կարևոր
3193 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-24 12:30
Հասարակություն

Օրէնճ Քաունթիի գաղութը կը տօնէ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը

Օրէնճ Քաունթիի գաղութը կը տօնէ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը

Փետրուար 17, 2023-ին Օրէնճ Քաունթիի Պարսամեան Հայ կեդրոնի Ղազարեան սրահին մէջ նշուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան (Փետրուար 18) 102-որդ տարեդարձը, գաղութի, ինչպէս նաեւ համակիրներու ու երիտասարդներու խուռներամ ներկայութեամբ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արմէն Գարօ Կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբին կողմէ: Միջոցառումը ունէր երկու նպատակ, առաջին` շեշտել Փետրուարեան Ապստամբութեան կարեւորութիւնը մեր պատմութեան մէջ եւ ընդգծել մեզի փոխանցուած անոր վեհ խորհուրդի այժմէականութիւնը: Երկրորդ նպատակը` գումար մը ապահովել որպէսզի Արցախի մեր հայրենակիցներու կենսական պէտքերը ապահովենք Լաչինի միջանցքի բացումէն ետք:

Երեկոն գերազանցօրէն յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Տէր Գարեգին Քհն. Պետուրեանի սեղաններու օրհնութենէն եւ պատգամէն ետք Աղբիւր Սերոբ պատանիները երգեցին, ապա յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Յակոբ Պատոլեան ՀՅԴ Արմէն Գարօ Կոմիտէէն, Արամ Համբարեան ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակէն, եւ Գէորգ Մատէնլեան ներկայացնելով ՀԵԴ-ն եւ երիտասարդութիւնը: Ուղիղ կապով մեզ միացաւ նաեւ Արցախի Հայ Դատի գրասենեակէն Կէվ Իզքաճեանը որ զեկուցեց մեզ Արցախի ներկայ իրավիճակի մասին եւ ներկաներուն հարցերուն պատասխանեց:

Սոյն միջոցառման աւարտին $12,000-ի գումար գոյացաւ որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Արցախի Հայութեան օգնելու ծրագիրներուն:

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն, նուիրատուներուն, պատգամաբերներուն, յանձնախումբի անդամներուն, եւ Նայիրի Չօփուրեան-ին որ ձեռնհասօրէն վարեց երեկոն: