կարևոր
2668 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-25 13:29
Քաղաքական

Անկախութիւնը անկատար է առանց Արցախի. Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 105-ամեակին ընդառաջ

Անկախութիւնը անկատար է առանց Արցախի. Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 105-ամեակին ընդառաջ

«Հայ Ժողովուրդի երկու հատուածները, Արեւելեան եւ Արեւմտեան, հաւասար կորովով դեր ունեցան Հայաստանի դժնդակ վերականգնումի մեծագործութեան մէջ»

Կարօ Սասունի

Որպէս ազգ ու ժողովուրդ հայութեան գոյատեւման, պետականութեան կերտման ու զարգացման համար անկախութեան գաղափարը հիմք հանդիսացաւ ազգային ինքնաճանաչողութեան։ Հայոց Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք, 1918 թուականի մայիսեան կենաց մահու գուպարը՝ հայութեան գոյատեւելիութեան վերջին տարերային խոյանքն էր։

Անկախութեան սերունդի կերտիչներէն Կարօ Սասունին պատմութեան յանձնած իր վկայութիւններուն մէջ յստակօրէն գրած է, թէ ինչպիսի դժնդակ պայմաններու մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած Արեւմտահայաստանի մնացորդացը կատարեց դէպի Արեւելահայաստան գաղթաշարժը։

Յառնած էր մեր պետականութիւնը, որուն բնակչութեան մէկ երրորդը ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթական հայութիւնն էր։

Ինչպէս Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, այսօր եւս, թուրք-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական գերագոյն նպատակը կը մնայ անփոփոխ, որն է՝ Հայաստանի որպէս պետութիւն անէացումը։

105 տարի առաջ հայ ժողովուրդը Սարդարապատեան մաքառումներով, համախումբ ու կազմակուռ շարքերով ծառացաւ ու պարտութեան մատնեց սպառազինութեամբ գերազանցող թրքական բանակին, որուն նպատակը հայ ժողովուրդի վերջնական բնաջնջումն էր։ Այսօր, երբ հայութեան մէկ հատուածին մօտ մթագնած է մեր ազգային գիտակցութիւնը, երբ գործող իշխանութիւններու ստրկամտութեան պատճառով սասանած են մեր անկախութեան հիմքերը, պահն է վերստին համախմբուելու ու ամրագրելու մեր ազգի դաւանաբանութեան հիմքն ու հաւատոյ հանգանակը՝ ազգակերտումն ու հայրենակերտումը։

Պարտական են գաղթաշարժի ենթարկուած ու հայրենազրկուած սերունդին, որ թշնամիի եղեռնագործութենէն ետք վերապրելով, խիզախութիւնը ունեցաւ արարելու անկախութիւնը, պարտական ենք ինքնակազմակերպուելու ու ինքնադաստիարակուելու, պարտութեան խոցէն ու թմբիրէն ետք վերականգնելու, որպէսզի 20-րդ դարը չդառնայ մեր պատմութեան տապանաքարը։

Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութենէն տասնամեակներ ետք, Արցախեան ազատամարտով ստեղծուած 42 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով Հայրենի բնօրրանի պետական սահմաններու ամբողջական վերականգնումը՝ նախասկիզբ ու հիմնաքար պիտի դառնային պետականակերտման ապագայ տեսլականներուն։

Արցախը Ատրպէյճանական տարածք ճանչնալու վարչապետի կատարած վերջին յայտարարութեամբ՝ Արցախեան պատերազմներուն նահատակուած մարտիկներուն եւ զինուորներուն լուսաճաճանչ ճակատներուն ամօթի մուր է որ կը դաջուի։ Տարածքներ զիջիլ այն յոյսով, որ Ատրպէյճանը գոհացում կը ստանայ քաղաքական միամտութիւն ու սնանկ մտայնութիւն է, որովհետեւ միակողմանի զիջումները նոր պահանջք եւ նոր պատերազմ կ՚ենթադրեն, իսկ գործող իշխանութիւններու դատարկաբանութիւնն ու վարչապետի ապիկարութիւնը՝ օր աւուր կը ստեղծեն հողի կորուստ, հայրենի տարածքի կորուստ, պետականութեան կործանում։

Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը ոտնակոխող որեւէ յայտարարութիւն եւ կամ փաստաթուղթ անընդունելի է եւ մեր ժողովուրդի գալիք սերունդներու լինելութեան դէմ ուղղուած կործանարար քայլ է։ Նման ուղղուածութեամբ կ՚ոտնակոխուի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 1992 թուականի որոշումը, որուն հիմնադրոյթին մէջ կը շեշտուի.

«Սատար կանգնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանը և նրա բնակչութեան իրաւունքների պաշտպանութեանը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած կը լինի Ադրբեջանի կազմում»։

Պէտք է ազգովին գիտակցինք, որ ճակատամարտը կորսնցնելէ ետք, պէտք է վերականգնիլ, հայրենադաւ իշխանութիւնները հեռացնել եւ մեր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար, Հայրենի բնօրրանի 42 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի ամբողջականութիւնը վերստին իրականացնել։ Հայրենատիրութիւնը կը սկսի ջիջումի ու անձնատուութեան մտայնութիւնը հիմնովին յեղաշրջելով, իրավիճակը յեղաշարժելով։

Ազգային նոր յանձնառութեան ու պետականաշինութեան նոր դաւանանքի մշակման ի խնդիր, մեր ուղեցոյցն այսօր 20-րդ դարու հայոց Աւարայրի՝ Սարդարապատի ուսանելի դասերն են, որպէսզի դարաւոր մեր երթը վերստին դառնայ անխորտակելի ու անխափան։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական