Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութիւնը բացարձակ արժէք է համայն հայութեան մարտունակ երիտասարդութեան համար. մշտական գաղափարա-քաղաքական, կարգապահական եւ մարտական անսպառ ուժի աղբիւր ըլլալով մէկտեղ` ան նաեւ կը հանդիսանայ հայոց նորագոյն ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան ամէնէն նշանակելի դրուագներէն մին: Լիզպոնի 5 տղոց` Սագոյի, Արայի, Վաչէի, Սեդրակի եւ Սիմոնի գաղափարական, գերմարդկային, հերոսական արարքը, անձնազոհութիւնը հանդիսացաւ շրջադարձային` ներազգային թէ միջազգային առումով:
Շրջադարձային, որովհետեւ Լիզպոնի 5-ը լաւապէս ըմբռնած էին «Նեմեսիս» գործողութեանց արդարութեան եւ պատմաքաղաքական փորձի առարկայական արդիւնքներու միջազգային արդարադատութեան համակարգէն եւ մարդկութեան դատաստանէն ներս անվիճարկելիութիւնը: Լիզպոնի 5-ը ընկալած էին, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, միջազգային հանրային կարծիքի, միջազգային արդարադատութեանց համակարգերու բնականոն աշխատանքային ընթացակարգով պիտի չկարողանային ապահովել Հայ դատի արդար լուծում եւ հատուցում` ի տես մեծապետական հաշիւներուն եւ միջազգային մութ ուժերու ճնշումներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:
Լիզպոնի 5-ը ըմբռնած էին հաստատ, որ Հայ դատի աշխատանքներուն, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, հողային պահանջատիրութեան միտուած աշխատանքներուն համար հարկաւոր էր հաղորդել նոր թափ, նոր որակ եւ ուժականութիւն: Հակառակ տուեալ հանգրուանին կատարուած խիստ անհրաժեշտ աշխատանքներուն` անոնք կը սահմանափակուէին առաւելաբար քաղաքական, յարաբերական, քարոզչական ցոյցեր կազմակերպելու աշխատանքներով եւ միջազգային ատեաններուն անընդհատ յուշագիրներ ներկայացնելով: Սակայն Լիզպոնի 5-ը համոզուած էին, որ անհրաժեշտ էր տարբեր բան մը, գերմարդկային արտասովոր աքթ մը, որ պիտի քողազերծէր միջազգային հանրութեան եւ իրաւական ատեաններու կեղծիքը, որ` պիտի սարսափեցնէր ոսոխ թուրքը, պիտի քանդէր լռութեան եւ անարդարութեան պատը, ցնցէր մարդկութեան յիշողութիւնը, խիղճը եւ դատողութիւնը:
Եւ այդպէս ալ պատահեցաւ: Լիզպոնի 5-ը իրենց նախորդող հայ ժողովուրդի հերոսներուն հարազատ յետնորդները հանդիսացան` յանձինս Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ «Նեմեսիս» գործողութեան բոլոր մասնակցողներուն, որոնք անպատիժ չձգեցին 1915-ին պետականօրէն կազմակերպուած ցեղասպանութեան պատասխանատուները եւ անոնք «Նեմեսիս»-ի գործողութեամբ զանոնք մէկ առ մէկ գետին փռեցին, երբ նոյն յեղափոխական մարտավարութեամբ, 1983-ի յուլիս 27-ին միջազգային լռութեան պատը քանդելու եւ թրքական պետութիւնը միջազգային արդարադատութեան առջեւ պատասխանատուութեան կանչելու համար Լիզպոնի 5-ը մղեցին նոյն պայքարը, որ ցնցեց թրքական պետութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը:
Լիզպոնի գործողութեան յաջորդող օրերուն միջազգային ռազմաքաղաքական դերակատարները, դիւանագէտները, միջազգային հանրութիւնը, մամուլը, նոյնինքն սարսափահար Թուրքիոյ բռնատիրական իշխանութիւնները` բոլորը միանշանակ հասկցան, որ հայ ժողովուրդի, Հայ դատի հողային պահանջատիրութեան թղթածրարին հետ կարելի չէ սակարկութեան մտնել, կարելի չէ արդարութեան ձայնը խեղդել, կարելի չէ մոռացութեան տալ եւ թաղել զայն:
Արդարեւ, Լիզպոնի 5-ը իրենք իրենց ամէնէն թանկագինը` իրենց կեանքը չզոհաբերեցին, որպէսզի մենք` թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար, մեր կեանքերը ինքնանպատակ, անիմաստ, հաճոյակատար ու բռնազբօսիկ երեւոյթներով վատնենք. մենք պարզապէս իրաւունքը չունինք սովորական կեանքը մաշեցնող օրէնքներուն ենթարկուելու: Մե՛նք բարոյական, ազգային եւ սրբազան գործը շարունակելու պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն հանդէպ:
Այդ իսկ պատճառով Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան, գաղափարաքաղաքական կտակին հետապնդած նպատակներուն հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ` կը նշանակէ առաջին հերթին կազմակերպական, կարգապահական, գաղափարա-քաղաքական մեր կեցուածքներուն եւ պահուածքին մէջ հանդիսանալ անթերի: Կը նշանակէ բոլոր ժամանակներուն մէջ ամէն տեսակի դժուարութեանց արհեստական արգելափակումներուն դէմ պայքար, յոգնածութեան, անտարբերութեան, յուսալքութեան, անզօրութեան եւ յուսահատութեան բոլոր ժխտական եւ ներազգային դիմադրողականութիւնը տկարացնող ալիքներուն դէմ պայքար:
Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակը վառ պահել, հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ` կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքին իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն: Կը նշանակէ միանշանակ որդեգրել մեր անզուգական տղոց հերոսական ուղին` առանց ընկրկումի, եւ անսակարգ նուիրաբերումով հետապնդել համայն հայութեան անժամանցելի բոլոր իրաւունքները: Կը նշանակէ նաեւ չտկարանալ եւ չտարուիլ միջազգային մութ ուժերու կողմէ պահանջատէր ժողովուրդներուն պարտադրած զրկանքներուն, լռութեան անողոք պատիժին կամ քաղաքական արգելափակումներուն:
Կը նշանակէ չբաւարարուիլ անոնց յիշատակին կապակցաբար այնքան կարեւոր, սակայն անբաւարար ձեռնարկներ կազմակերպելով, այլ` անոնց օրինակով ու պահուածքով օրական ապրիլ եւ գործել, արժանապատիւ կերպով զինուորագրուիլ եւ լիցքաւորուիլ հայկականութեան ի խնդիր ու ապա պատրաստ ըլլալ նպատակայարմար որեւէ պահու, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական հակասական պայմաններուն մէջ մեզի վերապահուած սրբազան աշխատանքի բաժինը բարձր յանձնառութեամբ կատարելու եւ ծաւալելու:
Լիզպոնի 5 տղոց կտակին հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ` կը նշանակէ չյանձնուիլ, չհաւատալ արդի ժամանակներու ճնշող մթնոլորտին, հակասական եւ տարաբնոյթ իրավիճակներուն, աշխարհաքաղաքական անարդար կարգերուն, համաշխարհայնացման ստեղծած նիւթականացած եւ խիստ անհատականացուած բարքերուն, ներկայ աշխարհի թելադրած կանոններուն, որոնք ի զուր կը փորձեն ջլատել, պառակտել, ապազգայնացնել եւ ապաքաղաքականացնել ազգային խնդիրներ ունեցող եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ժողովուրդները:
Անշուշտ հակառակը պնդողներ, խօսողներ եւ տարբեր տեսակի մտածողներ պիտի ըլլան, որոնք մեզի դիտել պիտի տան, որ ժամանակները փոխուած են, ա՛լ 21-րդ դարը կ՛ապրինք:
Ճիշդ է` ժամանակները փոխուած են, բայց մենք ալ շատ փոխուած ենք իբրեւ ազգ, մենք քաղաքականացած ենք, մենք ազատագրած ենք Արցախի Հանրապետութիւնը, վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կորիզը կը հանդիսանայ Լիզպոնի 5 տղոց երազը կազմող Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան: Այնպէս որ, ժամանակներու արդիականացման կեղծ կարգախօսին տակ, ո՛վ ինչ կ՛ուզէ` թող ըսէ կամ ընէ սակայն, ոչ ոք իրաւունքը ունի` ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ոչ ալ Թուրքիան, հայ ժողովուրդի արդար եւ անժամանցելի իրաւունքները անտեսելու, սակարկելու կամ թաղելու: Բոլոր ժամանակներուն մէջ ամէնէն արդիական կեցուածքը եւ վարքագիծը Գարեգին Նժդեհի մօտեցումը կը հանդիսանայ, որ կ՛ըսէ. «Ուժն է իրաւունք ծնում»: Ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր այս գաղափարը ուժի մէջ կը մնայ:
Արդարեւ, մենք պէտք է ազգովին հասկնանք, որ եթէ որոշած ենք ապրիլ, զարգանալ եւ գոյատեւել այլ ժողովուրդներու կողքին, ուրեմն պիտի ունենանք հերոսներ, նահատակներ, գաղափարական խենթեր: Որովհետեւ ժողովուրդներու տեսակը սա է, պէտք ունին հերոսներու, նահատակներու: Սա է բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան հոլովոյթը
Այլ կերպ կարելի չէ պատկերացնել եւ ունենալ ազատ եւ անկախ սեփական հայրենիք, սեփական ճակատագիր, սեփական արժանապատուութիւն:
Եւ իբրեւ այդպիսին` մենք մեր հերոսներուն եւ նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ պիտի պահենք, յարգանքի տուրք պիտի մատուցենք, բայց մանաւանդ, դարձեալ, ինչպէս որ Գարեգին Նժդեհ պիտի ըսէր. «Իր ընտիր մեռելներուն պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդներ ապերախտ ու բարբարոս են. անարժան հայրենիքի»:
Մենք ոչ միայն պաշտամունք պիտի կատարենք մեր հերոս բոլոր նահատակներուն` Լիզպոնի, արցախեան ազատագրական պայքարի, այլեւ պարտաւոր ենք գուրգուրալու անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ պարագաներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ Սագոյի, Վաչէի, Սեդրակի, Արայի եւ Սիմոնի ծնողներուն:
Ի դէպ, հայոց պատմութիւնը միշտ եղած է հերոսական` Հայկ նահապետէն, Պանք Օթոմանէն, Խանասորի արշաւանքէն հասնելով մինչեւ 1918 մայիս 28, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման հրաշք սերունդի ներկայացուցիչներուն` Արամ Մանուկեանի, Դրոյի, Ռուբէնի, անցնելով Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան, արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած բոլոր հերոս ազատամարտիկներուն, մինչեւ արցախեան վերջին անհաւասար քառօրեայ պատերազմի հերոսական նորագոյն պատմութիւնը կու գայ հաստատելու նոյն ճշմարտութիւնը:
Փա՛ռք ու պատիւ` Լիզպոնի, Հայաստանի, Արցախի, Արեւմտահայաստանի գրաւեալ հողերու ազատագրութեան համար նահատակուող բոլոր աննման հերոսներուն եւ հայ ժողովուրդին:
Արդարեւ, թող ոչ ոք փորձէ մեր երիտասարդութեան մարտունակ տրամադրութիւնը խորտակել, թող ոչ ոք փորձէ մեր երիտասարդութեան վախցնել` բացատրելով, որ մեր հակառակորդներու բանակներուն մեծաթիւ ըլլալը, աշխարհագրական, ռազմավարական դիրքը եւ գերարդիական զէնքերով օժտուած ըլլալը անյաղթահարելի կը դարձնէ զիրենք:
Հաւատացէք, որ անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ մեր ունեցած զէնքերը, ազատ ու անկախ ապրելու համոզումը, ազգային, գաղափարական, հոգեբարոյական եւ ազգային միասնականութեան հաւատամքի զէնքերը իրապէս անպարտելի են:
Մենք կը հաւատանք, համոզուած ենք, որ նմանօրինակ հաւաքներ կը կազմակերպուին` բարձրաձայն վերանորոգելու մեր յանձնառութեան սրբազան ուխտը, որ մենք պիտի շարունակենք հայ ժողովուրդի հողային պահանջատիրութեան գործը, մինչեւ որ մեր Եռագոյնը ծածանի ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի տարածքին:
Մենք պիտի չբաւարարուինք Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններով, պիտի չբաւարարուինք հայ ժողովուրդին ներողութիւն հայցելով, պիտի չբաւարարուինք զուտ 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յայտարարութիւններով, մենք ամէն գնով պիտի պահանջենք, ինչպէս որ Լիզպոնի տղաքը պահանջեցին մեր արդար իրաւունքները` հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցումը:
Հայ ժողովուրդի տուեալ ազգային ռազմավարութիւնը միանշանակ պիտի զօրացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիրքերը, անվտանգութիւնը, պիտի կասեցնէ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական նկրտումները տուեալ տարածաշրջանէն ներս, պիտի պարտաւորեցնէ միջազգային դերակատարները` հաշուի նստելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ի խնդիր հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան լուծման:
Իսկ այսօր ի՞նչ է մեզմէ սպասուածը եւ ակնկալուածը:
Ի՞նչ է այսօրուան հրամայականը:
Ի՞նչ կրնար ըլլալ Լիզպոնի 5 տղոց թելադրանքը մեզի:
Բնականաբար, առաջին հերթին` ոչ մէկ բան խնայել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անվտանգութեան, հզօրացման եւ ներազգային միասնականութեան ի խնդիր: Երկրորդ հերթին` ոչ մէկ բան խնայել Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի, արդար պահանջատիրութեանց գործի անվերապահ մեր մասնակցութիւնը:
Սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,
Դո՛ւք, Քրիստափոր Միքայէլեանի ըսածին պէս, պիտի յեղափոխականացնէք մարդոց ոգին եւ միտքը: Գաղափարական, կարգապահ եւ մարտական ոգիով ոտքի պիտի հանէք երիտասարդութիւնը եւ խանդավառէք զանոնք:
Դո՛ւք իրենց պիտի փոխանցէք եւ բացատրէք Լիզպոնի 5 տղոց կտակը, իտէալը, համահայկական, համազգային երազը, շունչը:
Այո՛, գործունէութեան դաշտը հիմնականին մէջ ձեզի է: Անորոշութեան եւ պրպտումի մէջ գտնուող երիտասարդութիւնը դո՛ւք պիտի համոզէք, պիտի տոգորէք եւ ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, Երեւան, որ կորիզն է Արեւմտահայաստանի, ամբողջական միացեալ Հայաստանի, պիտի ուղղէք դէպի Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք:
Դո՛ւք բոլորդ անվերապահօրէն պիտի զինուորագրուիք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն: Ինչ ալ ըլլան ներկայիս ընկերային, տնտեսական, տեղայնական, միջազգային թէ շրջանային պայմանները, դո՛ւք իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն` մասնակից պէտք է ըլլաք Հայաստանի պետականաշինութեան, ազգային բանակի հզօրացման, տնտեսական զարգացման:
Դո՛ւք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլաք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն:
Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուր ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները:
Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Լիզպոնի 5-ին` Սագոյի, Արայի, Սեդրակի, Վաչէի եւ Սիմոնի աճիւնները:
* 26 յուլիս 2019-ին կայացած Լիզպոնի գործողութեան նուիրուած ձեռնարկին արտասանուած խօսք: