կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-05 15:36
Սփյուռք

Վերցուցէ՛ք ձեր ծունկը մեր պարանոցին վրայէն

Վերցուցէ՛ք ձեր ծունկը մեր պարանոցին վրայէն

«Վերցուցէ՛ք ձեր ծունկը մեր պարանոցին վրայէն»։ Այս բառերով աւարտեց իր ուժեղ պատգամը Ալ Շափիրօ՝ քաղաքացիական իրաւանց ջերմ պաշտպան ու կուռ բեմբասաց կղերականը, երիտասարդ ամերիկացի սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի թաղման արարողութեան` աւելցնելով. «Շնորհ մը չէ մեր պահանջածը, այլ պարզապէս, որ դադրիք մեր վրայ նստելէ ու ձգէք, որ ըլլանք, ինչ որ ենք»։

Ֆլոյտ զոհ գացած էր Միննէափոլիսի ոստիկաններու վայրագութեան 2020 մայիս 25ին՝ շնչահեղձ ըլլալով անոնցմէ մէկուն՝ իր վզին վրայ ծունկով բանեցուցած երկարատեւ ճնշումին ի հետեւանք։ Այդ ցասմնալի միջադէպը տեղի ունեցած պահուն իսկ պատահաբար նկարահանուած էր ու տարածուած յարար աշխարհ ընկերային ցանցերու ճամբով։ Եւ համավարակի ներկայ տագնապին մէջ անգամ ան յառաջացուց ընդվզումի աննախընթաց շարժում մը ոչ միայն ափրիկեցի-ամերիկացիներուն մէջ, այլեւ արդարադատ բոլոր ամերիկացիներուն, յատկապէս երիտասարդներուն, ինչպէս եւ ոչ երիտասարդներուն, ոչ միայն նոյն քաղաքին մէջ, այլեւ ԱՄՆի բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն՝ Ատլանտեանէն Խաղաղական, եւ ոչ միայն այդ երկրին մէջ, այլեւ աշխարհի վրայ քիչ մը ամեն տեղ։

Գրեթէ երկու շաբաթ անց՝ այս տողերը գրուած պահուն, շարժումը տակաւին կ’ահագնանայ, ոչ թէ կը մեղմանայ, եւ յստակ չէ դեռեւս, մանաւանդ բանիմաց իշխանութիւններու բացակայութեան, թէ ո՛ւր պիտի յանգի։

Քենիա Էւլին` «The Guardian»ի Ուաշինկթընի թղթակիցը, թերթի 6րդ` յունիսի թիւին մէջ կ’անդրադառնայ այս հարցին երկար յօդուածով մը («In life and death, George Floyd’s plight reflected the burden of being black in America» – «Կեանքի թէ մահուան մէջ Ճորճ Ֆլոյտի տառապանքը կը ցոլացնէր Ամերիկայի մէջ սեւ ըլլալու ծանրութիւնը»)։ Ան իրաւամբ կը նշէ, թէ այդ երիտասարդը, որ նաեւ վարակուած էր պսակաձեւ ժահրով, այդ համավարակէն չէ, որ կորսնցուց իր կեանքը, այլ զոհ գնաց «ցեղապաշտութեան համավարակին»։

Ցեղապաշտութեան համավարակ… Վաղը, ուշ կամ կանուխ կը գտնուին ժահրը հակակշռելու ու մարմնական առողջութեան սպառնալիքը հեռացնելու միջոցները, սակայն այդ մէկը կարծես անպարտելի կը մնայ դարէ դար, գուցէ հազարամեակէ հազարամեակ։ Արդեօք ծայր տուած շարժումը պիտի կարենա՞յ բան մը փոխել։ Կ’ըսուէր, թէ աշխարհի պատմութիւնը կրնայ ասկէ ետք նկատի առնուիլ ոչ թէ Քրիստոսէ առաջ կամ Քրիստոսէ ետք թուականներով, այլ համավարակէն առաջ եւ ետք ժամանակահատուածներով։ Կրնա՞յ ըլլալ` 2020 մայիս 25ը դառնայ այդ ծխնի թուականը, անկիւնադարձայի՛ն, որմէ ետք չհանդուրժուին այլեւս այն բոլոր անարդարութիւններն ու անհաւասարութիւնները, որ անկէ առաջ հանդուրժուած էին ու կը հանդուրժուէին գրեթէ ամէնուրեք` առանց նկատի առնելու անոնց զոհ դարձող հաւաքականութիւններու չարչարանքները, տագնապները, զրկանքներն ու մասամբ նորին։

Շատ գրուեցաւ ու տակաւին պիտի գրուի այս մասին, յատկապէս օտար մամուլին մէջ (համեմատաբար նուազ՝ մեր մամուլին մէջ), եւ նպատակս չէ մտնել աւելի մանրամասն պատումի մը մէջ, սակայն այս մասին երբ կը մտորեմ, չեմ կրնար չյիշել ի՛մ ալ ժողովուրդիս ապրած դժոխքը սեփական հայրենիքին իսկ մէջ, դժոխք, որուն մահաբեր բոցերը կը շարունակեն հրկիզել մեր գոյութիւնը մինչեւ օրս։

