կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-25 23:17
Հասարակություն

Լիզպոնի Տղոց Նուիրուած Հրատարակութեան Մը Դէմ Յանդիման («Սրբազան Խաչելութիւն»)

Լիզպոնի Տղոց Նուիրուած Հրատարակութեան Մը Դէմ Յանդիման («Սրբազան Խաչելութիւն»)

Կը պատահի, շատ անգամ, որ ծանօթ ըլլանք անհատներու, գրողներու թէ արուեստագէտներու, որոնք եզակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած ըլլան որոշակի նիւթի կամ պատմական դրուագի, դէմքի թէ ազգային հնչեղութիւն ունեցող արարքի մը եւ մեծ նուիրումով լծուին տուեալ թեմայի խոր ուսումնասիրութեան:

Մեր կեանքին մէջ ծանօթ ենք նաեւ այնպիսի տիպարներու (հազուագիւտ), որոնք ոչ միայն սէր ու յարգանք կը տածեն պատմութիւն կերտած անհատներու նկատմամբ, այլ նաեւ անօրինակ յափշտակութեամբ կը մղուին լոյսին բերելու տուեալ դէպքին կամ դէմքին գաղափարախօսական արժէքն ու ժառանգը, աւելի՛ն. իրեն աշխատանքով նորահաս սերունդներու յիշողութեան եւ կերտուածքին մէջ կ՛ուզեն ամրագրել հերոսածին տղաներու կատարած սրբազան արարքն ու մեծութիւնը:

Արա Նախշքարեան եւ «Սրբազան խաչելութիւն»:

Հեղինակի անուն եւ մտաւորական աշխատանքի մը արգասիքը: Գրող մը, որ իր կեանքին եւ մտասեւեռումին առանցքը դարձուցած է սխրանքի մը էութիւնը: Ան  երդուած է հաւատարիմ մնալ իր կոչումին եւ ուխտապահի յանձնառութիւնը շալակին, ամէն պատեհ առիթի ամբողջ ազգի մը սեփականութիւնը դարձնել Լիզպոնի տղոց քաջագործութիւնը:

Արցախեան ազատագրական պայքարի բովէն անցած եւ անոր իր մասնակցութիւնը բերած Արային համար հայոց յեղափոխական մարտերու եւ առիւծասիրտ տղաներու արիութիւնը իրենց բացառիկ իմաստը ունին, որովհետեւ ան` հայոց պատմութեան ծալքերուն եւ սխրանքներուն խորքը ճանչցած ըլլալով, ըստ էութեան կ՛արժեւորէ մօտիկ անցեալը, ներկան եւ ազգանուէր ամէն գործունէութիւն:

Մատնանշումին լաւագոյն ապացոյցը` Արա Նախշքարեանի անտեղիտալի եւ մաքրամաքուր սէրն ու յարգանքն է հայոց ազատամարտին մասնակից իւրաքանչիւր հերոսի նկատմամբ: Եւ ահա, Լիզպոնի տղոց նուիրուած այս հոգեգրաւ պատմուածքով հեղինակը լոյսին կը բերէ հերոսապաշտի իր անսեթեւեթ զգացողութիւնը:

Այո՛, Լիզպոնի հինգը, որոնք իրենց գարուն կեանքը նուիրաբերեցին յանուն Հայ դատին, ազգային երազանքի իրագործումին ու Արարատի ազատագրումին:

Տեղին է ընդգծել, որ «Սրբազան խաչելութիւն» պատմուածքը սովորական կամ դասական իմաստով պէտք չէ ընկալել, որովհետեւ անիկա կ՛ընդգրկէ իրական կեանքէ առնուած պատումներ եւ միս ու ոսկոր ունեցող տիպարներ:

Պատմուածքը կը յատկանշուի իր խօսքի պարզութեամբ, անմիջականութեամբ,  գեղարուեստական շունչով, անպաճոյճ բառերով եւ մտածումներու խայտանքով:

Հեղինակը փորձած է երեւան հանել այն կարմիր գիծը, որ դարերու խորերէն հասած է մեզի եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան կը վերաբերի: Փաստօրէն, Արայի հոգեմտաւոր հայեացքներուն ակունքին կը կանգնի այն ճշմարտութիւնը, թէ առանց ազգային դիւցազներգութիւններու` հազարամեայ ազգերն անգամ կրնան ի չիք կորսուիլ եւ անհետանալ պատմութեան թատերաբեմէն:

Ընթերցողը պատմուածքին մէջ պիտի տեսնէ Լիզպոնի տղոց կենդանագիրի բոլոր մանրամասնութիւններ, որոնք ներկայացուած են հարազատօրէն եւ ճշմարիտ տողերու ուղեկցութեամբ: Արա Նախշքարեան հաւատամքի վերածած է Լիզպոնի տղոց աքթին էութիւնը: Ան իր թելադրական ոճին ընդմէջէն վեր կ՛առնէ այս սրբազան «խենթ»-երուն ազգանուէր արարքը` ցոյց տալով անոնց Արարատապաշտի դաստիարակութիւնը, հայրենիքին նուիրուելու կամքն ու ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:

Այլ խօսքով, ընթերցողը հաղորդական պատումին ընդմէջէն կը ծանօթանայ նաեւ հերոսածին տղոց մայրերուն, հարազատներուն, շրջապատին ու անոնց օրինակելի կեցուածքին (լուսանկարներ, նամակներ եւ այլն):

Իրաւացի է հեղինակի այն հաստատումը, թէ Լիզպոնի տղաքը, բարի գործի քուրմեր են, որոնք արիաբար սլացան դէպի սրբազան խաչելութիւն, նոյնիսկ առանց հայրենի հողը տեսնելու, զուլալ ջուրը խմելու եւ արարատեան օդը շնչելու:

 

Լիզպոնի տղաքը գացին անվերադարձ, մեր օրերու դիւցազնամարտը հիւսելու ու եղան հայոց աստուածներու պանթէոնի առաքեալները` իբրեւ ներշնչման աղբիւր գալիք սերունդներու: Անոնք իրենց գաղափարայնութեամբ եւ քաջութեամբ կրցան նուաճել Արարատի գագաթը ու հոս հաստատուիլ առյաւէտ:

Աւարտին, երախտագիտութեամբ առլցուն խօսք հեղինակին, ինչպէս նաեւ` պատմուածքը դասական ուղղագրութեամբ համեմած Կիրօ Գարակէօզեանին, մեկենասներուն, խմբագիրին եւ հրատարակչատան: Գիրքը պատկերազարդ է (100 էջ) եւ ունի  գեղարուեստական շունչի ու տպագրական որակի վայելչութիւն:

Կը մնայ, որ նորահաս սերունդը գիրքը ընթերցէ եւ իր հոգիին մէջ աշտարակէ Լիզպոնի տղոց սխրանքին վեհութիւնը:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