Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անկասկած Լիբանան այսօր սուր ճգնաժամի մէջ է:
Անկասկած Լիբանանը իր պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող քաղաքական, ընկերատնտեսական, առողջապահական, դրամատնային համակարգի եւ ելեւմտական ամէնէն դժուար օրերը կ՛ապրի, եւ արդարօրէն բոլոր քաղաքացիներուն ուշադրութեան կիզակէտ կը հանդիսանան` նոր կառավարութեան աշխատելաոճը, նախարարաց խորհուրդի նիստերը, յայտարարութիւնները, պետական նշանակումները, քաղաքական որոշումները եւ միջազգային ֆինանսական թէ քաղաքական բոլոր տեսակի հանդիպումները:
Ակնկալութիւնները եւ սպասումները բազմաթիւ են, կենսական ու հրատապ, պայմանաւ որ, սակայն, նոր կառավարութեան տրամադրուին անհրաժեշտ ժամկէտը եւ քաղաքական պայմանները, հասկնալով հանդերձ, որ այսօր «ժամանակը» մեր լաւագոյն դաշնակիցը կրնայ չըլլալ` նկատի ունենալով հրատապութիւնը երկրին մէջ առկայ ընկերատնտեսական, առողջապահական, եւրոպական պարտամուրհակներու վճարել կամ չվճարելու կնճիռը, քաղաքական եւ այլ ծանր ու լուրջ խնդիրներ, որոնք կը հալածեն եւ օրական կը հարուածեն թէ՛ պետութեան կայունութիւնը, թէ՛ ընկերային անդորրութիւնը եւ թէ՛ ալ բոլոր քաղաքացիներու առողջութիւնը, արժանապատուութիւնը: Տակաւին, կան` աշխատաւորական դասակարգի ամսականներու նուազումը կամ արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սարսափելի սղութիւնը, կենցաղային տարրական իրաւունքները, ընտանիքի մը կենսական կարիքները եւ սովորական քաղաքացիի ապագան:
Բայց եւ այնպէս հարկաւոր են որոշ ժամկէտ, քաղաքական որոշ պայմաններ, որոնք պէտք է նպաստեն եւ ոչ թէ խոչընդոտեն սոյն կառավարութեան գործունէութիւնը, հարկաւոր է որոշ վստահութիւն եւ ոչ թէ ապատեղեկատուութիւն եւ հակաքարոզչութիւն` կառավարութիւնը հեղինակազրկելու, հարկաւոր է քաղաքական բոլոր ղեկավարութեանց եւ քաղաքական ուժերու կողմէ օժանդակութիւն եւ ոչ թէ դաւադրութիւն` հատուածական հաշիւներու ի խնդիր: Հարկաւոր է նաեւ նոր լուծումներ եւ ուղիներ որոնելու քաղաքական որոշում եւ պատրաստակամութիւն, եւ ոչ թէ պատասխանատուութենէ խուսափիլ` ուղղելու նախորդող 30 տարիներու կուտակուած ելեւմտական, տնտեսական, տեղական արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դրամատնային քաղաքականութեան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սխալները, եւ ոչ թէ` քաղաքական արշաւ կազմակերպել ներկայ կառավարութեան դէմ:
Այդ զգացումը պէտք է ունենան յատկապէս անոնք, որոնք ուղղակի մեղքեր կը կրեն իրենց ուսերուն նախորդ 30 տարիներու գործուած ռազմավարական եւ ճակատագրական սխալներուն մէջ, որոնց պատճառով փակուղիի մէջ մտաւ Լիբանանը:
Արդարեւ, կասկածէ վեր է, որ այսօրուան Լիբանանի դիմակայած ելեւմտական եւ տնտեսական անել կացութեան, դրամատնային համակարգի բնականոն իրավիճակի վերադարձման, ընկերատնտեսական ճգնաժամի հարթեցման, վերջին շրջանին տարածուող առողջապահական խնդիրներու լոյսին տակ տիրող կացութենէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ են` միջազգային ընտանիքի որոշ աջակցութիւնը, տնտեսական եւ նիւթական զօրակցութիւնը, ճգնաժամային վիճակներու մէջ գտնուող երկիրներու վարկային իւրայատուկ քաղաքականութիւն, սակայն` առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Կարեւոր է յատկապէս արաբական աշխարհի եղբայրական քաղաքական կեցուածքը եւ օժանդակութիւնը, որպէսզի Լիբանանը վերստին վերականգնի, ընկերատնտեսական ճնշող իրավիճակը մեղմանայ, եւ կացութիւնը վերադառնայ կայունացման բնականոն հունին:
Սակայն արդեօք բաւարա՞ր է, որ միջազգային ընտանիքը, Համաշխարհային դրամատունը եւ արաբական աշխարհը որոշեն օժանդակել Լիբանանի, որպէսզի երկիրը կամաց-կամաց վերադառնայ բնականոն իրավիճակներուն, տնտեսութիւնը վերականգնի, եւ քաղաքացիներու դիմակայած սուր ճգնաժամը, բոլոր առումներով, մեղմանայ… Հաստատ` ո՛չ:
Նախապայմանը` տուեալ ճգնաժամէն դուրս գալու, ըստ էութեան, ուրիշ տեղ է. անկախ կառավարութեան տալիք խիզախ որոշումներէն` կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարին, պետական համակարգի բարեփոխումներուն, արդարադատութեան համակարգի ազատականացման, պետական խնայողութեան քաղաքականութեան, ելեկտրականութեան խնդիրի շուտափոյթ լուծման, յափշտակուած հսկայական գումարներու պետական սնտուկ վերադարձնելու գործնական քայլերուն վերաբերող, նախ անկախ միջազգային ընտանիքի եւ արաբական աշխարհի հերթական նիւթական եւ տնտեսական օժանդակութիւններուն, պէտք է հաստատել, որ գլխաւոր նախապայմանը, ըստ էութեան, ներլիբանանեան միասնականութիւնն ու քաղաքական բոլոր ուժերու միակամութիւնն է: Հրամայական է, գէթ` մէկ անգամուան համար Լիբանանի փրկութեան կամ վերականգնման ի խնդիր, միջազգային ընտանիքին եւ արաբական աշխարհին ներկայանալ միասնական դիմագիծով:
Ա՛յս է ամբողջ խնդիրը, ըստ էութեան, ինչպէս մի՛շտ:
Այսօր իրապէս Լիբանանն ու լիբանանցիք օրհասական օրեր կ՛ապրին. գործազրկութիւն, առողջապահական սպառնալիք, լիբանանեան դրամանիշի ահաւոր անկում, նիւթական խնդիրներ, դպրոցական եւ համալսարանական պարտաւորութիւններ, ապագայի անորոշութիւն, անվտանգութեան խնդիրներ: Առ այդ, այս իրավիճակներէն դուրս գալու առաջին քայլը նոր կառավարութեան ամբողջական նեցուկ հանդիսանալն է, ազգային երկխօսութիւնն է, ազգային միասնականութիւնն է, համալիբանանեան զօրակցութիւնն է` արտերկրի լիբանանցիներու մասնակցութեամբ ի հարկէ, նախ` կանխելու համար ենթադրեալ համաժողովրդային նոր ընդվզումներ ու խլրտումներ, եւ որպէսզի կարելի դառնայ փրկել Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար «պատգամ» հանդիսացող եւ փոքրամասնութեանց միջեւ համակեցութեանց օրինակ մարմնաւորող Մայրիներու երկիրը:
Այդ իսկ պատճառով ժամանակն է այսօր հիմնովին փոխելու, թօթափելու ներլիբանանեան քաղաքական հարթակի վրայ գոյութիւն ունեցող անհեթեթ սովորութիւնները` մրցակցութիւնը, կասկածամտութիւնը, խնդիրները համայնքայնացնելու, փողոցը գրգռելու, զիրար հարուածելու հիւանդագին մօտեցումը:
Այդ իսկ պատճառով արտօնելի չէ այսօր որեւէ կուսակցութեան` փողոցը գրգռել, շահարկել կամ ցուցարարներու ստեղծած մթնոլորտէն օգտուելու փորձեր կատարել: Ընդունելի չէ որեւէ համայնքի անունով խօսող անձնաւորութեան, նախկին կամ ներկայ քաղաքական ղեկավարի, վարչապետի, նախագահի եւ կամ արտաքին ուժերու թելադրանքներով առաջնորդուող օղակներու նեղ հաշիւներով հանդէս գալ, որովհետեւ այսօր բոլորը միանշանակ պէտք է այս կառավարութեան հետ գործակցութեան եզրեր որոնելու ճիգին մէջ ըլլան` յանուն Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, եւ ոչ թէ խրատողի, թելադրողի, խանգարողի, գործը խոչընդոտողի եւ անհամբեր աղօթողի կեցուածք ունենան` այս կառավարութեան ձախողութեան սպասելով:
Որովհետեւ, ըստ էութեան, այսօր, առաջին հերթին, խնդրոյ առարկայ են Լիբանանի ճակատագիրը եւ համեստ քաղաքացիին իրավիճակը, առողջութիւնը, դրամատնային համեստ հաշիւը, տարիներու թոշակը եւ զաւակներուն ապագան, եւ ոչ թէ` այս կամ այն կուսակցութիւնը, այս կամ այն նախկին թէ ներկայ իշխանաւորներու անհատական, ընտանեկան թէ քաղաքական ձգտումները, որովհետեւ իրապէս վտանգուած է ամբողջ պետականութեան մը հասկացողութիւն:
Այնպէս որ, վերջ պէտք է տրուի այլեւս զանազան քաղաքական ուժերու կողմէ «սիւր անշեր»-ի տրամաբանութեամբ տարուող քաղաքականութեան:
Եւ վերջապէս, հակառակ բազմաթիւ եւ բազմապիսի աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական իրավիճակներուն, ամերիկեան պատժամիջոցներուն, տարածուող առողջապահական սպառնալիքներուն, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին եւ տնտեսական բարդ իրավիճակներուն, հակառակ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն մօտ առկայ համատարած յոռետեսութեան եւ յուսահատութեան, սակայն կարելի է նաեւ հաստատել, որ Լիբանանը տակաւին իր սեփական ամբողջ ներուժը եւ կարողականութիւնները սպառած չէ, հակառակ որոշներու պնդումներուն` Լիբանանը սնանկացած պետութիւն չէ, կարելի է տակաւին փրկել զայն, այնտեղ առկայ են զանազան կարելիութիւններ, ինչպէս` ոսկի, նաւթ, կազ, պետական կալուածք եւ այլն…
Փաստօրէն, ինչպէս որ երկրի թիւ մէկ քաղաքացին յայտարարեց` «Լիբանանը այսօր կը թեւակոխէ քարիւղի եւ կազի պաշարներ ունեցող երկիրներու սեղմ շրջանակի ակումբին մէջ»:
Փաստօրէն Լիբանանի ծովուն յատակը գտնուող բնական կազի եւ քարիւղի պաշարները, զբօսաշրջութիւնը, երկրի արդիւնաբերութեան տրուելիք նոր թափը եւ համապատասխան պետական աջակցութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, գիւղատնտեսութեան զարգացման հեռանկարը, քաղաքացիներու ստեղծագործ միտքը, մարդկային ներուժը, պետական կալուածներու եւ պետական ենթակառուցուածքի սեփականատէր ըլլալը` տուեալներ, որոնք բնորոշ չեն այլ երկիրներու, եւ որոնք աւելի ապահով եւ կայուն ապագայի գրաւականը կը հանդիսանան:
Կը մնայ, որ մենք հաւաքաբար գիտակցինք պատմական այս փուլերու մարտահրաւէրներու եւ անգամուան մը համար գերադասենք Լիբանանի եւ շարքային քաղաքացիներու ընկերային անդորրութիւնը, երկրի գերիշխանութիւնը, համակեցութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ
Ազդակ