Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, 4-8 Ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ եւ ունեցաւ քաղաքական, հասարակական եւ կազմակերպական տարբեր հանդիպումներ` Փարիզի, Մարսէյլի եւ Լիոնի մէջ:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի եւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեանի, տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայ Դատի, Արցախի եւ Հայաստանի առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ` ապագայ գործակցութեան հեռանկարներ:
Քաղաքական հանդիպումներու ծիրէն ներս, Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Մուրատ Փափազեանի, տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Լիոնի նախկին քաղաքապետ, այժմ փոխ քաղաքապետ Գէորգ Քէփէնէկեանի հետ: Արծարծուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին կապուած հարցեր եւ Հայ Դատի առնչուող խնդիրներ:
Հասարակական եւ կազմակերպական գետնի վրայ, վերոյիշեալ երեք քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ներկուսակցական տարբեր ժողովներ, ապա նաեւ բանաւոր եւ գրաւոր մամուլի հարցազրոյցներ ու ժողովրդային հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան ուղեկից երեք միութեանց ներկայացուցիչներ, մեծաթիւ համակիրներ եւ երիտասարդներ: Ուշագրաւ էր Փարիզի «Տիամանթէր» ճաշարանին մէջ երեկոն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ վաթսուն հազար եւրօ սրտաբուխ նուիրատուութիւն:
Փարիզի, Մարսէյլի եւ Լիոնի մէջ արտասանած իր խօսքերուն ընթացքին, Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատուկ լուսարձակի տակ առաւ երիտասարդութեան աշխուժ ներկայութիւնը, վեր առաւ անոնց էական դերակատարութիւնը ոչ միայն ապագայի համար, այլեւ` ներկայի: Ապա, ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ կուսակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Հայ Դատի լայնածաւալ աշխատանքներուն, արցախեան հիմնահարցին, վերջին շրջանի Հայաստանի արտաքին թէ ներքին իրավիճակին, Ջաւախքի պայմաններուն, սփիւռքեան բազմաշերտ օրակարգին եւ այս բոլորին գծով` Դաշնակցութեան պատկերացումներուն, դիրքորոշումին ու անելիքին մասին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