կարևոր
2671 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-16 14:34
Քաղաքական

Պրիւքսէլէն ետք յաւելեալ քաոս

Պրիւքսէլէն ետք յաւելեալ քաոս

Երկուշաբթի, 15 Մայիսին, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ արեւը դիմաւորուեցաւ՝ Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսէլեան վերջին հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններու ողողումով: Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շարլ Միշէլի (եւ անոր ետին կանգնող Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պերլինի եւ այլ «խոհարարներու» ) կնքահայրութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տրուած տեղեկութիւնները ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ հաստատեցին, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը սիրայօժա՜ր կերպով Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը նուիրած է «արխատաշ» Ալիեւին: Ըսինք՝ «անգամ մը եւս», որովհետեւ հայութեան մէջ կան ուղեղի կուրութենէ տառապող յուշակորոյսներ, որոնք հակամէտ են մոռնալու, որ մեր հայրենիքին ղեկին նստած մարդուկը շատո՜նց «աւետած» էր այս զիչումը, երբ, չես գիտեր որո՞ւ թելադրանքով՝ մոռացութեան դարակներէն դուրս բերած է Ալմա Աթայի էապէս մոռցուած համաձայնագիրը, հովին տուած էր անոր նկատմամբ Հայաստանի բոլոր վերապահութիւնները եւ ըսած էր, որ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա կը համապատասխանէ Սահմանադրութիւն, օրէնք, ժողովուրդի կամք եւ շատ ու շատ արժէքներ, ԱԶԳԱՅԻ՛Ն արժէքներ ու իրաւունք հովին տալու վարքագիծին:

Չաճապարե՜նք: Հայաստանի իշխանութիւնները մի՛շտ ալ ըսած են, որ կը ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն մի՛շտ ալ ի մտի ունեցած են, որ այդ տարածքին մաս չի կազմեր, չի կրնար մաս կազմել հայապատկան Արցախը, որ, ինչպէս ծանօթ է, հանրաքուէով եւ կամքի այլ արտայայտութիւններով, վճռած էր դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն (մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է): Մինչդեռ, փաշինեանական (ան)տրամաբանութեամբ, Ատրպէյճանի տարածքին ամբողջականութիւնը իր մէջ ունի նաեւ Արցախը, ամբողջ Արցախը, եւ ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անոր ճամբով խլուած հայկական հողերը, ներառեալ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-ն, որ եղած է հայութեան մշակոյթի օրրաններէն մէկը: Փաշինեան իր տրամաբանութիւնը քանիցս բարձրաձայնած էր, ըսելով, որ իր նպատակն է պահել 29 800 քառ. քլմ. տարածութեամբ Հայաստան մը, տարածք՝ որուն ամբողջութիւնը երաշխաւորելու կարողութիւնն ալ չունի…

Հիմա, Պրիւքսէլէն կը հասնին նոր փաստեր. եւ թող աչք ունեցողը տեսնէ, ականջ ունեցողը՝ լսէ: Պրիւքսէլէն հասնող «աւետիս»-ը կ’ըսէ, որ Ատրպէյճան համաձայնած է որ Հայաստան ունենայ 29 800-ի տարածք, որուն դիմաց, Հայաստան կը ճանչնայ 89 600 (կամ 86 600) քառ. քլմ.-նոց Ատրպէյճան մը:

Եւ… խառնաշփոթ պատկերը արդէն կը դառնայ քաոսային, այսինքն՝ քաոսը կը կրկնապատկուի (արդեօք Արարչագործութենէն առաջ տիրած քաոսը այսպէ՞ս էր): Իսկապէս, ի՞նչ կը նշանակէ բերանացի յայտարարութեան եւ գրաւոր հաղորդագրութեան միջեւ տարածքի ա՛յսքան մեծ տարբերութիւն, երեք հազար քառ. քլմ.: Վաղը բանավէճ պիտի ծագի, թէ սա կը նշանակէ, որ Արցախէն մնացած բաժինն է տարբերութեան առանցքը եւ սա պիտի հրամցուի իբրեւ «դիւանագիտական յաղթանա՜կ»: Սա կը հետեւի այն մտածողութեան, որ եթէ Ատրպէյճանէն կարենանք կորզել 9 Նոյեմբերի կորստաբեր յայտարարութեան պայմանները, արդէն «յաղթելու ենք»-ը կը վերածենք «յաղթանակած ենք»-ի:

