Փոխարժեքներ
31 03 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 391.57 |
EUR | ⚊ | € 423.72 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.6159 |
GBP | ⚊ | £ 506.65 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.57 |
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան շաբաթ, 18 յուլիսին այցելեցին Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Թրիփոլիի «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեան, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի իսլամական կալուածներու գրասենեակի նախագահ շէյխ Ապտել Ռազզաք Իսլամպուլի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը շնորհաւորեց միւֆթի Իմամը` անոր ստանձնած պաշտօնին համար:
Քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի կապուած ազգային եւ ընկերային միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքին ու քաղաքացիներուն շահերուն համար փոխադարձ գործակցութեան միջոցներուն:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Իմամ ընդգծած է հիւսիսային Լիբանանը, յատկապէս Թրիփոլին բաղկացնող բոլոր շերտերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ մտահոգութիւնները փարատելու իմաստով Տար Ֆաթուայի ազգային դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:
«Միւֆթի Իմամ հաստատեց, որ դժուարութիւնները կարելի կ՛ըլլայ դիմակայել ու շրջանցել ընկերային համագործակցութեամբ», նշուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ:
aztagdaily.com