Այս ըսածս հաստատելու համար պիտի ընեմ մէկ մէջբերում «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1890 – 1950» այն բարձրարժէք հատորէն, որ պատրաստած ու խմբագրած է 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ վարչապետ ու հետագային ալ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան, որուն յաւէտ երախտապարտ պէտք է մնանք կոթողային իր այս հրատարակութեան համար։ Այնտեղ` Գառնիկ Գիւզալեանի «Հայոց յեղափոխութիւնից առաջ» յօդուածին մէջ, ի շարս բազմաթիւ այլ վկայութիւններու, կայ նաեւ խումբ մը արեւմտահայերու կողմէ 1890ին, այսինքն՝ մեզմէ 130 տարի առաջ, այն նոյն տարին, երբ հիմը կը դրուէր Հ.Յ. Դաշնակցութեան, Մակար կաթողիկոսին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ հայերու կացութիւնը հետեւեալ բառերով է ներկայացուած. «Ոչ մարդկային լեզուն եւ ոչ ալ նորա գրիչը չեն կարող նկարագրել այն բազմատեսակ ծանր դժբախտութիւնը, որ կրած ենք ու կը կրենք։ Մեր հայրենի հողի վրայ մեր կեանքը խաղալիք է դարձած մեր իշխողներու ձեռքին. մեր կեանքը անապահով դրութեանց մատնուած է, մեր ընտանիքը ամօթաբեր բռնութեանց, մեր զաւակները զոհ են դարձած կոպիտ ուժի, մեր դառն քրտինքով վաստակած հացը մեզմէ կորզելու, մեր զաւակները սովամահ կոտորելու ենթարկուած են, մեր եկեղեցիները կը սրբապղծուին եւ հրոյ ճարակ կը լինին, մեր սրբութիւնները կ’անարգուին եւ մեր հաւատը կը հայհոյուի եւ հոգեւորականութիւնը ենթարկուած է հինգերորդ դարում տեղի ունեցած տառապանաց» («Տեղեկագիր Հայկ. գիտ. ակադեմիայի», 1946, թիւ 10)։

Այս կացութիւնը կը տիրէր այդ թուականէն առաջ անգամ, այդ պատճառաւ էր, որ ԺԹ. դարու սկիզբէն հայերը օգնութիւն կը խնդրէին օտարներէն՝ ռուսերէն, եւրոպացիներէն, սակայն ոչինչ կը փոխուէր իրենց կացութեան մէջ, դաշնագրեր կը յաջորդէին իրարու, որպէս թէ բարենորոգումներ կը խոստացուէին, բայց չկար երկաթէ շերեփ…

Նախանձելի չէր փոքրամասնութիւններու վիճակը ամէն տեղ, եւ հալածանքները, հարստահարութիւնները, հետապնդումները տարբեր ձեւերով, տարբեր մակարդակներու վրայ կը շարունակուէին ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր՝ փոքրամասնութիւններէն խլելով իրենց ինքնորոշման իրաւունքը, իրենց ինքնութիւնը պահելու եւ զարգացնելու իրաւունքը, բոլորին հաւասար ապրելու մարդկային անկապտելի իրաւունքը։ Միջազգային մարմինները՝ Ազգերու լիկան, ՄԱԿը եւ նման կազմակերպութիւնները, չկրցան սրբագրել կացութիւնը։ Աշխարհը մնաց «իրաւունքը զօրաւորին» սկզբունքի համահարթիչ գլանին ներքեւ, եւ այդ «զօրաւորն» ալ այժմ արդէն ոչ թէ պետութիւններ են, այլ բուռ մը անհատներ, որոնք իրենց վերապահած են «արեւ ու անձրեւ ընելու» մենաշնորհը։

Կամ՝ իրենց ծունկերով մեր պարանոցներուն վրայ ճնշելու մենաշնորհը…

Եկող ամիս՝ օգոստոս 10ին, հարիւրամեակն է Սեւրի դաշնագրին` արիւնո՛վ վաստակուած այն դաշնագրին, որ յաջորդեց Մեծ եղեռնէն երեք տարի անց Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերով յարութիւն առած մեր պետականութեան հիմնադրութեան։

Պիտի նշենք, վերյիշենք, յիշեցնե՛նք Սեւրի դաշնագիրը` դաւաճանուա՛ծ դաշնագիրը։

Եւ ազգովին մենք ալ պիտի գոռա՞նք բարձրաղաղակ՝

Վերցուցէ՛ք ձեր ծունկը մեր պարանոցին վրայէն…

Վրէժ-Արմէն

«Դրօշակ», թիվ 7 (1641), հուլիս, 2020 թ.