կարևոր
3376 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-19 14:40
Քաղաքական

Մեր պայքարը արդար է եւ վախճանը կրնայ ըլլայ միայն յաղթանակ․ Յակոբ Տէր-Խաչտուրեան

Մեր պայքարը արդար է եւ վախճանը կրնայ ըլլայ միայն յաղթանակ․ Յակոբ Տէր-Խաչտուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչտուրեանի խօսքը՝ Թեհրանում կազմակերպւած ՀՅԴ 132-րդ ամեակի հանդիսութեանը

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր,

Հոգեւոր հայրեր,

Յարգարժան պատգամաւոր,

պատւարժան հիւրեր, սիրելի ընկերներ եւ հոգեհարազատներ,

ՀՅԴ օրւան հանդիսութիւններուն մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ իր գործունէութեան հաշւետւութիւնը:

Ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 132 տարիներու ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ ազգային-ազատագրական պայքարի մղիչ ուժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ Հայ Դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն։

Եւ կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, անկեղծ, յանձնառու եւ գաղափարապէս պինդ կերպար, որու օրինակով դաստիարակւեցան ու ներշնչւեցան սերունդներ եւ աներեր նւիրւեցան հայութեան եւ հայրենիքի անսակարկ ծառայութեան:

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այս օրերուն գտնւիլ Իրանի հինաւուրց համայնքի հետ. համայնք, որ իր իւրայատուկ տեղն ունի հայ Սփիւռքի մէջ. համայնք, որ իր ազգային ու միութենական կառոյցներով, գաղափարական տոկունութեամբ եւ ժողովրդային լայն խաւերու կամաւոր գործի պատրաստակամութեամբ՝ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ հայ աշխարհին մէջ։

Մենք մինչեւ 2020 սեպտեմբեր յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրւած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր՝ արձակւած եւ Սփիւռքի մէջ ունեցած էինք Հայ Դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդւած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծւած էր, մանաւանդ 2015-ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորւած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար ի տես այս մեծ յաղթանակներուն եւ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատւութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն՝ ի սպաս մեր հայրենիքին ու իդէալներուն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թւէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ:

Մէկ խօսքով` տարւած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան համազգային զգացումներով, որովհետեւ, աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացւած էր հայութեան առջեւ:

Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան Արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը:

Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, նւիրւած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով.

Ա) Մարդուժի տրամադրում պահեստազօրի ճամբով

Առաջին ուղղութիւնը պատերազմին մարդուժի տրամադրումն էր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆեդայական կերպարով թրծւած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ։ Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրւած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած մարտերուն, կերտած յաղթանակներ եւ տւած մեծաթիւ զոհեր։

Բ) Քաղաքական Համաշխարհային զօրաշարժ

Երկրորդ ուղղութիւնը մեր քաղաքական ու համաշխարհային զօրաշարժն էր։

Հայ Դատի յանձնախումբերով, մեր մարմիններու ներկայացուցիչներով, հայ երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, հարկ եղած միջամտութիւնները կատարէ՝ մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն՝ թուրք-ադրբեջանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող։

Գ) Քարոզչական պատերազմ

Երրորդ ուղղութիւնը քարոզչական պատերազմն էր։

Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ ականատես էիք այն հսկայական արշաւին, որ Թուրքիա եւ Ադրբեջան շղթայազերծեցին ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ։ Հարկ էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ զօրաւոր հակազդել հասարակական ցանցերով, որոնց մէջ կը տարւէր հակահայ պայքար, մեծապէս ֆինանսաւորւած այդ երկու պետութիւններուն կողմէ։ Փառք ու պատիւ մեր երիտասարդութեան որոնց միջոցաւ մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ հասարակական ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարւածը տալ։

Դ) Նիւթական օժանդակութիւն

Եւ վերջապէս՝ աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ մեր պաշտպանութեան եւ պատերազմէն ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն։