***

Քաոսին այլ գործօններուն մասին խօսելէ առաջ, կ’ուզենք ընդգծել (մի՛շտ ի մտի ունենալով փաշինեանապաշտները), թէ պրիւքսէլեան բանակցութիւնները ըստ էութեան սեղանի վրայ դրած են Հայաստան-Ատրպէյճան գիծին, այսինքն՝ անոնց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը իրականացնելու միտող նիւթեր: Օրակարգի վրայ էին «ձերբակալուածներու փոխանակման պահանջը»: Սա յայտնապէս կը նշանակէ, որ Հայաստան կը պատրաստուի Ատրպէյճան վերադարձնել այն երկու զինուորականները, որոնք ապօրինաբար մտած էին Սիւնիք եւ անոնցմէ մէկն ալ հայ մը սպաննած էր: Նման հաւանականութիւններով զարմանալու մեր զգայարանքը բթացած է արդէն (ինչպէս որ բթացած են իշխանութեան վնասաբեր ձախաւերութիւնները տեսնել մերժողներուն ուղեղները): Ինչո՞ւ. որովհետեւ այս իշխանախումբը «վաստակ» ունի նաեւ այս կալուածին մէջ զիչումէ զիչում վազելու: 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս ետք, նախապէս Արցախ թափանցած եւ մարդասպանութիւն կատարած երկու ազերի ոճրագործներ յանձնուեցան Ատրպէյճանի, ականապատ տարածքներու ամբողջական քարէսներ նուէր տրուեցան, ոճրագործ Սաֆարով մը Ատրպէյճանին յանձնած (եւ հերոսացուած) Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերու վերահաստատում որոշուեցաւ առանց «փոխարժէքի»: Հիմա ալ «ձերբակալեալներ»ու մասին խօսք կ’ըլլայ, առանց յիշատակելու մեր գերիները (վաղը եթէ անոնցմէ խումբ մը վերադառնայ, ո՛չ ոք պիտի տխրի), որոնց թիւն իսկ յստակ չէ ու դարձած է սակարկութեան նիւթ, Պաքուի կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումի լծակ:

***

Հիմա՝ քաոսին մէկ այլ տարրին մասին:

Պրիւքսէլեան բանակցութիւններէն ետք, յանկարծ աւելի՛ հնչեղ կը դառնան Հայաստանին ու Ատրպէյճանին ուղղուած կոչերը, թէ իրենց զօրքերը պէտք է սահմանգիծէն ետ քաշեն: Ասոնք ալ նորութիւն չեն: Եթէ մոռցած էք, յիշեցէք, որ Փաշինեան քանիցս խօսած է «ուժերը հայելային ձեւով ետ քաշելու» մասին: Այլ խօսքով, Արցախէն ետք, հայկական ուժերը պէտք է քաշուին (եղեր) նոյնինքն Հայաստանի սահմանային գօտիէն: Յստակ է, չէ՞. սակարկութիւնը հիմա կը կատարուի… Հայաստանի հողերուն հաշւոյն: Արդէն իշխանաւորները խուլ ու կոյր կը ձեւանան ընդդիմադիրներու այն դիտարկումներուն դիմաց, թէ Ատրպէյճան Հայաստանէն ընդարձակ հողամասեր գրաւած է – կամ իր հակակշիռին տակ առած -, անոր ախորժակները հոն կանգ չեն առած եւ վերջերս աւելի յաճախ խօսք կ’ըլլայ իբրեւ թէ ազերիապատկան «կղզեակներու» մասին. Ալիեւ որոշած է վերատիրանալ այդ հողերուն: Նոյնինքն Փաշինեան եւս, պատմական եւ աշխարհագրական իրականութիւնները ոտնատակ տալով՝ խօսած է եւ կը խօսի «ազերիներուն պատկանած հողերը պէտք է վերադարձնենք» եւ «պատրաս եմ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու» տրամաբանութեամբ, ատենին հայկական հողամասեր եւ շէներ կոչած էր ազերիական անուանումով (Պապէն աւելի պապական-ը գիտենք, հիմա կը վարժուինք ազեիրէն աւելի ազերիական ըլլալը): Այլ խօսքով, Ալիեւ արդէն իսկ ԱՆՑԵԱԼԻ էջերուն նետած է 29 800-նոց Հայաստան մը, հետեւաբար, Պրիւքսէլի մէջ անոր ընդունածը ոչինչ կը նշանակէ, վաղը Սոթքի, Տեղի եւ սահմանային այլ շրջաններու վրայ յարձակումները կրնան նոր էջերով «հարստանալ»: Իսկ կնքահա՞յրը… Պարզապէս կը շեշտէ խառնաշփոթ պատկերը, քաոսը, որովհետեւ ո՛չ Եւրոպական Միութեան, ո՛չ ալ դաշնակիցի եւ բարեկամի համար իմաստ ունի Հայաստանի տարածութեան չափը: Անոնց համար կարեւորը միւսն է՝ շահն ու առեւտուրը: Եւ զարմանալի՞ է, որ Պրիւքսէլի մէջ բանակցողները կարեւորած են երկաթուղիի վերաբացման եւ այլ ճամբաներու թղթածրարը: Հապա Մարգարայի եւ Անիի կամուրջնե՞րը, Ջերմուկին ու այլոց ուղղուած աչքե՞րը…

***

Հայաստան արագօրէն կը վազէ զիչումէ զիչում, բանակցութեան իւրաքանչիւր փուլ քանի մը աստիճան աւելի՛ կը շեշտէ քաոսային վիճակը: Ուրեմն, ինչպիսի՞ լաւատեսութեամբ պէտք է սպասենք յառաջիկայ հանգրուանները՝ Ռէյքիաւիքը, Քիշինեւը, դարձեալ Պրիւքսէլն ու մէջ ընդ մէջ… Մոսկուան: Միջանկեալ՝ գտնուած է այլ ժամանց մը. Թուրքիոյ ընտրութիւններն ու անկէ սպասուող բարիքները (մինչդեռ Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն որեւէ ատեն բարիք չէ ծնած, ո՛չ մեզի, ո՛չ ալ այլ դրացիներու համար):

Չենք ուզեր այս սիւնակը երկարել՝ արձանագրելով պրիւքսէլեան եւ այլ բանակութեանց ստեղծած արձագանգները, տեղի՛ն մտահոգութիւններն ու նոր կորուստներէ ետ կենալու կոչերը: Դիպուկ էր Արցախէն հնչած ահազանգը եւ այն բնութագրումը, թէ «մենք ոչախր չենք, իսկ ոչխարին վախճանը խորոված ըլլալ է»: Իրա՛ւ հայը, գետնաքարշ իշխանութեան երկրպաքու(*) չեղող հայը գիտէ, կը տեսնէ, թէ հայրենիքին եւ պետականութեան կորուստը օրէ օր կը դառնայ անխուսափելի, կը փաստուի, թէ սուտ են եւ կեղծիք՝ խաղաղութեան ու բարեշրջման՝ իշխանաւորներուն իւրաքանչիւր խոստումը, հաւաստիքը: Իսկ տնտեսական ու ընկերային բարեշրջո՞ւմը: Երբ հայրենիքն ու պետականութիւնը դրուած են սակարկութեան սեղանին…

Լուծո՞ւմը…: Պէտք ունի՞նք կրկնելու այն, ինչ որ ամէն օր ու ամէն ժամ կը ղօղանջէ Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, Սփիւռքի տարածքին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
15 Մայիս 2023