Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՄԵԿՆԱՐԿ
Եթէ մեր յիշողութեան անիւը դէպի ետ դարձնենք (դարձնողին տարիքը կարեւոր չէ), պիտի տեսնենք, որ 35 տարի առաջ, այս օրերուն, հայութիւնը հազուադէպ եռեւեփումի մէջ էր:
Խորհրդային Միութիւն կոչուած կարմիր կայսութիւնը կը մօտենար վերջալոյսին: 80-ականներու կէսերուն, Մոսկուայի ղեկին հասած Միխայիլ Գորբաչովի անուան կապուած երկու հասկացութիւններ՝ վերակառուցում եւ հրապարակայնութիւն (փերեսթրոյքա եւ կլասնոսթ) ստեղծած էին բազմաշերտ եւ բազմայարկ ալիքներ, որոնց վրայ կը նաւարկէին մէկ կողմէ՝ Արեւելք-Արեւմուտք մեղմացումի նաւերը, իսկ միւս կողմէ՝ խորհրդային ազդեցութենէ եւ տիրակալութենէ դուրս գալու ձգտում փայփայող երկիրները:
Պատմութիւնը ծանօթ է: Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, 1988-ի Փետրուարին, սկիզբ առաւ Արցախեան Շարժումը, որ նորագոյն էջ մը բացաւ պատմական Հայաստանի մէկ անբաժանելի մասը եղող այդ շրջանին՝ անկախական, ազատագրական եւ մայր Հայաստանին վերամիանալու երթին մէջ (Արցախը ծանօթ էր Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ անունով):
Փետրուար 1988-ը տարին ընդունուած է իբրեւ Արցախեան շարժումի մեկնարկի տարի: Խորքին մէջ, Արցախի անկախական՝ սեփական ճակատագիրին տէրը ըլլալու եւ օտարի տիրապետութենէն ու ազդեցութենէն ձերբազատելու շարժումը նորութիւն չէր հայկական այդ երկրամասին մէջ: Եթէ քիչ մըն ալ պրպտենք մեր յիշողութիւնը, կը հասնինք մինչեւ Իսրայէլ Օրիի, Դաւիթ Բեկի եւ ժառանգորդներուն օրերը, երբ Արցախը եղած էր նոյնինքն Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրական շարժումին օրրանը: Այսուամենայնիւ, 1988-ի շարժումին դրդապատճառները, առանց խզուած ըլլալու յիշեալ արմատէն, չծագեցան 1988-ին. Արցախը եւ Նախիջեւանը, ստալինեան կամայական հաշուարկներով՝ Ազրպէյճանի հոգատարութեան տակ դրուելու օրէն իսկ, այդ շարժումը գոյութիւն ունէր, խորհրդային տարիներուն իսկ մանր խռովքներ պատճառած էր կայսրութեան մէջ, երբ ազերի բռնադատողը թրքաբարոյ արարքներ գործած էր բնակիչներուն դէմ (60-ականներուն եւ այլ հանգրուաններու): Հետեւաբար, երբ կը խօսինք 1988-ի շարժումին մասին, չենք կրնար անտեսել նախընթաց պատմութիւնը. այլ խօսքով, երբ այսօր կը խօսինք Արցախեան շարժումին մասին, առաւելաբար ի մտի կ’ունենանք նորագոյն դարձակէ՛տը, որմէ ասդին, շարժումը մտաւ յարատեւող եւ անդառնալի հունի մէջ:
Արցախեան Շարժում ըսելով՝ մէկ օրուան կամ մէկ քանի շաբթուան դէպքերու մասին չենք խօսիր, այլ՝ ամբողջ հոլովոյթի մը, որուն նախաքայլերը տեսնուեցան տարի մը առաջ, իսկ 1988-ի Փետրուարին, թեւակոխեցին ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ փուլ մը: Արցախի ժողովուրդը (իբրեւ մէկ մասնիկը Խորհրդային Միութեան), այդ օրուան օրէնքներուն եւ պետական իր կառոյցներուն՝ խորհրդարանին ճամբով սեղանի վրայ դրաւ իր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ իրաւունքները, յայտարարելով, որ կը մերժէ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, կ’ուզէ անկախանալ եւ իբրեւ վախճանական նպատակ՝ վերամիանալ Հայաստանին:
Արցախէն հնչած փողին արձագանգները շատ արագ՝ ելեկտրական հոսանքի պէս հասան Հայաստան եւ հայկական Սփիւռք, ներգրաւեցին ամբողջ հայութիւնը: Այդ մեկնարկն էր որ շարժման մէջ դրաւ համայն հայութիւնը, միացուց բոլորին ձայնն ու ձեռքերը, ճամբայ հանելով նոյնինքն Հայաստանի վերանկախացման եւ «Դէպի երկիր» շարժումները:
ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՃԱՄԲԱՅ ԵՒ…
Արցախեան Շարժումը առաջին իսկ օրէն ինքզինք գտաւ անանցանելի թուացող լեռներու դիմաց (այս սիւնակին մէջ պիտի բաւականանանք ընդհանրապէս արցախեան իրադարձութեանց ակնարկութիւններով, իսկ Հայաստանի զարգացումներուն եւ յարաբերութիւններուն մասին պիտի խօսինք իբրեւ յարակից գիծեր):
Առաջին արգելքը եկաւ Խորհրդային Միութեան կեդրոնէն, որովհետեւ Արցախի դիմումին առաջին հասցէն խորհրդային մայրաքաղաքն էր: Մոսկուաեն հնչած «ոչ»ը համահունչ էր Ազրպէյճանի «ոչ»ին:
Շուտով Հայաստանը միացաւ Արցախի դիմումին: Երեւանի մէջ նոյնինքն Փետրուարի երկրորդ կիսուն ծայր առին բողոքի եւ պահանջատիրական ցոյցեր, որոնք արագօրէն ուռճացան, 25 Փետրուարին հասան մէկ միլիոնի հաւաքին: Բացի օրուան համայնավար ղեկավարութենէն, որ ուրիշ ճամբայ չունէր, քան քայլ պահել Մուսկուայի քաղաքականութեան հետ, հայութիւնը միացաւ այդ «ոչ»ին դէմ ընդվզումի ալիքին: Պահանջատիրութեան միացան օրուան կաթողիկոսը, իբրեւ քաղաքական այլախոհ ճանչցուած դէմքեր (չմոռնանք, որ կուսակցութիւնները արգիլեալ պտուղ էին Խորհրդային Միութեան մէջ), գիտնականներ, մտաւորականները, գրողներ, արուեստագէտներ եւ, մէկ խօսքով, հայութեան ծիածանը կազմող ամբողջութիւնը (աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ ծիածանին կարմիրը կազմողներ եւս համակրանք ունէին Շարժումին նկատմամբ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Ցեղասպանութեան յիսնամեակի օրերուն, նախորդները լուռ կերպով ձայնակցած էին «մեր հողերը» կանչերուն…):
Եթէ Մոսկուայէն հասնող արգելքը (չկրկնենք, թէ ի՛նչ հաշիւներով) ընդհանրապէս քաղաքական-կուսակցական բովանդակութեան մէջ էին, Ազրպէյճանի արգելքը ունեցաւ շատ աւելի կարմիր դրսեւորում: Ազրպէյճանի քաղաքական միտքը ունէր – մինչեւ այսօր ալ ունի . թրքատիպ ոճ մը՝ ոճիրը: Ու եղան Սումկայիթ ու Պաքու, որոնք նոր ժամանակներու տարեգրութեանց մէջ արձանագրուեցան փոկրոմ խորագիրին տակ, հետեւեցան արցախեան շրջաններու վրայ յարձակումները, որոնք ի վերջոյ կացութիւնը հասցուցին ճակատումներու. Պայթեցաւ Արցախի ազատամարտը:
…ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՆ
