ լեզուի եւ մշակոյթի սէրը ու մենք հաղորդակից դարձանք հայ արժէքներուն։
Հոս՝ իմ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներս կ’ուզեմ յայտնել Ճեմարանի մտքի մշակներուն՝ մեր բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք հաւատացին ու կը հաւատան այս կրթական կառոյցի յատուկ առաքելութեան, չխնայեցին ժամանակ, սէր եւ հանգիստ՝ այդ տեսլականին հասնելու եւ հասցնելու համար նորահաս սերունդները տարուէ տարի: Շնորհակալութիւն, պրն. Մուշեղ Իշխան, տիկին Եոլանտ Աճէմեան (Madame), պրն. Հրաչ Տասնապետեան, օրդ. Ալիս Գազանճեան, պրն. Տիգրան Ճինպաշեան, պրն. Անթուան Քէհեայեան (Sir), տոքթ. Գրիգոր Շահինեան, դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, պրն. Երուանդ Փամպուքեան, տիկին Անի Ճիկէրեան, օրդ. Ռիթա Գրիգորեան, օրդ. Մանուշակ Պոյաճեան, օրդ. Մատլէն Շիրինեան, դոկտ. Սուպհի Թահհան, դոկտ. Իսսամ Գոլէյլաթ, պրն. Յարութիւն Քիւրքճեան, տիկին Անահիտ Սէթեան, օրդ. Անահիտ Երամեան, տիկին Արփի Քիւրքճեան, տէր եւ տիկին Եփրեմ եւ Հանրիէթ Քէշիշեան, տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Շաքէ Բատոյեան, օրդ. Վարդի Եաղլեան, օրդ. Զէփիւռ Մարտիրոսեան, պրն. Գէորգ Գանտահարեան, պրն. Կիւվերջինեան (Guv), պրն. Յովհաննէս Յարութիւնեան, օրդ. Սեդա Արզումանեան… Վարձքը կատար մեր բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք համբերութեամբ, գուրգուրանքով եւ զոհողութեան սքանչելի ոգիով՝ Ճեմարանի յարկէն ներս այսքան տարի շունչ եւ կեանք սպառած են եւ կերտած են մեր նկարագիրները ու շատերուս համար եղած են երկրորդ ծնողք։ Կը յուսամ բոլորն ալ յիշած եմ ու չեմ մոռցած մէկը։ Ներողամիտ եղէք…
Ընդհանրապէս, ամէն ուսուցիչի կեանքին հետ կապուած կ՚ըլլայ յատկանշական դրուագ մը, որ կը ցոլացնէ անոր նկարագիրը։ Հոս պիտի յիշեմ դէպք մը՝ Պրն. Մուշեղի դասապահէն, որ կը ներկայացնէ իր բարի, ազնիւ եւ զգայուն նկարագիրը։ 12-րդ դասարան էինք, պատերազմի օրերուն։ Մեր դասընկերներէն մին՝ գիշեր մը, ճարպիկօրէն կրցած էր ձեռք ձգել յաջորդ օրուան Հայերէնի գրաւորի հինգ հարցումները։ Այդ գիշեր, ան, մէկիկ-մէկիկ մեր բոլորին տունը այցելեց, որպէսզի հարցումները արտատպենք։ Բոլորս ալ Ճեմարանի յատուկ գրաւորի թուղթերը ունէինք արդէն մեր քովը, մեզի կը մնար հարցումները եւ պատասխանները գրել թուղթին վրայ։ Յաջորդ օրը բոլորս անհամբեր կը սպասէինք մեր Հայերէնի դասապահուն։ Հարցումներով ու պատասխաններով պատրաստուած գրաւորի թուղթերը մեր գրասեղաններուն մէջ զետեղած էինք արդէն։ Գրաւորի ընթացքին կամաց մը պիտի փոխարինէինք երկու թուղթերը։ Երբ պրն. Մուշեղ մտաւ դասարան, գրաւորի պարապ թուղթերը բաժնեց մեզի, ու սկսաւ հարցումները գրել պատին վրայ։ Չորրորդ հարցումը գրելէն ետք յանկարծ կանգ առաւ ու դառնալով ըսաւ. «Տղաք, այսօր միայն 4 հարցում պիտի տամ ձեզի։ Այսչափով կը բաւարարուինք…»։ Բոլորիս վրայ պաղ ջուր թափեցաւ կարծես։ Չէ՞ որ հարցարանի թուղթին վրայ «հինգ» հարցումներն ու պատասխաններն ալ գրած էինք… «Բայց Պարոն», սկսանք բացագանչել, «մենք շատ լաւ սորված ենք գրաւորը, 5րդ հարցումն ալ մեզի տուր հաճիս» ըսինք ու փորձեցինք համոզել զինք։ Պարոն Մուշեղ՝ իրեն յատուկ համեստութեամբ եւ պարզութեամբ, փոքր ժպիտ մը երեսին՝ ընդառաջեց մեր խնդրանքին ու պատին գրեց հինգերորդ հարցումը։ Ես կը հաւատամ, որ ինք կռահեց եղելութիւնը, անդրադարձաւ մեր խնդրանքի տարօրինակ բնոյթին եւ գիտցաւ, որ մենք կը փորձենք խարդախել զինք։ Ազդակ օրաթերթը լայն բանալով, կարդալու սկսաւ, ու ձգեց որ մենք մեր «գործը» շարունակենք։
Անմոռանալի են այն գողտրիկ վայրկեանները՝ երբ պրն. Մուշեղ Իշխան կը սիրէր քակել մանրավէպերու իր հարուստ ծրարը։ Հոն կային Ճեմարանէն յուշեր, տիպարներ եւ դեռ ինչե՜ր… Իր գրականութիւնը մեզի համար դարձաւ տուն, ուր կը գտնենք մենք մեզ իբրեւ «տանտէր հարազատ»։
