կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-11 18:28
Սփյուռք

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը մեր պահանջատիրութեան պայքարի դաշտին մէջ պիտի ըլլայ ջահակիրը

Գանատայի Հորիզոն շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան վեր կ՚առնէ դաշնակցական երիտասարդութեան դերն ու գործունէութիւնը` համահայկական իր միաւորներու եւ կառոյցներու ճամբով:

– Մեր երիտասարդութիւնը ոչ միայն մեր ապագան է, այլ նաեւ` մեր ներկան:
Այդ առումով, մեր երիտասարդները պարտինք ընդգրկել մեր այսօրուան աշխատանքներուն մէջ որպէս լիիրաւ մասնակիցներ՝ ծրագրող, իրականացնող, ղեկավարող: Եւ այս կացութիւնը արդէն գոյութիւն ունի, պարզապէս պարտինք յաւելեալ թափ տալ. մեր երիտասարդները ընդգրկուած են մեր բոլոր ոլորտներուն մէջ, նաեւ ղեկավար մարմիններու մէջ, յատկապէս Հայ Դատի հիմնական աշխատանքներուն մէջ, ուր անոնք լաւապէս կ‘արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

– Երիտասարդը պարտի ըլլալ պատրաստուած, աներեր եւ նուիրեալ:
Պատնէշի վրայ գտնուող երիտասարդը պարտի ըլլալ լրիւ պատրաստուած եւ համոզումով գործող՝ թէ որպէս ազգային եւ գաղափարական արժէքներու ջահակիր, թէ ալ ջերմ պաշտպան ընկերատնտեսական յառաջատար մօտեցումներու, նամանաւանդ մարդկային իրաւանց ու ընկերային արդարութեան: Մէկ խօսքով՝ պատրաստուած ու գործի ատակ նուիրեալ անհատը, յանձնառու հայը, այսինքն՝ քսանմէկերորդ (21) դարու ամբողջական հայ մարդը:

– Դաշնակցական երիտասարդը իր խօսքի, մտածումի ու գործի տիպարով պարտի վարակել հայ երիտասարդութիւնը առհասարակ:
Դաշնակցական երիտասարդը Հայ Դատի, ընկերային արդարութեան, ազգային դաստիարակութեան, յանձնառու երիտասարդի տիպարը պարտի հանդիսանալ, որպէսզի իր օրինակով ներշնչէ հայ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս: Համոզուած եմ, որ մեր երիտասարդութիւնը կրնայ դիմագրաւել մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները ու հանդիսանալ այսօրուան եւ վաղուան մեզ առաջնորդող ուժը: Հուսկ` Դաշնակցական երիտասարդութիւնը մեր պահանջատիրութեան պայքարի դաշտին մէջ պիտի ըլլայ ջահակիրը՝ իր ազգային կազմաւորումով, իր քննական միտքով, իր ամբարած գիտելիքներով եւ արդիական միջոցներու տիրապետումով:

Horizonweekly.ca