Ճակատումներու առաջին փուլին, Ազրպէյճան ունեցաւ խորհրդային ուժերուն զօրակցութիւնը, առնուազն՝ կրաւորական անտարբերութիւնը, միջամտելու դանդաղկոտութիւնը: Հայկական ուժերը, հիմնականին մէջ արցախեան ուժերը իրենք զիրենք գտան երկու սուրի միջեւ: Հայութեան քաղաքական թեւն ալ տակաւին իր առաջին քայլերը կ’առնէր միջ-պետական յարաբերութիւններու եւ ճակատումներու դաշտին մէջ. Հայաստանի բազուկը վարանոտ էր, սակայն այլապէս, Երեւանէն զօրակցութիւն չխնայուեցաւ Արցախին:
Հիմնականին մէջ, սկզբնապէս՝ սահմանափակ, յետոյ աւելի լայնածիր բախումները կլանեցին ամբողջ Արցախը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ՝ Մարտակերտի շրջանէն մինչեւ Հատրութ տարածուող գօտիները: Արեւմուտքէն՝ Ազրպէյճան այդ օրերուն ալ փակած էր Բերձորի (Լաչինի) ճամբան: Զուգահեռաբար, բացուեցան քաղաքական սակարկութեանց սեղաններ, ուր հրապարակ նետուեցաւ Սիւնիքի վրայով Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող գոտիի մը ծրագիրը, ի դիմաց Արցախին (ան)որոշ իրաւունքներու շնորհումին: (Նորագոյն արձագանգները կը հնչեն վերջին տարիներուն):
Մինչեւ 1994, այսինքն՝ մինչեւ Շուշիի եւ սահմանային այլ գօտիներու ազատագրումը, մինչեւ հարաւային Արցախի միացումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մարզին, ունեցանք հսկայական վնասներ: Ազերիական թնդանօդներուն, ծանր զէնքերուն, օդուժին եւ գերակշիռ թիւով բանակներուն՝ հայ զինուժը, ֆետային դէմ դրին համեստ միջոցներով, սկսելով որսի հրացաններէ եւ համեստ գնդացիրներէ: Գէորգ Չաւուշները, Աղբիւր Սերոբները, Հրայր Դժոխքները, Մուրատները եւ բիւրաւոր անմահները վերապրեցան նորօրեայ հերոսներուն մէջ ու անմահութեան պսակին հասցուցին Պետոներն ու Շահէնները, Տուշմաններն ու Դեւ Դաւիթները, զոհաբերողներու ամբողջ փաղանգներ: Ստեփանակերտի, Երեւանի, Գիւմրիի, Սարդարապատի մէջ եւ այլուր, այդ անմահները այսօր կը ննջեն՝ հայրենիքին ու ազգին ծառայած ըլլալու գոհունակութեամբ, հայութեան կռնակը շտկած ըլլալու վստահութեամբ: Սակայն անոնց հանգիստը անխռով չէ…
Սկզբնական կորուստներէ եւ նահանջներէ ետք, հայութեան երկու բազուկները՝ քաղաքական եւ պաշտպանական կարողութիւնները, իրարու նեցուկ դառնալով, ի վերջոյ յաջողեցան բարեշրջում յառաջացնել դէպքերու ընթացքին մէջ: Նահատակներուն արիւնը ի զուր չէր վատնուած: Քաղաքական թեւն ալ գտաւ կռուողին-պաշտպանողին թիկունքը ապահովելու ձեւերը, ապահովեց զօրակիցներ եւ աջակցողներ, զանոնք վերածեց դաշնակիցի, շահերու ներդաշնակութիւն ստեղծելու ըստ կարելւոյն: Հողային կորուստները վերականգնեցան, քայլ առ քայլ հող շահեցաւ Արցախի ինքնորոշման եւ իր ճակատագիրին որոշման մէջ խօսք ունենալու արցախցիներուն իրաւունքներու ճանաչումը: Բնականաբար Ազրպէյճան միշտ ալ մերժեց – այսօր ալ կը մերժէ – արցախցիին քաղաքական՝ ինքնորոշումէն մինչեւ անկախութիւն եւ Հայաստանի վերամիացում իրաւունքները, սակայն եթէ ընդհանուր հաշուեկշիռի ենթարկենք հայութեան նկատմամբ միջազգային կեցուածքը, անվիճելիօրէն կրնանք արձանագրել, որ հայութեան արդար տեսակէտն ու կեցուածքները հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած են: Ամէնէն պարզ պատկերը կ’երեւի Մինսքի խմբակին կազմութեան եւ երկարաշունչ աշխատանքին մէջ, առանց մոռնալու Արցախի զօրակցական բազում բանաձեւերն ու որոշումները:
