Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
21 ապրիլի խորհրդարանական նիստին հնդկական կանեփի մշակումը արտօնելու առնչութեամբ ներկայացուած առաջարկին քննարկումի օրակարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բուռն կերպով դէմ արտայայտուեցաւ անոր` զայն որակելով թմրեցուցիչի մշակման օրինականացում:
Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Յիշողութեամբ կը վերադառնամ 2000 թուական, ինծի հետ նաեւ` ներկայ երեսփոխաններէն ոմանք, երբ պետութենէն պահանջուեցաւ փճացնել հաշիշի բոյսերը եւ հրկիզել դաշտերը: Պետութիւնը գործադրեց այս որոշումը, փոխարէնը առաջարկելով այլընտրանքային երկրագործութեան որդեգրում: Դժբախտաբար, ան չկրցաւ գործադրել այս ծրագիրը եւ կարճ ժամանակ ետք հաշիշի մշակումը յաւելեալ թափ ստացաւ:
«Այսօր դարձեալ պահանջք կայ, Մաքընզիի կամ այլոց կողմէ, որ հաշիշի մշակումը փոխարինուի հնդկական կանեփի մշակումով: Անունի փոփոխութիւնը ըստ էութեան պարզապէս շպար է միւս իրականութեան: Այն որ` որովհետեւ պետութիւնը ի վիճակի չէ արգիլելու հաշիշի մշակումը, ապա ուրեմն ձեւը կը գտնուի քօղարկուած ձեւով զայն օրինականացնելու` անոր տալով բժշկական կամ դեղագործական արտադրութեան համապատասխան պիտակ, ապա կ՛աւելցուի, թէ այդ մէկը նաեւ յաւելեալ մուտքեր կ՛ապահովէ քաղաքացիին ու պետութեան:
«Լա՛ւ, ուրեմն օրինականացնենք նաեւ այլ մարզեր ու աշխատանքներ, արգիլեալ գործեր, որոնք կրնան եկամուտ ապահովել:
«Այլ խօսքով, հարց կու տամ` եկամուտի եւ դրամի համար իրաւունք ունի՞նք քանդելու երիտասարդութեան ապագան, առողջութիւնը եւ մեր բարոյական արժեհամակարգը:
«Այս պետութիւնը, որ չի կրնար ոճրագործ կամ գող ձերբակալել, ի՞նչ երաշխաւորութիւն կրնայ տալ, որ պիտի հսկէ հաշիշի, այսպէս ասած, մէկ այլ անուանումը կրող բոյսի մշակման կանոնաւորութեան:
«Հակառակ ընդհանուր մթնոլորտին, եւ հակառակ մեր պատկանած համախմբումին կարծիքին, Հայկական երեսփոխանական պլոքը դէմ է այս օրինագիծին», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի:
Նաեւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատէն ըսաւ. «Եթէ օրէնքները շատոնց գործադրուած ըլլային, այս փուլին չէինք հասներ: Մեր բողոքը արձանագրեցինք խորհրդարանին կողմէ կազմուած փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի անդամներուն թիւին մասին` պահպանելու համար բոլոր համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւնը»:
Ան իր կատարած յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ բաժնեկցումը, համայնքայնութիւնն ու յարանուանականութիւնը փտածութեան հիմքը կը կազմեն` աւելցնելով, որ նոյնիսկ փողոցը փտածներ կան:
«Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի կազմութեան սկզբունքին համաձայն ենք, սակայն անդամներուն թիւին` անհամաձայն: Այդ պատճառով ալ արձանագրեցինք մեր բողոքը», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Բագրատունի խորհրդարանի նիստին ճիշդ չնկատեց փտածութեան դէմ խորհուրդը կազմել միայն 6 անդամներէ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է թիւը բարձրացնել` նկատի ունենալով ցարդ կիրարկուած համայնքային բաժանումը: «Մեր համայնքը իրաւունք ունի նման խորհուրդի մը մէջ ներկայացուելու», շեշտեց ան:
Այս իմաստով Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւս պահանջք բանաձեւեց:
aztagdaily.com