Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
քապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00- ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Սրահի մուտքին, հանդիսականները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սեպուհ Պապիկեան, իսկ հայերէն՝ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան:
Օրուան բանախօսն էր Զեփիւռ Է. Ռէիսեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ անցեալէն ցայսօր կատարած բռնարարքները, մեր պայքարի աննահանջ երթը, վերջին տարիներուն աշխարհով մէկ Հայ Դատի գրասենեակներուն իրագործած նուաճումներն ու հայ ժողովուրդին պայքարելու վճռակամութիւնը։ Ապա ընդգծեց հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները։
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան.- «Զուարթնոց» երգչախումբը, յաջորդաբար մեկնաբանելով «Նրանք Ընկան», «Դարձիր Անի» եւ «Իմ Հայրենիք» երգերը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, Նայիրի Օհանեան, ասմունքեց Սիամանթոյի «Խաչը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Օհանեանի, Ժագի Մահսերէճեան (դաշնամուր) մեկնաբանեց Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն, «Կիլիկիա» երգը ֆլիւթով հնչեցուց Աննա Մարիա Լէպլէպճեան, Արփի Գրտանեան Ժագ Յակոբեանի «Մէկ Վարկեան Լռութիւն»ը ասմունքեց, Կասիա Պաղտիկեան մեներգեց «Կոտորածն Անգութ» երգը, իսկ Նուէր Ներսէսեան ասմունքեց Յ.Շիրազի «Հայոց Տանթէական» քերթուածը, նազ պարի ընկերակցութեամբ՝ Ալիսիա Լախոյեանի եւ Լիլա Աթաշեանի:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ օրինակներ տալով վեր առաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնն ու ցեղասպանութեան փաստերը վերացնելու ճիգերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքներուն, պահանջատիրութեան եւ պայքարի երթին նկատմամբ ունեցած անկոտրում կամքին եւ վճռականութեան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազար Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։