կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-27 13:20
Սփյուռք

Լիզպոնի Գործողութեան 37-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 37-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 26 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 37-ամեակի ոգեկոչում:

Լիզպոնի հերոսներուն դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Անկէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Մարկոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ 37 տարիներ առաջ հինգ անձնազոհ երիտասարդներ` Սեդրակը, Արան, Սագոն, Սիմոնը եւ Վաչէն, Լիզպոնի մէջ կատարած հերոսական գործողութեամբ նահատակուեցան Հայ դատին արդար լուծում մը ապահովելու հեռանկարով եւ հայութեան անզիջելի իրաւունքներու պահանջատիրական երթը շարունակելու վճռակամութեամբ: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի գործողութիւնը դարձակէտ մը եղաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որովհետեւ անիկա յաջողեցաւ Հայ դատի պայքարին նոր թափ եւ տարողութիւն տալ աշխարհով մէկ, միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեց մոռացութեան մատնուած Հայկական հարցին վրայ, իսկ ներքին ճակատի վրայ անիկա հայ ժողովուրդին մէջ արթնցուց երկար ատեն թմրած պայքարի ոգին:

Յարութ Մարկոսեան ըսաւ, որ Լիզպոնը այսօր մեզի կը փոխանցէ գաղափարի եւ յեղափոխութեան օրինակելի պատգամներ` բացարձակապէս մերժելով սկզբունքներէ շեղում: Լիզպոնը կը մերժէ այն բոլոր երեւոյթներն ու սովորութիւնները, որոնք կը սպաննեն ազգը, այլ կ՛օրհնէ հաւաքական ու միասնական պայքարը` յանուն մեր ազգի գոյատեւման եւ հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման, իսկ տղաքը կը հաւատային, որ պէտք է ապաւինիլ անձնական ուժերուն, որովհետեւ ուրիշին կարելի չէ վստահիլ: Ան շեշտեց, որ կացութիւնը այդպէս է նաեւ այսօր` իբրեւ օրինակ յիշելով Արցախեան ազատամարտն ու Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, Տաւուշի սահմանային վերջին բախումները, ուր հայութիւնը ինքզինք պարտադրեց միայն սեփական ուժով եւ լիզպոնեան խոյանքով ներշնչուած անձնուէր նահատակներով:

«Լիզպոնի մեծագոյն դասը եղաւ ապաւինիլ սեփական ուժին: Հետեւաբար, հայ երիտասարդը իրաւունք չունի ինքնանպատակ եւ սովորական կեանքի մաշեցնող օրէնքներուն հետեւելու: Մե՛նք պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին եւ մեր նահատակներուն հանդէպ: Պարտաւոր ենք վառ պահել Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակը եւ այն բոլոր արժէքները, որոնց համար նահատակուեցան անոնք: Պարտաւոր ենք հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ մեր ազգին եւ հայրենիքին: Մե՛նք այսօր պէտք չէ շեղենք մեր հայեացքը ազգային մեր արժէքներէն, չտարուինք առօրեայ նիւթական փառքերով, ինչպէս նաեւ ապազգային գաղափարներով, այլ կառչած մնանք հայոց լեզուին եւ մշակոյթին», շեշտեց Յարութ Մարկոսեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիզպոնի 5 անձնազոհներուն աճիւնները պիտի հանգչին այն ժամանակ միայն, երբ մե՛նք ունենանք հզօր պետութիւն, անպարտելի ազգ-բանակ, տնտեսական զարգացում, մեր հաւաքական նպատակներուն շուրջ համախմբուածութիւն եւ գերագոյն նպատակի իրականացում:


Ապա «Ռոստոմ» պատանեկան միութենէն Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Ժագ. Ս. Յակոբեանի «Լիզպոնի յիշատակին» բանաստեղծութիւնը: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան եւ անկէ բխող պատգամին վերաբերող տեսերիզ մը` պատրաստուած ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ:

Օրուան բանախօսն էր Արամ Սոմունճեան, որ իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ ազգային ազատագրական- պայքարի տարբեր փուլերուն` սկսելով 1800-ականներու կէսերէն, եւ շեշտեց, որ այս ընթացքին արձանագրուած են ցնծութեան եւ յուսախաբութեան պահեր:



Ան յայտնեց, որ 1965-ին էր, որ հայութիւնը ապրեցաւ նոր զարթնում մը, սուգը վերածեց արդար պահանջատիրութեան, իսկ թախիծը` Օսմանեան կայսրութեան կատարած անմարդկային ոճիրին մասին համայն աշխարհը տեղեկացնելու եւ հատուցում պահանջելու բարձրաձայնումի: «Սակայն, ի յայտ եկաւ, որ նախորդող տարիներուն ո՛չ միայն հայութիւնը մոռցած էր իր պատմութիւնը, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքը եւ ամբողջ մարդկութինը մոռցած էին եւ չէին ուզեր յիշել հայութեան դէմ գործուած անմարդկային ոճիրը: Մօտաւորապէս 10 տարուան ընթացքին կատարուած ցոյցերն ու պահանջատիրական ներքին ու լուռ երթերը պարզապէս հոգեկան հանգստութիւն կու տային հայութեան, բայց որեւէ յառաջխաղացք չէր արձանագրուեր Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:

Եւ ինչպէս Պերլինի վեհաժողովէն ետք, նոյնպէս ալ 1970-ականներուն, հիմնական նկատուեցաւ պայքարի մարտավարութիւնը փոխել: Անկիւնադարձային եղաւ 1972-ի դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ հայութեան հաւաքական ուժը համախմբելու-հզօրացնելու եւ անոր ապաւինելու ռազմավարութեան վրայ, միաժամանակ ժողովը որոշում տուաւ Թուրքիոյ դէմ Հայ դատի գծով պայքարը սաստկացնելու», շեշտեց Արամ Սոմունճեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ 1975-ի հոկտեմբերին սկիզբ առած ուժական պայքարով նոր փուլ թեւակոխեց հայկական գոյամարտը` մինչեւ 80-ական թուականներու կէսերը, լայն արձագանգ ձգելով թէ՛ միջազգային մամուլին եւ հանրութեան, եւ թէ՛ հայ զանգուածներուն վրայ: Այս ծիրին մէջ կարեւոր դեր եւ արժէք ունի 27 յուլիս 1983-ին գործուած նուիրական սխրանքը` Փորթուգալի մայրաքաղաքաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատան գրաւումը, որ իր տեսակին մէջ ամէնէն ուժգին հարուածն էր` ուղղուած թրքական իշխանութիւններուն:

«Այսպէս, 37 տարիներ առաջ, Սագոն, Սիմոնը, Սեդրակը, Վաչէն եւ Արան հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով եւ հայրենիքին, ազգին ու դատին համար թափած արեամբ գունաւորած են պանծալի էջ մը… Էջ մը, որ կը պոռթկայ դարերու ստրկութեան դէմ եւ կը ճեղքէ բռնակալութեան շղթաները, էջ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, էջ մը, որ յանձնառութիւն եւ յարգանք կը պարտադրէ: Լիզպոնի գործողութիւնը փաստ մըն է, որ դատ մը շահելու համար պէտք է ամբողջովին հրաժարիլ անձնական ամէն տեսակ մօտեցումէ ու շահէ` մեծ թէ փոքր, եւ առաջնահերթ ու հիմնական նկատել ՄԻԱՅՆ հաւաքականը: Անձնազոհութեան գերագոյն իտէալը կը մարմնաւորուի, երբ անհատը գիտակցաբար ու համոզումով իր իսկ կեանքէն կը հրաժարի, որովհետեւ իր մահուամբ կերտուելիք ապագան շատ աւելի արժէքաւոր, վեհ ու բարձր է: Լիզպոնի 5 անձնազոհ հերոս տղաքը լաւապէս գիտցան, որ անձնականէն աւելի կարեւոր է հաւաքականը` այս պարագային հայութեան եւ Հայաստանի շահերն ու յաղթանակները», շեշտեց Ա. Սոմունճեան` աւելցնելով, որ Լիզպոնի գործողութիւնը յստակ ապացոյց է, որ մենք ի վիճակի ենք որեւէ ատեն ամբողջ աշխարհը ցնցելու ու բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մեր վրայ:

«Բախտը չեմ ունեցած ճանչնալու Լիզպոնի 5 անձնազոհները` անոնց անձերուն մասին վկայութիւն տալու համար, բայց հպարտօրէն կը հաստատեմ, որ բախտը ունեցած եմ անդամակցելու ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ուր դաստիարակուած եմ նոյն սկզբունքներով ու նոյն իտէալներով եւ սորված եմ, որ Լիզպոնով սկսած գործը կը շարունակուի, պէտք է շարունակուի եւ պիտի շարունակուի նոյն յանձնառութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ: Թէեւ միջոցներն ու ձեւերը փոխուած են, յարմարեցուած են այսօրուան կարելիութիւններուն, սակայն Հայ դատի պայքարը կը շարունակուի նոյն թափով` ունենալով մէկ եւ միասնական տեսլական: ԼԵՄ-ը տակաւին կարողութիւնը ունի հայ երիտասարդութեան ներաշխարհին մէջ ամրապնդելու ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ գերագոյն սէրը, գործի մղելու զայն` անոր համար ստեղծելով պայքարի նոր հորիզոններ: Միութիւնը նաեւ կարողութիւն ունի շարունակելու իր ղեկավարի դերը այդ լայնածաւալ պայքարին մէջ», դիտել տուաւ բանախօսը:

Ան երախտագիտութեամբ ողջունեց նաեւ մեր ազատագրական պայքարի այն հերոսները, որոնք չբախտաւորուեցան նահատակութեամբ, նաեւ երկար տարիներէ ի վեր բանտը գտնուող Համբիկ Սասունեանը: Ան յոյս յայտնեց, որ օր մը այս տղաքը նաեւ կը յիշատակուին հայոց պետութեան կողմէ` իբրեւ ազգային հերոսներ, որովհետեւ ամբողջ հայութեան պարտքն է յարգել զանոնք, որովհետեւ անոնք պայքարեցան մեր ոխերիմ թշնամիին` թուրքին դէմ եւ իրենց կեանքերը զոհեցին Հայ դատին համար:

Արամ Սոմունճեան նշեց, որ հայութեան ոխերիմ եւ արիւնարբու թշնամին այսօր կը մնայ նոյնը, որ իր կրտսեր եղբօր` Ազրպէյճանին հետ, որեւէ ճիգ չի խնայեր հարուածելու հայոց անկախ երկու պետութիւնները: Այս առիթով ան յիշեց վերջերս Տաւուշի մէջ տեղի ունեցած ազրպէյճանական յարձակումները, տարբեր երկիրներու մէջ հակահայ դրսեւորումները, ազերիներու եւ թուրքերու կատարած խուլիկանութիւնները, Լիբանանի մէջ շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերը:

Առ այդ, ան հրամայական նկատեց հակաթուրք պայքարի շարունակութիւնը. «Հակաթուրք պայքարը ժամանակ, վայր, ձեւ կամ միջոց չունի: Բոլոր ժամանակները, վայրերը, ձեւերն ու միջոցները պէտք է գործածել` շարունակելու համար այս պայքարը: Ինչպէս որ Լիզպոնի գործողութիւնն ու Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը հակաթուրք պայքար են, այդպէս ալ` այո՛, թրքական արտադրութիւններ մերժելը հակաթուրք պայքար է, այո՛, Թուրքիոյ դէմ ցոյց կատարելը հակաթուրք պայքար է, այո՛, ընկերային ցանցերու վրայ թրքական ապատեղեկատուութեան դէմ դնելն ու ճշմարտութիւնը յայտնելը հակաթուրք պայքար է: Մեզմէ ամէն մէկը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կրնայ իր ներդրումը ունենալ մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ», ըսաւ բանախօսը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Սոմունճեան նշեց, որ իրենց հերոսական նահատակութեամբ, Լիզպոնի քաջերը սրբագիր տառերով քանդակեցին իրենց պատգամը` մէկ եւ միասնական հայութիւն, մէկ եւ միասնական, ամբողջական, ազատ եւ անկախ Հայաստան: «Եկէ՛ք ոչ միայն յարգենք անոնց յիշատակը, տարբեր առիթներով յիշենք զանոնք, այլ 5 տղաքը ունենանք իբրեւ մեր ճիշդ ճամբան լուսաւորող փարոս, անոնց խօսքերը պահենք մեր մտքերուն ու խիղճերուն մէջ իբրեւ սրբազան կտակ, եւ անպայման շարունակենք անոնց սկսած գործը եւ իրականացնենք անոնց եւ մեր իտէալը` կերտելով ազատ, անկախ, միացեալ եւ ընկերվար Հայաստանը»:


Ձեռնարկը աւարտեցաւ փունջ մը երգերով, որոնց վերջինը «Վէրքերով լի»-ն էր:

aztagdaily.com