1994-ին շահուած յաղթանակն ու Արցախի հողերուն մեծ մասին վերատիրացումը իրենց շեշտակի խօսքը ունեցան յաջորդ տասնամեակներուն տարուած բանակցութիւններուն մէջ, որոնք կտրեցին բազմաթիւ հանգրուաններ եւ տարեգրութեանց մէջ արձանագրուեցան այս կամ այն քաղաքին մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն կամ տարազներուն խորագիրներուն տակ: Գետնի վրայ, Գետաշէնն ու Շահումեանը մնացին խլուած, սակայն քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ, ազերիական կողմը հարկադրուեցաւ իրողապէս ճանչնալու հայկական կողմին իրաւացիութիւնը:
Միշտ ալ վէճի նիւթ եղած է ու պիտի մնայ, թէ Արցախի կարգավիճակին եւ իրաւունքներուն յառաջ մղումը արդեօք որքա՞ն պիտի շահէր, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը ճանչցած ըլլար իրո՛ղապէս, նա՛եւ միջազգային գետնի վրայ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած՝ Արցախի հանրապետութիւնը, սակայն պէտք չէ արհամարհել միջազգային օրէնքներու յարուցած այն արգելակները, որոնք Երեւանի վարիչները ետ կանգնեցուցին նման քայլէ: Հայաստանի համար, եղան պահեր (գոնէ նշոյլներ), թէ կարելի էր «Գորդեան հանգոյցը» կտրող սուրը ձեռք բերել, սակայն…
Եթէ հայկական կողմը Արցախի իրաւունքներուն, գոնէ ինքնորոշման եւ Ազրպէյճանի կազմէն դուրս միաւոր ըլլալու ճամբուն վրայ յառաջաքայլեր արձանագրեց (թէեւ միջազգային յարաբերութիւններուն եւ հաշիւներուն պատանդի վիճակը կարելի չեղաւ թօթափել միանգամընդմիշտ), անդին, ազերիական թշնամական արարքները դադար չունեցան: 1994-ին յաջորդած՝ համեմատական խաղաղութեան տարիները միշտ ալ կարմիր հետքեր թողուցին մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն վրայ: Սկսելով սահմանային յաճախակի կրակոցներէ, սահմանափակ ռմբակոծումներէ եւ հազար ու մէկ ոտնձգութիւններէ, մինչեւ Քառօրեայ պարերազմը (2016) եւ Տաւուշի ճակատումը (2020), նժարը ընդհանրապէս ի նպաստ եղաւ հայկական բազուկին: Այդ մանր ու լայնածիր ճակատումներուն ալ, հայկական զինուժը ունեցաւ սուղ կորուստներ (շեշտենք, որ մէկ հայ զինուորի կեանքին կորուստն ալ մեծ կորուստ է), Եռաբլուրը նոր տարածքներ գրաւեց դժբախտաբար, սակայն Թուրքիոյ ուղղակի եւ անուղղակի զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը վայելող ազերի թշնամին պահուեցաւ զսպաշապիկի մէջ: Այդ տարիները եղան երկու բազուկներով յաղթանակներու ժամանակաշրջան:
ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
