կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-03 22:42
Հասարակություն

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցչի այցելությունը Նոր Գյուղ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցչի այցելությունը Նոր Գյուղ

3 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Նոր Գիւղի ազգային հաստատութիւնները։ 

Այցելութիւնը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ քահանայից դասը։ Գոհաբանական աղօթքներէն ետք, Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ բացատրութիւն տուաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցին մասին, կարեւորելով անոր դերը պատերազմի տարիներուն։ Ապա ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին հետ։ 

Եկեղեցւոյ այցելութենէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Ազգ. Պատասպարան, ուր տպաւորիչ հանդիպում մը ունեցաւ սաներուն ու պատասխանատուներուն հետ։ Ապա ուղղուեցաւ Տպարան «Արեւելք», ուր պաշտօնէութեան ընկերակցութեամբ ծանօթացաւ տպարանի աշխատանքներուն։

Նոր Գիւղի շրջագայութիւնը ընդգրկեց նաեւ այցելութիւններ ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական եւ Համազգայինի «Զաւարեան» Մշակութային վերակառուցուած կեդրոններ։ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մօտէն ծանօթացաւ վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնք տակաւին իրենց աւարտին չեն հասած։ Ընկերաբժշկական կեդրոնի մուտքին խաչուհիները պատուեցին ընկ. Տէր Խաչատուրեանը ՀՕՄ-ի քայլերգով, ապա ընկերոջ նուիրեցին ՍՕԽ-ի յուշամատեանն ու հայկական ասեղնագործութեամբ յուշանուէր մը։

Զոյգ կեդրոններէն ներս այցելող ընկերը դիմաւորեցին միութիւններու շրջանային վարչութիւններն ու տեղական մասնաճիւղերու վարչութիւնները։

Նոր Գիւղ այցելութիւնը պիտի չամբողջանար առանց այցելութեան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Պատկան Մարմինի ընկերներուն, Ճեմարանի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալութեան, քահանաներուն եւ միութենական ընկերներու ներկայութեան կատարեց բացումը Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան պատասխանատու, նահատակ ընկ. Ռաֆֆի Պչաքճեանի դիմաքանդակին։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ նահատակ ընկերոջ հարազատները, որոնք աւարտին ընդունեցին ներկաներուն ցաւակցութիւնը։ Ապա, ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան հետ։

Այցելութեան ընթացքին յատկանշական էր երիտասարդական եւ ուսանողական նորակառոյց կեդրոններուն բացումը, ներկայութեամբ Պատկան Մարմինին, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան Վարչութեան եւ միութենական ընկերներու։ Կեդրոններու բացումներուն օրհնութեան արարողութիւն կատարեցին Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Տէր Մաշտոց իր օրհնութեան խօսքին մէջ շեշտեց. «Երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն են մեր ազգային արժէքներուն ջահակիրը, այսպիսի կեդրոններու բացումը երաշխիքն է ազգային տեսլական ունեցող երիտասարդութեան աշխոյժ գործունէութեան»։

Իր կարգին, ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, շրջագայելով կեդրոններէն ներս, գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց երիտասարդ միութենականներուն։

ԳԱՆՁԱՍԱՐ