|
Փոխարժեքներ
10 05 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 369.01 |
| EUR | ⚊ | € 434.14 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9472 |
| GBP | ⚊ | £ 502 |
| GEL | ⚊ | ₾ 137.49 |
«Կարեւոր նկատեցինք նաեւ ինքնազսպումի որդեգրումը, որպէսզի առաջքը առնուի այն թակարդներուն, որոնք դէպի սադրանք կ՛առաջնորդեն: Սադրանքը հայրենիք կը կործանէ: Հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք երկխօսութեան կարեւորութիւնը, չեմ ըսեր համաձայնեցանք, որովհետեւ անիկա հանրապետութեան միւֆթիին անշեղ սկզբունքներէն է: Երկխօսութիւնը միակ ընտրանքն է անշուշտ, մանաւանդ եթէ ստիպուած ըլլանք պատերազմին եւ երկխօսութեան միջեւ ընտրութիւն կատարել: Այս առումով միւֆթի Տըրիան շեշտեց նաեւ սէր եզրին կարեւորութիւնը», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած են սիւննի եւ հայ համայնքներուն միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ երբ իսլամութեան եւ հայութեան պատմական յարաբերութիւններուն մասին կը խօսինք, ապա կ՛անդրադառնանք այն կապին, որ Լիբանանէն չէ սկսած, այլ դարերու վաղեմութիւն ունի:
«Ընդգծեցինք հայ համայնքին դէմ հնչած անհաճոյ ձայներէն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը սիւննի եւ հայ համայնքներուն միջեւ վիճայարոյց նիւթի վերածելէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը: Մեր պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ անգամ նկատած ենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական պատճառներով գործուած է, ընդհակառակն` միշտ ըսած ենք եւ կրկնած, որ անիկա քաղաքական պատճառներով էր: «Հետեւաբար իսլամութիւնն ու սիւննի համայնքը Ցեղասպանութեան եւ ոճիրներուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին: Այդ հարցը Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհին համար սիւննի եւ հայ համայնքներու յարաբերութիւններուն շրջագիծէն հեռու են: «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պատմական է, ուստի անիկա քաղաքականութեան ծիրին մէջ կը քննարկուի: Մենք ոչ մէկ ձեւի սադրանքի մէջ պիտի ներքաշուինք: Լիբանանի այս դժուար կացութեան ընթացքին մենք պէտք է իրարու հետ գործակցինք, մտքով ու իմաստութեամբ գործենք` լուծումներ ապահովելու, որպէսզի կարենանք փրկել Լիբանանը կամ` ինչ որ մնաց Լիբանանէն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
aztagdaily.com