Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամը վերածուեցաւ համաշխարհային չարիքի` սպառնալով համայն մարդկութեան եւ անդամալուծելով մարդկային կեանքի բնականոն ընթացքն ու հունը: Ակներեւ է, որ համավարակի աւարտէն ետք նաեւ անոր ազդեցութիւնը երկար ժամանակ պիտի խոչընդոտէ մեր կեանքը` անհատական ու հաւաքական մակարդակներու վրայ:
Լիբանանի պարագային, սակայն, համավարակը եկաւ աւելիով ծանրացնելու այլապէս առկայ ընկերատնտեսական աննախընթաց տագնապը, որ արդէն իսկ երկիրը մատնած էր ամլութեան: Երկար տարիներու իրերայաջորդ իշխանութիւններու եւ պետական կառոյցներու ու հաստատութիւններու անփոյթ վարքագիծին պատճառով ստեղծուեցաւ ընկերատնտեսական ապականած մթնոլորտ, եւ բոլոր փուլերուն ալ քաղաքացին վճարեց ամէնէն սուղ գինը: Այսօր եւս նոյն քաղաքացին կը կրէ երկրի մէջ ստեղծուած կրկնակի ճգնաժամին մեծագոյն հետեւանքները:
Այս կացութեան մէջ, բնականաբար, լիբանանահայ համայնքը իր կարգին կը գտնուի աննախընթաց մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամային շտապը, համայնքային եւ յարանուանական կառոյցները, կազմակերպութիւնները, բարեսիրական հաստատութիւնները եւ միութիւնները, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնները կը ծաւալեն կազմակերպուած եւ համադրուած գործունէութիւն, սակայն, միւս կողմէ, մեր համայնքի զաւակներուն ընկերատնտեսական եւ առողջապահական կարիքները օրէ-օր կը բազմանան: Կրթական հաստատութիւնները, մամուլը եւ ազգային ու միութենական բոլոր կառոյցները կը գտնուին լուրջ դժուարութիւններու դիմաց: Փաստօրէն, անհատական ու հաւաքական կեանքը այստեղ զուգորդուած է, եւ ներկայ ճգնաժամը իր ժխտական հետեւանքները կը տարածէ ամէն տեղ: Իրերու այս կացութեան մէջ, անշուշտ, ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս լիբանանահայ համայնքը զօրաշարժի մէջ է ու կը շարունակէ առանց տատանումի տէրը կանգնիլ իր ճակատագիրին:
Մամլոյ հաղորդագրութիւններով ժողովուրդը իրազեկ կը դառնայ կատարուած բոլոր աշխատանքներու մանրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ հոն կը տեսնէ հաստատութիւններու եւ ազգայիններու մեծ թիւով անուններ, որոնք կը շարունակեն անվերապահօրէն իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը ներդրել լիբանանահայութեան գոյերթին համար:
Զօրակցութեան այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ակներեւ է հայրենիքէն եւ արտասահմանէն` համահայկական կառոյցներու եւ յատկապէս նախկին լիբանանահայերու օժանդակութիւնները, որոնք նաեւ մեծագումար են եւ կարգ մը պարագաներուն կը կատարուին ամսական հերթականութեամբ: Վերջին երկու շաբաթներուն ընկերային ցանցի ճամբով նաեւ մեր ժողովուրդը իրազեկ դարձաւ արտերկրի մէջ կրօնական, ազգային, հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականներու Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան ու անոր համահայկական դերակատարութեան շարունակականութեան շեշտադրման: Վկայութիւն փոխանցող բոլոր անհատներն ալ իրենց կազմաւորումը եւ կեանքի կարեւոր մէկ բաժինը Լիբանան անցուցած ըլլալով, անդրադարձան լիբանանահայ համայնքի կարեւորութեան: Այս խոր ու նշանակալից մտածողութեան իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, այսօր արդէն իսկ արտերկրի համայնքներու մէջ ալ ստեղծուած է հաւաքական մտածողութիւն` բոլոր միջոցներով սատարելու լիբանանահայութեան, որպէսզի ան անփորձանք եւ նուազագոյն վնասներով դուրս գայ այս ճգնաժամէն:
Այո՛, բոլորին իսկ վկայութեամբ լիբանանահայութիւնը տակաւին ունի եւ պէտք է պահէ այն բոլոր կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները, որոնք զինք կը յատկանշեն ժամանակակից մեր կեանքին մէջ իր ունեցած համահայկական ուրոյն դերակատարութեամբ: Մարդուժի պատրաստութեան այս կարեւոր միջավայրն ու ամրոցը տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ կեանքին ու դերակատարութեան` անոր ներկայի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պայքարին մէջ: Հետեւաբար, ստեղծուած օրինակելի եւ համակող այս զօրակցութեան մթնոլորտը, վստահ ենք, որ պիտի շարունակուի ու ծաւալի, որպէսզի լիբանանահայութիւնը ճգնաժամին աւարտէն անմիջապէս ետք իսկ վերագտնէ իր աշխուժութիւնը եւ կենսունակութիւնը ու ամբողջական կարողականութեամբ վերստանձնէ իրեն վստահուած սփիւռքի կեդրոնական գաղութի դերակատարութիւնը:
Այս փուլին մեր մեծագոյն թշնամին կրնայ ըլլալ միայն այս համայնքի նկատմամբ թերահաւատութիւնն ու անտարբերութիւնը, որոնք միշտ ալ լուսանցքայնացած են շնորհիւ մեր ժողովուրդի միասնակամ ճիգին ու անկոտրում կամքին: Ներկայ փուլը գործի, աշխատանքի, պատասխանատուութեան գիտակցութեան ու մարտահրաւէրը հաւաքաբար ու քաջաբար վերցնելու փուլն է, որուն քաջածանօթ է լիբանանահայութեան եւ անոր գործին հաւատացող Հայաստանի ու արտերկրի հայութիւնը: Վստահ ենք, որ բոլորը անխտի՛ր ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն այդ դերակատարութեան պահպանման համար:
Շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կանխայայտ երախտագիտութիւն յառաջիկայ օրերուն եւ փուլերուն այս կենսական աշխատանքին զօրակցութիւն ապահովող ու օժանդակութիւն ներդրող բոլոր կառոյցներուն, բարերարներուն եւ մեր ազգի ազնիւ հայորդիներուն:
Անփորձանք ու առողջ օրերու մաղթանքով եւ ճգնաժամը մօտիկ ապագային յաղթահարած տեսնելու ակնկալութեամբ մեր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք բոլորին:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com