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ՀՀ իշխանութիւններու կեղծ քարոզչութեամբ տարածւած սին յոյսերը փլատակւեցան 2020-ի նոյեմբերին: Համատարած հիասթափութիւն ապրեցանք երբ շղարշը պատռեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզւեցաւ:

Ազգային աղէտի պատճառ հանդիսացած ՀՀ ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, չնախընտրեց արժանապատւօրէն հրաժարիլ ու անցնցում հեռանալ, ընդհակառակն՝ վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նւաստացնող պարտւողական պայմաններու գոյացումին:

Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Իսկ ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու եւ շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք վերարտադրել:

«Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր Սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծւած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատւած եւ մեծ հարւած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը:

Այսօր դէմ-յանդիման կը գտնւինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտւած ու հայկականութենէ պարպւած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու` պատրաստ:

Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցւին հիմնական երեք մարտահրաւէրներ։

Առաջինը՝ Ադրբեջանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշւող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը Արցախի խնդրին հետ: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ՀՀ իշխանութեան զգուշացուցած էր, որ այս պատրւակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան, որմով կրնայ թաղւի Արցախի հարցը։ Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան. Արցախի կարգավիճակը ճշտւած չէ եւ այդ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացքին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան։

Մենք աշխատելու ենք, որ վերականգնի Մինսկի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որպէսզի շեշտաւորւի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ բացառւի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասէն ներս:

Երկրորդը՝ վերաթարմացւող կծիկն է հայ-թուրքական յարաբերութիւններու բանակցութեան, որուն անխոհեմաբար դիմեց ՀՀ իշխանութիւնը հակառակ պարտութեան առթած աննպաստ պայմաններուն եւ տկար դիրքերուն։ Մենք ունեցած ենք 2008-2009 տարիներու ահաւոր փորձառութիւնը, երբ հայ-թուրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձւեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները։

Մեզի համար ներկայ հայ-թուրքական որեւէ բանակցութիւն հաշտեցման չի կրնար առաջնորդել: Կարելի է ապագային պատկերացնել յարաբերութիւններու բնականոնացման հնարաւորութիւն, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն առանց որեւէ նախապայմանի ու զիջումի: Իսկ Հայ-թուրք հաշտեցում կարելի է ակնկալել միայն երբ Թուրքիա ճանչնայ հայոց դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հատուցումներ:

Մեր ժողովուրդին պիտի շարունակենք բացատրել, որ Թուրքիան ինքն է միակողմանիօրէն փակած ՀՀ հետ իր սահմանը ու ինքն ալ կրնայ վերաբանալ զայն առանց որեւէ գին պահանջելու Հայաստանէն: Ինչպէս 2008-2009 թւականներուն, այսօր ալ մենք խնդիր ենք դրած, որ նախապատրաստւինք այդպիսի հնարաւորութեան համար: Անցեալին հայեցակարգ էինք մշակած ու տրամադրած կառավարութիւն նշելով այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ու այլ քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը չէզոքացնելու համար հասարակա-տնտեսական եւ քաղաքական հաւանական ժխտական հետեւանքները երբ սահմանները բացւին: Յամենայնդէպս, ոչ մէկ բնականոնացում արտօնելի է, եթէ զոհ պիտի տրւին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան մեր իրաւունքները:

Այսօր, միայն ՀՀ իշխանութիւնները դրական նախանշաններ կը նկատեն Թուրքիոյ կեցւածքին մէջ, բայց իրենցմէ զատ ոեւէ լուրջ ուժ դրական տեղաշարժ կամ բարեացակամ միտում չի տեսներ մեր դարաւոր թշնամիի կեցւածքներուն մէջ. ընդհակառակը՝ մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլ այսպէս կոչւած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտւած մթնոլորտի մէջ եւ թուրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում այս հանգրւանին:

Իսկ երրորդը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգւած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր մեր իշխանութիւնները։

Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է. մենք ըսած էինք, որ Արցախը այն պաշտպանական գիծն է, որ ո՛չ միայն կապահովէ իր անվտանգութիւնը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները։ Որքան ճիշտ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր, շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները։ Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները բորբոքած են, Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններու» բերումով, այս օրերուն թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը։

Կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ։ Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած շարունակական աշխատանքի, ինչպէս՝ պատերազմէն առաջ, ինչպէս՝ պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ՝ պատերազմէն անմիջապէս ետք։

Արցախահայութիւնը, թէկուզ վիրաւոր, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ադրբեջանի ենթակայութեան տակ մնալը բացառելու գործին է լծւած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռակամութիւնը պահպանւի, հայկական հողին խառնւած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները։

Սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թուրքա-ադրբեջանական հայատեաց եւ պանթուրանական ճակատին դէմ: Դժւար պայքար է, բայց ոչ անկարելի։ Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած մեծ յաղթանակներ։

Մենք նաեւ Սփիւռքի վերաթարմացման եւ վերաշխուժացման հրամայականին դէմ-յանդիման ենք կանգնած: Եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կը ծրագրենք կարճաժամկէտ եւ երկար շունչի վրայ նախաձեռնութիւններ:

Սիրելիներ,

Այսօր՝ ներազգային առումով անհրաժեշտ է գոյացնել ազգային նկարագիր ունեցող Հայրենի, Սփիւռքեան եւ Համահայկական ողջ ուժերու համախմբում ի պաշտպանութիւն հայրենիքի եւ ի ընդդիմութիւն շարունակւող պարտւողական եւ յանձնւողական դիրքորոշումներուն: Պէտք է շարունակել պայքարը հայութեան շահերը պաշտպանելու անկարող ՀՀ իշխանութիւններու հեռացման համար, որպէսզի նոր մօտեցումներով եւ աւիշով կարողանանք դիմադրել թշնամիներու գրոհին եւ վերականգնել մեր արտաքին բարեկամներու հետ իսկական գործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Պարտինք պայքարիլ հայրենի պետականութեան հիմերը եւ Սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցները քայքայող ՀՀ իշխանութեան բոլոր քայլերուն դէմ. իշխանութիւն մը, որ յարատեւ միակողմանի զիջումներու գացող է թշնամիներու առաջ, իսկ միաժամանակ անզիջող քանդիչ եւ բաժանարար սեւ գործին է լծւած ներազգային ճակատի մէջ:

Իսկ արտաքին ճակատի վրայ անհրաժեշտ է վերականգնել մեր դաշնակիցներու ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մակարդակը եւ հաստատել փոխադարձ վստահութիւն: Հայաստանի յարաբերութիւններու որակը Իրանի հետ էական նշանակութիւն ունի մեզի համար. ՀՅԴ-ն խիստ դրական կը գնահատէ Իրանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին մէջ, ուր գործընթացները մեծ մասամբ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Իրանի համար ի նպաստ չեն ընթանար. մեր հայրենիքն ու Իրանը ունին շատ հասարակաց շահեր եւ միեւնոյն թշնամիները. էական է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել:

Կրկնելու գնով հաստատենք, որ Արցախի հիմնահարցը պարտինք պահել միջազգային ուշադրութեան առարկայ եւ շարունակաբար շեշտաւորել անոր ինքնորոշման իրաւունքը: Միաժամանակ պարտինք աշխարհին առջեւ քօղազերծել Ադրբեջանի ցեղասպան մտադրութիւնները Արցախը հայաթափելու եւ բռնի ուժով անոր պարտադրելու իր կամքը:

Հայրենի պետականութիւնը եւ անվտանգութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէքներ են: Ամէն զոհողութիւն արդարացւած է պաշտպանելու համար մեր հայրենիքի մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը, եւ վերականգնելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Մենք ներկայ կորուստները կը նկատենք ժամանակաւոր: Մենք համոզւած ենք, որ շուտով ականատեսը կըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն:

Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է ու վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ:

Շնորհակալութիւն՝

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Թեհրան, 16 դեկտեմբերի 2022 թ.