կարևոր
1246 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2023-10-10 13:02
Քաղաքական

Բաղդատութիւնը Պէտք Է Իրաւաչափ Ըլլայ

Բաղդատութիւնը Պէտք Է Իրաւաչափ Ըլլայ

Պաղեստինեան Համաս շարժումի յարձակումը Իսրայէլի վրայ եւ արձանագրած յաջողութիւնը հայկական լրատուական միջավայրին մէջ զանազան բաղդատութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու դուռ բացին: Ինչպէս յաճախ, տարբեր ժամանակներու, տարբեր միջավայրերու, տարբեր նկարագիրի եղելութիւններու միջեւ զուգակշիռներու կիրարկումը յանգեցուցին սխալ եզրակացութիւններու: Սխալ ենթահողի վրայ կառուցուած շինծու բաղդատութիւնները, նոյնիսկ եթէ ճշգրիտ տրամաբանութեամբ մը կառուցուած ըլլան, չեն կրնար ճիշդ եզրակացութեան առաջնորդել:

Ամէն գնով, ամէն առիթով, անպայման քննադատելու մոլուցքը կ՛առաջնորդէ ծիծաղելի եզրայանգումներու: Կ՛ըսուի, օրինակի համար, որ Իսրայէլի ընդդիմութիւնը ինքզինք դրած է իշխանութեան տրամադրութեան տակ, մինչ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը պայքարի իշխանութեան դէմ: Հայաստանի մէջ եւս, պատերազմի ողջ տեւողութեան ընդդիմութիւնը ինքզինք դրաւ իշխանութեան տրամադրութեան տակ ու քառասունչորս օրերու ընթացքին ծպտուն չհանեց: Պատերազմի աւարտէն ետք, լեզուները բացուեցան բնականօրէն ու արդարօրէն: Ուրի՞շ բան պիտի պատահի Իսրայէլի մէջ, պատահածին համար վարչապետ Նեթանիահուն կը դատափետուի արդէն իսկ, իր ծայրայեղ աջերէ կազմուած կառավարութեան որդեգրած նախապատուութիւններուն պատճառով: Աւելի՛ն: Պատերազմի սկիզբէն ժամեր ետք, Նեթանիահու առաջարկեց ընդդիմութիւն կազմել ազգային միութեան կառավարութիւն մը եւ ազգովին դիմակալել աղէտը: Մինչդեռ Հայաստանի վարչապետը կ՛ուզէր ազգային միութիւն ստեղծել բոլորին իր շուրջ համախմբումով, անվերապահ ու անխօս: Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած ըլլալու պատրուակով, Փաշինեան տակաւին կը պնդէ գռեհիկ ժողովրդավարութեան ըմբռնումի մը վրայ, որ օրինաւորութեան համար միայն թիւը նկատի ունի, ամբողջովին անտեսելով պայմաններ ու գաղափար:

Բաղդատութեան ատեն զգուշ պէտք է ըլլանք մեր դատումներուն մէջ: Արեւմտասէր քաղաքականութեան կողմնակցութիւնը եւ Արեւմուտքին անվերապահ զօրակցութիւնը Իսրայէլին կը մղէ ոմանք դատապարտելու պաղեստինցիները: Չմոռնանք, որ գրաւող ու ճնշող ուժը Իսրայէլն է` աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ անարդար պայքարներու ջատագովը, զէնք վաճառողը, ահաբեկիչ մարզողը: Շնականօրէն, առանց գաղափարական դոյզն ենթահողի: Գաղթականը, անիրաւուածը, ճնշուածը եւ պաշարումի ենթարկուողը պաղեստինցին է: Պաղեստինցիին պայքարը ազգային ազատագրական պայքար է, ազատութեան ու անկախութեան համար պայքար է, արդար պայքար է: Այդ պայքարին դրսեւորումներէն շատերը կը զանցեն ընդունելիի սահմանները, ներքին խլրտումներու ու խժդժութիւններու պատճառ կը դառնան, որոնք կը խաթարեն պայքարի ընթացքը: Այդ խոտորումները արդիւնք են շարունակական պարտութիւններու, զրկանքներու ու կորսուած յոյսերու: Սակայն անոնք ազատագրական պայքարի էութենէն բան չեն փոխեր. կը փոխեն միայն պայքարի մարտավարութիւնը:

Շատոնց կ՛ըսուէր, որ Համաս լուռ է, մինչ աւելի փոքրաթիւ կազմակերպութիւններ ըմբոստութեան սահմանափակ գործողութիւններ կը կատարեն: Պատասխանատու կազմակերպութիւն մը իր կատարելիքին մասին չի խօսիր, ոչ ալ փոքր արարքներով «գործ» կատարելու խաբկանք կը ստեղծէ: Ռազմավարութիւն կը ճշդէ, զայն գործադրելու համար նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ամբողջացնէ, կ՛ամրանայ ու կը զօրանայ: Ապա, թշնամիին խոցելի տեղերը որոնելէ ետք, մարտավարութիւն կը մշակէ ու ապա կ՛անցնի գործի: Համացանցը յիմարաբանութիւններով եւ ինքնավստահ առաջարկներով, պայքարի «միակ հնարաւոր» ձեւերու շեփորումով միայն բաժանում ու յուսաբեկութիւն կը տարածուի, կ՛արմատանայ:

Համասի բացած պայքարի ուղին, շատ մը արեւմտեան քաղաքական մեկնաբաններու համոզումով, աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութիւն մը յառաջացուցած է: Այս պատերազմը երկար կրնայ տեւել, կրնայ նաեւ արագ աւարտ մը ունենալ: Դժուար է նախատեսել: Բայց որ բան մը շարժեցաւ այս անարդարութիւնները քաջալերող աշխարհին մէջ: Պիտի կարենա՞նք արդեօք հարիսայի կաթսայէն մեր բաժինը ապահովել:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com