Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Փետրուար ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը յատկանշուի նոյնանման պատմաքաղաքական տարողութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցող երեք տարբեր թուականներով` հայկական ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման, խոցուած ազգային արժանապատուութեան վերականգնման, արդարութեան ու անկախութեան, ինչպէս նաեւ ազգային քաղաքական անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման առումով:
Փաստօրէն, փետրուար ամիսը համայն հայութեան ազգային արժէքային համակարգի վերականգնման, քաղաքական կամքի վերահաստատման եւ լիցքաւորման կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կը հանդիսանայ, որով փետրուարին մեր ժողովուրդը կը հաղորդուի Վարդանանց պատերազմի նուիրական պատգամին հետ, կ՛առնչուինք Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի սխրագործութիւններուն եւ, վերջապէս, կը վերապրինք Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան պատմաքաղաքական նշանակութիւնը եւ անշուշտ համազգային, համապետական, կուսակցական մեծ շուքով կը նշենք ու կը մասնակցինք նոր ժամանակներու հայ ժողովուրդի վերածնունդը հանդիսացող արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած զանազան ձեռնարկներուն, նախ` խոնարհելու մեր անմահացած հերոսներու յիշատակին առջեւ, ապա` վերանորոգելու մեր ազգային, արժանապատւութեան ուխտը Արցախի եւ արցախահայութեան հարցի արդար կարգաւորման գծով անհրաժեշտ մեր յանձնառութիւնները կատարելու առումով:
Ի դէպ, այս տարուան ձեռնարկները կը զուգադիպին, ինչպէս գիտենք, յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն, եւ այս հրապարակային առիթները պէտք է պարփակեն քաղաքական եւ ազգային միասնականութեան զօրաւոր նշան մը` միջազգային հանրութեան ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն հասցէագրուած: Արդարեւ, հակառակ վերջինիս ցուցաբերած ճիգին, բանակցութիւններու եւ տարբեր ձեւաչափով հանդիպումներուն եւ խօսակցութիւններուն, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութեան եւ յատկապէս Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման կապակցաբար, որ մենք պատմութեան դասերը լաւ ըմբռնելով` այնուամենայնիւ կառչած ու անզիջող կը մնանք մեր անհերքելի եւ անժամանցելի արդար բոլոր իրաւունքներուն, այսինքն` Արցախի ինքնորոշման ազատ սկզբունքին, տարածքային ամբողջականութեան, անվտանգութեան երաշխիքներով օժտուած կարգավիճակի մը ամրագրման, հակառակ միջազգային քաղաքական թատերաբեմի վրայ գոյութիւն ունեցող տուեալ հարցի կարգաւորման առնչութեամբ արծարծուող զանազան քաղաքական տարբերակներու եւ միջազգային ընտանիքի շահակցական կապերուն:
Սակայն, նախ ակնարկ մը` Փետրուարեան ապստամբութեան:
Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ մնալ եզակի խորհրդանիշը ազատագրական շարժումներուն եւ կը բոցավառէ զանգուածներու միտքը, հոգին` ազատութեան եւ անկախութեան կրակը բռնկեցնելով հոն, ուր կը փորձեն ճնշել հայութիւնը, կաշկանդել զայն եւ իր քաղաքական իրաւունքները ոտնահարել եւ ազատութենէ ու անկախութենէ զրկել:
Ազատութեան ռահվիրայ հայ ժողովուրդը` չհանդուրժելով նորահաստատ Խորհրդային Միութեան պոլշեւիկեան ամբողջատիրական եւ ապազգային իշխանութիւններուն անմարդկային բռնութիւններն ու անարդարութիւնները, հակառակ իր հոգեկան եւ ֆիզիքական քայքայուած վիճակին, կը դիմէր ապստամբութեան:
Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը միանշանակ վերահաստատեց հայութեան ազատ, անկաշկանդ եւ անկախ ապրելու ձգտումը: Փետրուարեան շարժումները ազատագրեցին հայ ժողովուրդը բոլոր կապանքներէն, վերջ դրին պոլշեւիկներու կողմէ տարուող պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան, քաղաքական հալածանքներուն եւ սպանութիւններուն:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը ազատագրեց բանտի ճաղերուն ետին նետուած եւ կացինահարուելու սպառնալիքին տակ գտնուող հայ գրողը, բանաստեղծը, քաղաքագէտը, զինուորականը եւ մտաւորականը, որոնք ենթակայ էին հաւաքական երկրորդ սպանդի մը:
Այո՛, մէկ խօսքով, 1921 փետրուարին հայ ժողովուրդը զէնքը ձեռքին ոտքի ելաւ պաշտպանելու իր հայրենիքը, պատիւը, ընտանիքը եւ ազատ ապրելու վճռակամութիւնը:
Այդ միեւնոյն ազատութեան եւ արդարութեան վճռակամութիւնն ու ձգտումը հայութիւնը դրսեւորեց 20 փետրուար 1988-ին, երբ որոշեց միանգամընդմիշտ սրբագրել Արցախի մէջ ստալինեան կամայականութեան պատճառով յառաջացած պատմական անարդարութիւնը` վերջ մը դնելով ազրպէյճանական արիւնալի լուծին:
Պատմութեան եւ նոր սերունդին համար հարկ է վերյիշել այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ 32 տարի առաջ 20 փետրուար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Գերագոյն խորհուրդը արտակարգ նիստի մը ընթացքին որոշեց անջատուիլ Խորհրդային Միութենէն եւ միանալ մայր հայրենիքին:
Անցնող 32 տարիներուն համայն հայութիւնը եւ մասնաւորապէս արցախահայութիւնը, ի գին աննկարագրելի զրկանքներու, կորուստներու եւ իր լաւագոյն զաւակներու զոհաբերութեան, յաջողեցաւ վերականգնել համազգային արժանապատւութիւնը, պարտութեան մատնել եւ արցախեան տարածքները ազատագրել ազրպէյճանական միաւորներէն:
Փա՛ռք ու պատիւ` Փետրուարեան ապստամբութեան Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի դրսեւորած քաղաքական կամքի վճռակամութեան.
Փա՛ռք ու պատիւ արցախեան հերոսամարտի ընթացքին զոհուած բոլոր անզուգական հերոսներուն` Շահէն Մեղրեանին, Պետոյին, Վիգէնին, Արթուրին, Մհերին եւ անշուշտ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքի գնով հայրենիքը պաշտպանած բոլոր անմահ ազատամարտիկներուն:
Այսքանը` պատմութեան համար: Իսկ այսօր ո՞ւր ենք եւ ի՞նչ ունինք ընելիք ընդհանրապէս:
Այսօր ունինք անկախ զոյգ պետութիւններ` Արցախն ու Հայաստանը, պետական համակարգեր, պետական ենթակառուցուածք, տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ բանակները: Սակայն առկայ են նաեւ արատաւոր երեւոյթներ` փտածութեան, կաշառակերութեան, համակարգի արդիականացման եւ բարեփոխման խնդիր, ինչպէս նաեւ` հասարակութեան պառակտուածութիւն, ներքաղաքական անկայունութիւն, Արցախի հարցի կարգաւորում, թրքական գործօնի սպառնալիք, ռազմատենչ Ազրպէյճանի հակահայ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութին եւ այլն:
Այդ իսկ պատճառով անընդհատ ժողովուրդի անունով խօսող ներկայ վարչակազմը, փոխանակ ազգային միասնականութիւն գոյացնելու, ազգային օրակարգերու շուրջ հաւաքելու ու համախմբելու եւ ամբողջ համազգային ներուժը ներդրելու տուեալ սպառնալիքները եւ մարտահրաւէրները չէզոքացնելու, ան հերթական անգամ կը շարունակէ իր արկածախնդիր, ինչպէս նաեւ իր եւ «Իմ քայլ»-ականներուն ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու հատուածական քաղաքականութիւնը` կիրարկելով սեւ ու սպիտակի վարքագիծը, երկրի բոլոր իշխանութիւնները զաւթելու եւ, վերջապէս, երկրի Սահմանադրական դատարանի շինծու ճգնաժամ ստեղծելով սահմանադրական դատարանի անդամներու օրակարգով հանրաքուէ կազմակերպելու հակասահմանադրական եւ հակաօրինական որոշումներով հանդէս կու գան` խախտելով երկրի մայր սահմանադրութեան բոլոր ընթացակարգերը եւ անտեսելով Վենետիկի փորձագիտական յանձնախումբի նկատողութիւններն ու Հայաստանի իրաւաբաններու հաւաքականութեան տեսակէտները: Եւ այս բոլորը` ժողովուրդին անունով ու իբր թէ ժողովուրդին համար:
Ի դէպ, աշխարհի բոլոր բռնատիրութիւնները եւ մենատիրութիւնները գործած ու հաստատուած են ժողովուրդի անունով խօսելու ամբոխավարական վարքագիծով:
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ աշխարհի ժողովրդավար բոլոր կարգերու թիւ 1 սպառնալիքը, թիւ 1 թշնամին ամբոխավարութիւնն է:
Երեւակայեցէք, ներկայ դրութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահական քարոզարշաւի նախօրէին, Հայաստանի ներքաղաքական ժխորը, տաղտուկը, ի յառաջագունէ 5 ապրիլին ճշդուած արդէն իսկ քաղաքականօրէն ահաբեկուած մթնոլորտին մէջ հակաօրինական հանրաքուէի «Այո»-ի կամ «Ոչ»-ի քարոզարշաւը, ներքին պառակտուածութիւնը, հանրաքուէ կազմակերպելու պետական նիւթական ծախսերը, հսկայական ներուժի սպառումը` ընդամէնը Հրայր Թովմասեանը տուն ղրկելու համար:
Հաւատացէք, որ մենք ազգովին շատ աւելի կարեւոր եւ էական խնդիրներ ունինք լուծելու, քան` Հրայր Թովմասեանի հարցը: Առաջնահերթութիւնը բնականաբար արցախեան կարգաւորման խնդիրն է: Նախ` եկէք ու ազգովին վերահաստատենք արեան գնով հաստատուածը, որ արցախահայութիւնը ինք որոշած է, Արցախը կերտած է իր անկախութիւնը, ազատութիւնն ու իր ինքնուրոյնութիւնը, եւ ոչ ոք այս աշխարհին վրայ, ոչ ոք, կրնայ ստիպել կամ պարտադրել իրեն որեւէ մէկ նահանջ, որեւէ մէկ զիջում, նոյնիսկ` փոխզիջումային տարբերակ, այնքան ատեն որ տակաւին Ազրպէյճանի ռազմատենչ բռնատիրական վերնախաւը կը խօսի պատերազմի սպառնալիքի տրամաբանութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այն բաժնին, որ կ՛ըսէր, թէ Արցախի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները պէտք է յստակացնեն, թէ իրենք ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն բանակցութիւններու գործընթացը, կամ թէ` համաձա՞յն են թէ Մատրիտեան տարբերակի կէտերուն, պրն. Փաշինեանին հաւանաբար պէտք է յիշեցնել, որ հայ ժողովուրդը իր երեսնամեայ պայքարով, իր զոյգ հանրաքուէներով` 1991-ի եւ 2006-ի, անվերադարձօրէն ձեւակերպած է իր քաղաքական ճակատագիրը, հակառակ Փաշինեանի կարծիքին` արցախահայութիւնը յստակ պատկերացում եւ մօտեցում ունի արցախեան քաղաքական, բանակցային կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման տեսանկիւնէ, մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ մենք դարձեալ ճաշակեցինք մեր հակառակորդին վայրագ տեսակը, սակայն նաեւ մենք ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած են, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակում, ինչ տեսակի գերարդիական եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր ալ գործածելու ըլլան մեր թշնամիները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած տարաձայնութիւններուն, խօսակցութիւններուն, մեկնաբանութիւններուն կամ Փաշինեանի արծարծած Մատրիտեան տարբերակի կէտերուն, լաւրովեան փլանի թէ քազանեան սկզբունքներուն, մեզի համար բոլորը, միանշանակ, մերժելի կը մնան, այնքան ատեն որ տուեալ տարբերակները չեն ապահովեր Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, քաղաքական միջազգային անկախութեան կարգավիճակը` անվտանգութեան երաշխիքներով օժտուած: Արցախահայութեան եւ համայն հայութեան համար, այո՛, մերժելի կը մնան բոլոր այն տարբերակները, որոնք իբր թէ ազատագրուած շրջաններու փոխարէն` Արցախին կ՛ընձեռէին որոշակի քաղաքական կարգավիճակի մը տարբերակի կարելիութիւնը:
Առաջին անգամը չէ, որ այս տեսակի դրսեւորումներ եւ տարաձայնութիւններ կը կատարուին, ոչ ալ հաւանաբար վերջինը ըլլայ: Դիւանագիտական սակարկութեան եւ քաշքշուքներուն մէջ շատ բան կախեալ է մեզմէ. հայութեան միասնակամութենէն, մեր անզիջող քաղաքական վճռակամութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի անյետաձգելի կնքումէն` իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք, Արցախի տնտեսական ու զբօսաշրջութեան զարգացման գործընթացէն, Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի թափէն եւ համազգային զօրակցութեան չափէն:
Այնպէս որ, ով ուզէ ըլլայ Հայաստանի կամ Արցախի պետութեան բարձր պաշտօնեան, Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Լ. Ղ. Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը` իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ:
Արցախի բանակցութիւններուն հայկական կողմը պէտք է առաջնորդուի` ըստ Արցախի ժողովուրդի 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի Լ. Ղ. Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով ամրագրուած արտայայտութեան:
Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին հայկական կողմը անվարան պէտք է պահանջէ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը` Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի:
Այնպէս որ, ո՞վ ի՛նչ ուզէ ըսէ կամ ընէ, Ղարաբաղը մերն է եւ վե՛րջ:
* Արտասանուած խօսք` Այնճարի մէջ կայացած եւ Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած ձեռնարկին:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