Սկիզբը նշեցինք, որ մեր ակնարկին սեւեռակէտը պիտի ըլլայ Արցախը, սակայն պէտք է արձանագրենք, որ իրագործումներուն մէջ, Արցախը իր կողքին ունեցաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի բոլորանուէր աջակցութիւնը: Հայաստանը, իր պետական համակարգով, իսկ Սփիւռքը՝ իր կամաւորներով եւ նիւթական զօրակցութեամբ: Արցախեան առաջին պատերազմէն կիսաւեր դուրս եկած, անկէ առաջ՝ ազերիական անտեսումի 70 տարիները ետին թողած Արցախը, իր մարզային եւ ազատագրեալ շրջաններով, առաւել կամ նուազ չափով ապրեցաւ վերականգնում: Հայաստանի տրամադրած զօրակցութեան կողքին, Արցախը ունեցաւ նաեւ Սփիւռքի շօշափելի աջակցութիւնը, որուն ամէնէն աշխուժ բազուկը եղաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը (չենք անտեսեր անհատներու եւ միութեանց ու կազմակերպութեանց բերած նպաստները): Կիսաքանդ Շուշին ու Ստեփանակերտը, բազում այլ շէներու հետ, քայլ առ քայլ մօտեցան արդի քաղաքներու վիճակին, ճամբաներու ցանցը անվիճելիօրէն բարելաւուեցաւ. մանր գիւղեր վերականգնեցան, նորեր աւելցան նախկիններու վրայ, երկրի տնտեսութիւնն ու ընկերային-մշակութային կեանքերը բարելաւման ճամբու մէջ մտան (զանազան արտադրանքներու զարգացում, արտածումներու յաւելում), պատմական կոթողներ վերարժեւորուեցան եւ լումաներ ապահովեցին զբօսաշրջութեան մարզին: Որոշ մարզերու մէջ, Արցախը ո՛չ միայն ինքնաբաւութեան հասաւ, այլ նաեւ սկսաւ մասնակից դառնալ Հայաստանի կարիքներուն բաւարարման: Ո՛չ ոք կրնար մտածել, թէ Շուշին տժգւոյն է ու դժբախտ, ո՛չ իսկ… այս տարազումը հրապարակողը:
ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ԱՆԿՈՒՄ, ՆԱՀԱՆՋ, ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ
Դրական ընթացքը, նաեւ 1994-էն ետք ստեղծուած ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն վիճակը (սթաթուս քօ) ընդհանուր առմամբ կայուն մնացին մինչեւ 2020-ի Սեպտեմբերը, երբ ազերիական բանակը, Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական վոհմակներու հետ միասին, Արցախի դէմ շղթայազերծեց լայնածիր պատերազմ մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ խորագիրին տակ: Այդ պատերազմը ունեցաւ իր սեփական խորագիրներու շղթան, որոնք են՝ շուրջ հինգ հազար զոհ, Արցախի տարածքին մօտաւորապէս 75 առ հարիւրին բռնագրաւումը՝ թշնամիներուն կողմէ, գաղթականներ, նիւթական հսկայական վնասներ, զինուժի խորտակումը եւ իրողական թողլքումը, տնտեսութեան յենարաններու հասած կացինի հարուածներ (ջուրի աղբիւներ, երկրագործութեան կալուած, ելեկտրակայաններ…):
Այսօր, կարելի է երկար վիճիլ, թէ Հայաստանի նախկին իշխանութիւններու սխալներու այլատեսակ թերութիւնները ի՞նչ բաժին ունեցան պատերազմին ճամբայ բացող տուեալներուն մէջ, սակայն կարելի չէ երկար վիճիլ այն ճշմարտութեան շուրջ, որ 2018-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած՝ այլապէս դրական իշխանափոխութիւնը (նկատի ունինք խոստումները) գլխաւոր բաժին ունեցաւ – եւ կը շարունակէ ունենալ – Արցախին հասած պատուհասներուն մէջ:
Տեղը չէ երկար հաշուեկշիռներ արձանագրելու, թէ ինչեր տեղի ունեցան պատերազմը կանխող երկու, կամ յաջորդող շուրջ երկուքուկէս տարիներուն, որովհետեւ փաստերը գաղտնի չեն, տխուր պատկերը հիւսուած է օր աւուր, ամիս առ ամիս, տարուէ տարի (մայր Հայաստանի հողին վրայ եւս):
Արցախի շուրջ 12 հազար քառ. քլմ. տարածքէն մնացած է շուրջ 3 500-ը. 160 000 եւ աւելի բնակիչներէն Արցախ կը մնան շուրջ 120 000-ը (մէկ մասը վերադարձաւ պատերազմէն ետք, ի պատիւ արցախցիին): Պատերազմին հետքերը չեն դարմանուած (կարելի ալ չէր այս կարճ ժամանակամիջոցին): Զինուժին վերականգնումի ճիգերուն դիմաց կան տեղական եւ արտաքին արգելակներ:
Սահմանային գօտիներ կը մնան ազերիական յաճախակի յարձակումներու եւ բազմատեսակ ոտնձգութիւններու թիրախ: Խլուած շրջանները այլապէս կը հայաթափուին՝ հայուեան հետքերը կը ջնջուին (նախաճաշակ տալով, թէ արցախցիք ինչպիսի ապագայ կրնան վայելել ազերիական խնամքին տակ): Այս բոլորին վրայ արձանագրուեցան մէկէ աւելի «աղ-ու-պղպեղներ»: 9 Նոյեմբերի ահաւոր համաձայնութենէն ետք, բերանացի եւ գաղտնի համաձայնութիւններով, արցախեան որոշ շրջաններ «նուէր տրուեցան» Ազրպէյճանին: Ամէնէն վտանգաւորն էր (միւսները նուազ կարեւոր չէին) Բերձոր-Աղաւնոյ շրջանին նուիրաբերումը, որովհետեւ ահաւասիկ արդարացած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն ընդդիմախօսներուն այն մտավախութիւնը, թէ այդ ճամբուն յանձնումը Արցախի մնացեալ գօտին պիտի վերածէ իրողական պատանդի: Ազրպէյճան մօտաւորապէս 70 օր առաջ փակեց այդ ճամբան, ըստ կամս կը բանայ կամ կը խափանէ կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարման ուղիները, սննդմաթերքի առաքումները եւս ազերիներուն ձեռքին խաղալիք կը մնան, ռուս խաղապահ ուժերն ու Կարմիր Խաչը մասնակիօրէն կը յաջողին ամոքել ահաւոր վիճակը: Այնքա՜ն դատափետուած «նախկիններ»ը իրողապէս եւ մեծ չափով արդարացում կը գտնեն (լա՞ւ է, վա՞տ է, ո՞վ է պատասխանատուն…):
Քաղաքական մարզին մէջ եւս արձանագրուած են ահաւոր նահանջ եւ անկում (չմտնենք Հայաստանի ներքաղաքական խառնիճաղանճին մէջ, այլ բաւականանանք կացութիւնը դիտելով Արցախի հարցերուն ծիրին մէջ): Ուքրանիոյ պատերազմը իր դաժան ազդեցութիւնը ունեցած է Արցախի (նաեւ Հայաստանի) վրայ: Մինսքի խմբակը անդամալուծուած է եւ դարձած՝ Արեւմուտք-Ռուսիա հակամարտութեան մէկ «թափօն»ը (մինչեւ իսկ խաղալիք չէ): Սակայն Արցախի կրած քաղաքական վնասները պէտք չունէին սպասելու Ուքրանիոյ տագնապին ու պայթեցուցած հակամարտութեան, որովհետեւ Հայաստանի «թաւշեայ» իշխանութեան գործակցութիւնը վայելող Ստեփանակերտի իշխանաւորները, երեւացնիներուն պէս, անկէ շատ առաջ ալ բռնած էին վնասաբեր ուղի (թէ անիկա ակամա՞յ էր, գիտա՞կցաբար, թէ՞ անգիտակցաբար, պարտադրուա՞ծ էր այս կամ այն ուժէն՝ իրականութենէն բան չի փոխեր): Փաստը այն է, որ Երեւանի «նորերու» իշխանութիւնը օր մը բաց ճակատով յայտարարեց, թէ նախորդ տարիներուն վրայէն գիծ կը քաշէ եւ իր գործը (Արցախի մասին է խօսքը) պիտի սկսի զեռօ կէտէ, յայտարարեց, որ Արցախը Հայաստան է ու վերջ, յայտարարեց, որ լիարժէքօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի քաղաքական իրաւունքները՝ ինքնորոշում, բանակցութեանց մասնակցութիւն եւ մասամբ նորին, իսկ յետոյ, արագ վազքով փախուստ տուաւ այդ յանձնառութիւններէն: Այսօր, Հայաստանի իշխանութիւնը կ’ըսէ, թէ Արցախը ի՛նք պէտք է լեզու գտնէ Ազրպէյճանի հետ, այս հարցը կը դիտէ իբրեւ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ որոշ տարածքի մը բնակիչ հայերու հարցը (Պոլսոյ հայերն ալ նման իրաւունքներ ունին, նմանապէս՝ Ջաւախքի հայերը, իսկ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայեր ալ իբրեւ փոքրամասնութիւններ կը վայելեն առաւեալ կամ նուազ չափով իրաւունքներ: Ռուսիա գաղթողները իրենց հարցը կը լուծեն… ռուսական հպատակութիւն ձեռք բերելով. անոնք եզակի չեն: Բազմաթիւ արցախցիներ, ներառեալ ազատամարտիկներ այսօր կ’ապրին օրատ երկիրներու մէջ, իբրեւ այդ երկիրներու քաղաքացի…): Այս «տրամաբանութեամբ» է որ Երեւանի իշխանաւորները ճակատաբաց կը բանակցին Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ հետ, նոյն պատրաստակամութեամբ կ’ուզեն հաշուեփակ ընել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որոնք չեն ծածկեր Արցախը վերջնականապէս խլելու, ապա նաեւ 29 800-նոց Հայաստանին այս կամ այն շրջանը կարգով համադամներու վերածելու իրենց դիտաւորութիւնը, դարաւոր ԾՐԱԳԻՐԸ:
Մէկ խօսքով, նահանջն ու կորուստները, անկո՛ւմը հասած են հոն, որ Արցախի հարցը «զրոյական կէտէ» սկսող իշխանութիւնները գրեթէ զերոյացուցած են Արցախը, Երեւան տրամադիր չէ «փլիւս-մինիւս»ի սակարկութեան մէջ մտնելու թշնամիին հետ, 44-օրեայ պատերազմին ու յաջորդած ճակատումներուն գերի ինկածներն իսկ ինկած են լուսանցքէ դուրս:
ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ՅՈՅՍԸ
Այս սիւնակը ճամբայ ելաւ՝ Արցախեան նորագոյն Շարժումին շղթայազերծման եւ կերտած փուլերուն մասին ընդհանուր եւ շատ մասնակի ուրուագիծ մը կազմելու համար: Նշեցինք, որ մեր դիտաւորութեան մաս չէր կազմեր, յաղթանակներէ եւ բարեշրջումէ ետք՝ 44-օրեայ պատերազմով բացուած անկումի եւ նահանջի մանրամասնութիւններուն թուումը: Մեր ուժական եւ քաղաքական բազուկներուն հասած հարուածները, անոնց կրած ահաւոր նահանջները ծանօթ են բոլորին, պատասխանատուներն ալ յստակ են: Երբ իշխանաւորը կրկին ու կրկին կը խոստովանի, թէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան նոր ցեղասպանութիւն կը պատրասեն, ճնշումներով կ’աշխատին Արցախը վերջնականապէս հայաթափել, սակայն ինք անսասան կը մնայ անոնց հետ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու իր երթին մէջ, միաժամանակ խոստովանելով, որ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելէ օր մը ետք իսկ, թրքական նոր յարձակում կրնայ շղշթայազերծուիլ…
Իսկ երբ այս անորակելի «քաղաքական վարպետութեան» դիմաց, Արցախը անսասան կը մնայ իր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ, արդէն ամիսներէ ի վեր բացայայտ հակաճառութեան մէջ է Երեւանի հետ, անգամ մը եւս, մեկնակէտէն 35 տարի ետք ալ, հայութեան յոյսը իբրեւ կիզակէտ ու սեւեռակէտ կը պահէ Արցախը:
…35 տարի առաջ, ազատութեան եւ իրաւունքի, ինքնորոշման, անկախութեան եւ Հայաստանին վերամիանալու կանչը հնչեց Արցախի լեռներէն, արձագանգելով Էրզրումէն, Սասունէն, Սարդարապատէն ու բազում հերոսապատումներէ հնչած շեփորներուն: Այսօր, Արցախի, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի ու հայութեան երկնակամարները կը մնան մթագնած, ներքին բեմի վիճակին կողքին, շրջանային եւ միջազգային իրադրութիւններն ու վտանգաւոր զարգացումները յաջորդական հարուածներ կը հասցնեն Արցախէն հասնող յոյսերուն (իսկ Արցախի ներքին քաղաքական կեանքը, ստեղծուած միասնականութիւնը սասանելու փորձերը այլապէս արհամարհելի չեն, որքան ալ ընդհանուր պատկերին մէջ ստորակէտի տարողութիւն ունենան):
Եւ Արցախի մէջ ստեղծուած միասնութի՛ւնն է որ պիտի ծառայէ, պէ՛տք է ծառայեցնենք իբրեւ խարիսխ ու մեկնակէտ՝ նոր բարեշրջումի, կորուստներու վերականգնումին: Եղիշէ Չարենցի միասնականութեան պատգամէն շա՜տ առաջ, նաեւ անկէ ետք, մեր ժողովուրդը գործնապէս ցոյց տուած է, որ ընկրկումներն ու ընկրկողները դատապարտուած են մնալու անվաղորդայն, հայուն միտքն ու բազուկները, նախընտրաբար՝ աւելի շուտ, քան՝ ուշ, կրնան գտնել «Գորդեան հանգոյցը» կտրող սուրը, գտնել ու բանալ Արցախի եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացման ճամբան, սկսելով Բերձորի անցքին բացումէն: Այս կամքին նկատմամբ կասկած ու հեգնանք սերմանողները եւս պիտի մատնուին անէացման, անոնք ըլլան Հայաստանի, Արցախի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին:
Արցախի պաշտպանական բոլոր մարտերուն ինկած մեր հերոսները վաղը հանգիստ պիտի ննջեն, ու անոնց ընտանիքները վախ պիտի չունենան, որ ոտնակոխ պիտի ըլլան հայանուններու կողմէ: Արցախը 35 տարի առաջ միացուց մեզ, ինչպէս ըրած էր Սարդարապատը: Չենք կրնար լքել մեր այս ինքնութիւնը, ինչպէս որ արցախցին կը յայտատարէ, թէ հայրենի հողէն զատ ապրելու տեղի մասին չի մտածեր:
Մեր նահատակները մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր պատմութեան մէջ, ճիշդ 103 տարի առաջ, արձանագրուած էր 18 Փետրուարը՝ իբրեւ բռնատիրութեան եւ անարդարութիւններու դէմ ժողովրդային պոռթկումի արտայայտութիւն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
19 Փետրուար 2023թ.