Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեր ցաւը բոլորի՛ն ցաւն է, բոլորին ցաւը՝ մե՛ր ցաւը։
Այս իրողութիւնը աւելի քան ճշմարիտ է այս տարի, երբ աշխարհը կ՚անցնի առողջապահական անչափելի տագնապի մը մէջէն։ Ճգնաժամի՛ մը մէջէն։
Յիշողութիւնները դարմացնելու համար կ՚արժէ կարդալ ՀՅԴ ծրագրի հետեւալ պարբերութիւնները կամ անոնցմէ քաղուած հատուածները.
Միջազգային օրէնքը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ուխտը եւ Մարդկային իրաւանց յայտարարութիւնը եւ, մասնաւորապէ՛ս, Ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի 1948-ի համաձայնագիրը ցեղասպանական արարքները կը յայտարարեն ոճիր մարդկութեան դէմ եւ անոնց հետեւանք հանդիսացող ազգային հողամասերու իւրացումը կը նկատեն ապօրինի։
Բովանդակ մարդկութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան ի խնդիր, անոնք պէտք է գործադրուին՝ իրենց տառով ու ոգիով. նախ՝ արդարութիւն գործելու ցեղասպանութեան զոհ դարձած ազգերուն, ապա՝ կանխելու համար նոր ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան խնայելու նոր աղէտներ։
Հայ դատի լուծումը ոչ միայն արդարութեան, Ցեղասպանութեան դատապարտումին ու պատժարկման գործնական արտայայտութիւն է, այլեւ միջազգային իրաւունքի հարց մը՝ ազգերու ինքնորոշման անկապտելի սկզբունքին հիման վրայ։
Համավարակը, որ բռնկեցաւ անցնող ամիսներուն ու տակաւին կը շարունակէ իր աղէտալի տարածումը, գէթ այս տողերը գրուած պահուն, մեզ կը դնէ մեր հարցը դիտելու համաշխարհային ընդհանուր իրավիճակի խորապատկերին առջեւ, իսկ աշխարհի հարցը, հարցերը՝ մեր իրավիճակի պրիսմակէն։
Ի՛Նչ պիտի փոխուի առողջապահական տագնապէն ետք (Ce qui va changer après la crise sanitaire) իր յօդուածով Simon Langlois՝ Լաւալ համալսարանի հանգստեան կոչուած փրոֆեսորը Le Devoir օրաթերթի 30 մարտ 2020-ի թիւին մէջ կը գրէ, թէ ներկայ առողջապահական տագնապը մեզ կը մղէ, որ գիտակցինք թէ որքան դիւրաբեկ է աշխարհը.– «Սանձարձակ աճի դիւրաբեկութիւնը, ձեռք ձգուած նիւթական բարօրութեան, նոյնիսկ հանգիստի դիւրաբեկութիւնը, խնայողութիւններու դիւրաբեկութիւնը, առողջապահական ապահովութեան դիւրաբեկութիւնը»։ Ան կ՚աւելցնէ, թէ դիւրաբեկ է նաեւ մոլորակի բնապահպանութիւնը եւ «լուրջի պէտք է առնել այն սպառնալիքները, որոնք կը ծանրանան մեր երկրագունդին վրայ»։
Լանկլուա չի նշեր այլ սպառնալիքներ, որոնք դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնան մարդկութեան գլխուն վերեւ։ Փորձենք վերյիշել մի քանին։
Առաջինը՝ այն խոշոր խրամատը, որ հետզհետէ կ՚ընդլայնի ու կը խորանայ հարուստ ու աղքատ երկիրներուն միջեւ բայց մանաւանդ ունեւոր ու չունեւոր դասակարգերուն միջեւ։
Ապա՝ բազում վայրերու մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակուող ու սաստկացող հալածանքները, անոնց ինքնութիւնը ջնջելու նորանոր փորձերը, անոնց մարդկային նուազագոյն իրաւունքները զլանալու ակնյայտ երեւոյթները, ջարդերը, զանգուածային տեղահանութիւնները, տարագրութիւնները եւ մասամբ նորին։
Վերջապէս՝ բնական հարստութիւններու զաւթումը փոքրաթիւ մենատէրերու կամ սակաւապետերու կողմէ, մարդուժի ծայրայեղ շահագործումը ոչ միայն այսպէս կոչուած տակաւին զարգացող երկիրներու մէջ, այլեւ նոյնիսկ, նոյնպէս այսպէս կոչուած, զարգացա՛ծ երկիրներուն մէջ։ Մարդու վերածումը արտադրական շուկայի մեքենայի մէկ մասնիկին։
Շարքը կարելի է երկարել, մանրամասնել, բայց այսքանն ալ բաւարար է, անդրադառնալու համար, թէ ժահրերը բազմապիսի են, բազմատեսակ, բազմերես։
Երկրորդ կարեւոր նշումը, որ կը կատարէ Սիմոն Լանկլուա իր յօդուածին մէջ այն է, թէ այսպիսի տագնապներու ատեն ի վերջոյ ի յայտ կու գայ պետութեան եւ ինքնակառավարման մարմիններու՝ նահանգային թէ տեղական մակարդակներու մարմիններու առկայութեան կարեւորութիւնը՝ համատեղ ճիգերով դիմակայելու համար աղէտները։ Եթէ որոշ թերահաւատութիւն յառաջացած էր քաղաքական կազմակերպութիւններու ու մարմիններու նկատմամբ,– ո՛չ սակայն առանց հետեւողական աշխատանքի այդ ուղղութեամբ՝ ամեն գնով նսեմացնելու համար պետականութեան կարեւորութիւնը՝ շուկային դէմ-յանդիման,– այս առիթը չափով մը կը վերահաստատէ հանրութեան վստահութիւնը կամ ակնկալիքը պետութեան դերակատարութեան նկատմամբ։
Այստեղ չեմ կրնար հարց չտալ, որ եթէ կան ա՛յդքան նիւթական անհաշուելի կռուաններ, նման աղէտներու պարագային գործածուելու համար, ինչո՞ւ անոնց մէկ կոտորակն իսկ չի տրամադրուիր կանխելու համար աղէտները, բարելաւելու համար հասարակութեան վիճակը, բոլորը օժտելու համար մարդկային կեցութեան նուազագոյն պայմաններով՝ սնունդի, առողջապահութեան ու գլխուն վրայ երդիքի մը ապահովմամբ։ Ինչո՞ւ։ Բայց այդ արդէն դրամատիրութեան էութեան իսկ կը սպառնայ…
Այս առնչութեամբ յօդուածագիրն ալ կը հարցնէ, թէ արդեօք այս տագնապը բաւարա՞ր է զսպելու համար «միշտ աւելին» ունենալու՝ ընչաքաղցութեան ձգտումը, որ ստեղծած է գերսպառումի ընկերութիւն մը, հասարակութիւնը մղելով տեւական պարտախրումի՝ պարտքերու մէջ իյնալու, մոռնալով խնայողասիրութեան, ժուժկալութեան առաքինութիւնները։ Պիտի աւելցնեմ՝ քայքայելով ընտանեկան կեանքերը, հասարակական գործունէութիւնը, հաւաքական նախաձեռնութիւնները։
Վերջին կարեւոր կէտը, որով Լանկլուա կ՚եզրակացնէ իր գրութիւնը այն է, թէ տագնապը, որ մեծ մասամբ համաշխարհայնացման հետեւանք է, եկաւ ցոյց տալու ազգին, համայնքին կարեւորութիւնը՝ սեփական ճակատագրին տէր կանգնելու տեսակէտէն։
Փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ պէտք է ըլլալ ամենէն ստորին մակարդակին իսկ վրայ, սակայն, պիտի աւելցնեմ, այդ չի նսեմացներ նաեւ բարձրագոյն մակարդակներու՝ ընդհուպ մինչեւ համամարդկային գործակցութեան կարեւորութիւնը։
Կ՚ուզեմ աւարտել այս յօդուածս վերադառնալով ՀՅԴ ծրագրին, ուր աներկբայօրէն արձանագրուած է.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համոզումով՝ ընկերվարութեան ճամբով է, որ մարդկութեան քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային զարգացումը կ՚օժտուի արդար եւ համերաշխ յարաբերութիւններով։
Ընկերվարութիւնը կը ձգտի, ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատագրութեան, նոյնպէս ազգերու,– իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններ,– ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան։
Վերջապէս՝
Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար ազգը՝ իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ էական գործօն՝ համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման։
Ահա այս լոյսին տակ ալ եթէ դիտենք մեր պահանջատիրութիւնը, կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ բոլորին ցաւը մե՛ր ցաւն է ու մեր ցաւը՝ բոլորի՛նը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
horizonweekly.ca