կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-27 10:45
Մշակույթ

Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Երէկ` ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ժամադրուած էր Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներուն հետ` անոնցմէ ստացած պատգամը վերանորոգելու եւ անգամ մը եւս խոստանալու, թէ անոնց յիշատակը յաւերժ վառ պիտի մնայ, հաստատելու, որ տագնապող ու պահանջատէր Արային, Վաչէին, Սագոյին, Սեդրակին եւ Սիմոնին զոհաբերած գարուն կեանքերը նորանոր գարուններու ծնունդ պիտի տան, պիտի կոփեն սերունդներ, որոնք պիտի քալեն ազգայինն ու հաւաքականը ամէն բանէ վար դասողներու նուիրեալ ուղիէն` կերտելով յաղթանակներ եւ հպարտութիւն պարգեւելով մեր նահատակներուն:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի երեկոն սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր անոնց միացան նոյն նպատակին համար հոն գտնուող մեծաթիւ հայորդիները եւ միասնաբար ծաղիկներ զետեղեցին, մոմեր վառեցին անոնց շիրիմին վրայ:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով. ԼԵՄ-ի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք միութեան խօսքը արտասանեց Նարեկ Ճեմճեմեան, որ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս 36 տարիներ առաջ պայքարի ու վրէժի ոգիով ներշնչուած հինգ երիտասարդներ յանդուգն եւ իր ոճին մէջ եզակի գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ` իրենց գարուն կեանքերուն եւ նուիրական արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, թէ Ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, անիկա չի՛ կրնար մնալ արգելափակուած ու պատանդ լռութեան պատի ետին, յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդը տէրն է իր իրաւունքներուն, չ’ընդունիր իր հողային եւ ազգային ամբողջական եւ արդար իրաւունքներէն զիջիլ, ընդհակառակն` անիկա անզիջող եւ ըմբոստ պոռթկումով պիտի արթնցնէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պապենական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հաւաքական անառարկելի կորուստներու համար:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ հայրենիքի ու ազգային հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միշտ ալ սուղ գին պահանջած է, իսկ հայութիւնը ատակ եղած է այդ գինը տալու` յանուն իր գերագոյն շահերուն, հաւաքական նպատակներուն եւ սրբազան դատին: Այս նուիրեալներուն կարգին էին Լիզպոնի 5 ողջակէզները, որոնք կեանքէն զզուելով չէ, որ դիմեցին այս գործողութեան, այլ կեանքը պաշտող, բայց անոր արդար զարգացման հաւատացող նուիրեալներ էին, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին լաւագոյնս հաւատացողներ:

«Այսօր, յուլիս 27-ի այնքա՛ն խորհուրդ պարունակող այս երեկոյին, անգամ մը եւս խոնարհելով մեր աշխարհիկ երիտասարդ այս սուրբերու յաւերժօրէն լուսաւոր յիշատակին առջեւ, վերանորոգենք մեր պայքարի ուխտը եւ ամբողջ սրտով, բայց մանաւանդ յանձնառու վճռակամութեամբ երդուենք անբիծ պատուովը իրենց ընդարձակել հայու արդար դատի ի խնդիր սկսած պայքարը», եզրափակեց Ն. Ճեմճեմեան:

Ապա Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Պսակ» բանաստեղծութիւնը, իսկ խումբ մը ԼԵՄ-ականներ նուագեցին փունջ մը երգեր:

Օրուան պատգամը ուղղեց Մելիք Գարագաւորեան, որ նախ լուսարձակի տակ Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան պարունակած բացարձակ արժէքը համայն հայութեան մարտունակ երիտասարդութեան համար` շեշտելով, որ անիկա կը հանդիսանայ հայոց նորագոյն ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան ամէնէն նշանակալի դրուագներէն մին, որ եղաւ շրջադարձային` շրջանային եւ միջազգային առումով: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի տղաքը ազգային կուռ համոզումներու տէր անձնաւորութիւններ էին, բայց եւ այնպէս նաեւ կը գիտակցէին, որ անհրաժեշտ էր սովորականէն տարբեր բան մը, գերմարդկային արտասովոր աքթով մը քողազերծել միջազգային հանրութեան եւ իրաւական ատեաններու կեղծիքը, այդպիսով սարսափեցնել ոսոխ թուրքը, քանդել լռութեան եւ անարդարութեան պատը, ցնցել մարդկութեան յիշողութիւնը, խիղճը եւ դատողութիւնը: Բանախօսը ըսաւ, թէ անոնք յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ, իսկ մեզի ալ կտակեցին այն, որ կարելի չէ ինքնանպատակ, անիմաստ, հաճոյակատար ու բռնազբօսիկ երեւոյթներով ապրիլ, որովհետեւ իբրեւ հայեր պարզապէս իրաւունք չունինք սովորական կեանքը մաշեցնող օրէնքներուն ենթարկուելու:

«Մե՛նք բարոյական, ազգային եւ սրբազան գործը շարունակելու պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն հանդէպ: Այդ իսկ պատճառով, Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան, գաղափարաքաղաքական կտակին հետապնդած նպատակներուն հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ կազմակերպական, կարգապահական, գաղափարական-քաղաքական մեր կեցուածքներուն մէջ ըլլալ անթերի: Կը նշանակէ բոլոր ժամանակներուն ամէն տեսակի դժուարութեանց արհեստական արգելափակումներուն դէմ պայքար, յոգնածութեան, անտարբերութեան, յուսալքութեան, անզօրութեան եւ յուսահատութեան բոլոր ժխտական ու ներազգային դիմադրողականութիւնը տկարացնող ալիքներուն դէմ պայքար: Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակը վառ պահել, հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ, կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքին իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն», շեշտեց ան: Բանախօսը աւելցուց, որ այսօր մեր պարտքն է չտարուիլ համաշխարհային վտանգներով, նիւթականացած բարքերով ներկայ աշխարհի թելադրած կանոններով, որոնք ի զուր կը փորձեն ջլատել, պառակտել, ապազգայնացնել եւ ապաքաղաքականացնել ազգային խնդիրներ ունեցող եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ժողովուրդները:

Մելիք Գարագաւորեան դիտել տուաւ, որ ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են, բայց մենք ալ փոխուած ենք իբրեւ ազգ, քաղաքականացած ենք, ազատագրած ենք Արցախի Հանրապետութիւնը, վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կորիզը կը հանդիսանայ Լիզպոնի 5 տղոց երազը կազմող Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան: Ուստի մենք կը շարունակենք մնալ պահանջատէր, մերժել մեր իրաւունքները խլելու որեւէ փորձ` միշտ ձգտելով ըլլալ իսկական ուժ եւ գիտակցելով, որ գոյատեւելու համար կարիք ունինք հերոսներու, նահատակներու, գաղափարական խենթերու: Ան շեշտեց, որ մենք մեր նահատակներուն յիշատակը յարգելով եւ անոնց կտակին տէր կանգնելով պէտք չէ բաւարարուինք, այլ պէտք է գուրգուրանք անոնց ծնողներուն, որոնք իրենց հարազատները մատաղ տուին ազգին:

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ մարտունակ եւ կորովով լի երիտասարդութիւն ունենալու հրամայականին եւ նշեց, որ պէտք չէ տարուիլ մեզ տկար նկատել ձգտող փորձերով, որովհետեւ մեր ունեցած զէնքերը, ազատ ու անկախ ապրելու համոզումը, ազգային, գաղափարական, հոգեբարոյական եւ ազգային միասնականութեան հաւատամքի զէնքերը իրապէս անպարտելի են, իսկ մենք այսօր պիտի շարունակենք Հայ դատի եւ պահանջատիրական պայքարը բոլոր ճակատներուն վրայ անխտիր: Այս ծիրին մէջ անդրադառնալով այսօր մեզմէ ակնկալուած պահանջներուն` Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ, թէ այսօր պէտք է ոչինչ խնայել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութեան, հզօրացման եւ ներազգային միասնականութեան ի խնդիր, նաեւ` ոչ մէկ բան խնայել Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի, արդար պահանջատիրութեանց գործի անվերապահ մեր մասնակցութիւնը բերելու:

Աւարտին, իր խօսքը երիտասարդութեան եւ ԼԵՄ-ականներուն ուղղելով` բանախօսը ըսաւ. «Դո՛ւք, Քրիստափոր Միքայէլեանի ըսածին պէս, պիտի յեղափոխականացնէք մարդոց ոգին եւ միտքը: Գաղափարական, կարգապահ եւ մարտական ոգիով ոտքի պիտի հանէք երիտասարդութիւնը եւ խանդավառէք զանոնք: Դո՛ւք իրենց պիտի փոխանցէք եւ բացատրէք Լիզպոնի 5 տղոց կտակը, իտէալը, համահայկական, համազգային երազը, շունչը: Այո՛, գործունէութեան դաշտը հիմնականին մէջ ձեզի է: Անորոշութեան եւ պրպտումի մէջ գտնուող երիտասարդութիւնը դո՛ւք պիտի համոզէք, պիտի տոգորէք եւ ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, Երեւան, որ կորիզն է Արեւմտահայաստանի, ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի, պիտի ուղղէք դէպի Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք:

«Դո՛ւք բոլորդ անվերապահօրէն պիտի զինուորագրուիք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն: Ինչ ալ ըլլան ընկերային, տնտեսական, տեղայնական, միջազգային թէ շրջանային պայմանները, դո՛ւք իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն, մասնակից պէտք է ըլլաք Հայաստանի պետականաշինութեան, ազգային բանակի հզօրացման, տնտեսական զարգացման:

«Դո՛ւք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլաք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն: Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուր ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները: Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Լիզպոնի 5-ին` Սագոյի, Արայի, Սեդրակի, Վաչէի եւ Սիմոնի աճիւնները»: 

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

aztagdaily.com