Մեր դասարանը միշտ եղած է համերաշխ եւ ընկերային։ Ինչ որ ըրած ենք, ըլլայ բարին կամ «չարը»՝ ըրած ենք միասին։ Մեր դասարանի անդամները օժտուած էին զանազան տաղանդներով՝ գիտական, մարզական կամ երաժշտային։ Այսպէս՝ մեր դպրոցի վերջին տարին, ծնունդ առաւ նաեւ ՃԵՄ նուագախումբը։ Մի քանի ամիս տուներու մէջ փորձեր կատարելէ ետք, 18 մայիս 1980-ին կայացաւ ՃԵՄ-ի էսդրատային-երաժշտական առաջին ելոյթը, որ եղաւ հրապարակային՝ տնօրէնութեան բացառիկ արտօնութեամբ։ Հայկական, Ֆրանսական եւ Ամերիկեան նուագով ու երգերով փաստեցինք որ ոչ միայն մեր դասերուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրել գիտենք, այլ նաեւ ունինք ընկերային նուիրման պատրաստակամութիւն եւ երախտագիտութիւն՝ մեր սիրելի Ճեմարանին նկատմամբ, քանի հասոյթը՝ մեր որոշումով, ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին։ Ու այսպէս գրեց Պարոն Շահինեանը՝ Ջահակիրին մէջ։ «Շատ կարճ ժամանակի մը մէջ, այս նուագախումբը պատրաստած էր երգի եւ նուագի յայտագիր մը, որ նախանձը կրնար շարժել արհեստավարժ խումբերու։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ բացառիկ լրջութեամբ, բեմի ապշեցուցիչ վարժութեամբ եւ կատարողական արուեստով մը, որ հիացում պատճառեց բոլորին»։ Վստահ եմ, արդէն իսկ մեր բոլորին յիշողութիւնէն ընդմիշտ չքացած են մեր պարագայական չարաճճիութիւնները, բայց ... ՃԵՄը չի՛ մոռցուիր։
Շուտով հասաւ մեր բաժնուելու պահը։ 5 յուլիս 1980, Նշան Փալանճեան մայր շէնքի աստիճաններուն տակ, մենք ստացանք Ճեմարանի վկայականը ու դարձանք յիսնամեակի հունձքը։ Մեր հոգին, լեցուած Ճեմարանով, մենք ամո՛ւր ու ընդմի՛շտ կապուած մնացինք մեր սիրելի Ճեմարանին, անոր գաղափարական աշխարհին, ազգային-ընկերային ընբռնումներուն, բարոյական մթնոլորտին, շունչին եւ այդ բոլորին ճամբով՝ հայութեան ու անոր բոլոր արժէքներուն, հայութեան եւ անոր բոլոր իրաւունքներուն, հայութեան եւ անոր պայծառ ապագայի անխորտակելի տեսլականին։
Նոյն այդ տարին՝ 1980-ին, հեռաւոր Ամերիկայի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հիմը կը դրուէր հայ ազգային այլ վարժարանի մը, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցին։ Որու՞ն միտքէն կ’անցնէր, թէ օր մը պիտի վարէի այդ դպրոցին տնօրէնութիւնը։ Պարոն Տասնապետեան հպարտ պիտի ըլլար ինձմով։ Եւ մե՛զի հետ, ու մե՛ր միջոցաւ, Ճեմարանական դաստիարակութիւնն ու ոգին արտայայտութիւն կը գտնեն հեռաւոր գաղութներու մէջ, միշտ ի սպաս հայ դպրութեան, մշակոյթին, ազգային կեանքին եւ Հայ դատին։
Մեր կեանքին ամէնէն քաղցր յիշատակները իր պատերուն մէջ պարփակող հաստատութիւնը այս տարի դարձաւ 90 տարեկան։ Իսկ մեր դասարանը՝ 5 յուլիս 2020-ին կը տօնէ իր քառասնամեակը… Քառասուն տարիներ անցած են այդ օրէն, երբ մենք ալ դարձանք հպարտ շրջանաւարտ եւ այսօր, թէեւ ֆիզիքապէս կը գտնուինք իրարմէ հեռու, սակայն մեր մէջ «մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան»ի սրբազան զգացումը կը մնայ անմա՛ր եւ մնայուն։
1980 «Րաֆֆի Տատեան» Հունձք
Ագըլեան Րաֆֆի, Աֆարեան Երուանդ, Գարագաշեան Րաֆֆի, Գրոշեան Արտա, Զէյթլեան Կարինէ, Իսահակեան Հրաչ, Լուռեան Արտա, Հալաճեան Վաչէ, Ճիզմէճեան Անի, Շամլեան Ցոլինէ, Պոյաճեան Շողիկ, Սահակեան Վիգէն, Սարգիսեան Կրէյս, Սարգիսեան Միրնա, Սարեան Սերգօ, Տասնապետեան Սանան, Փելթէքեան Նոյեմի:
Այս գրութիւնը կը ձօնեմ մեզմէ տարի մը առաջ առ յաւէտ բաժնուած, մեր դասընկերուհի՝ Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեանին։
Կրէյս Սարգիսեան-Անտոնեան
1980-ի Շրջանաւարտ
Սան Ֆրանսիսքօ