կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-28 00:03
Առանց Կատեգորիա

Միացյալ Հայաստանը հայության գոյատևման հիմնաքարն է

Պատմահայր Մովսէս Խորենացի մեզի փոխանցած է մեր նախնիներու այն սկզբունքը, թէ «Սահմանք քաջաց զէնն իւրեանց» - քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է։ Սահմանները կը գծուին ունեցած զէնքի ուժի տարողութեան համապատասխան։

Պատմութեան ընթացքին Հայաստան աշխարհի սահմաններու յարափոփոխութիւնը դրսեւորումն է այս սկզբունքին, որ մենք իւրացուցինք եւ մեկնաբանեցինք դառն փորձառութիւններով։ Հայաստանը մարդկային պատմութեան մէջ այն հազուագիւտ երկիրներէն է, որ իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ունեցած է շարժուն սահմաններ։

Մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք ժամանակաշրջան, երբ Հայաստան իր տասնըհինգ նահանգներով պարփակած է մօտ 300,000 քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք։ Տիգրան Մեծի օրով Հայաստան ապրած է կայսերական ընդարձակուած տարածքներով։ Յետագային, կորսնցնելով իր պետականութիւնը, Հայաստան անդամահատուած է եւ բաժնուած մասերու՝ շրջանային կայսերական ուժերու միջեւ։

Մնայուն սահմաններու ապահովումը հինէն ի վեր մտահոգութիւնը եղած է Հայաստանը կառավարող իշխանաւորներուն։ Բայց Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը տեւաբար անել հանդիսացած է մնայուն սահմաններու ապահովման։ Ռուբէն Տէր Մինասեանի բացատրութեամբ, Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ գտնուող այն տարածաշրջանն է, որ հետեւողական կերպով ենթարկուած է արեւելքէն եւ արեւմուտքէն արշաւող օտար ուժերու յարձակումներուն։

Այսպէս, քաղաքական անօթը փշրուած, պետական կառոյցները խորտակուած եւ ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդը հաւաքական լինելութեան հիմնախդրին դէմ յանդիման կը գտնուէր։ Ազատ ապրելու, սեփական ճակատագիր որոշելու եւ հայրենական ապահով ու մնայուն սահմաններու մէջ գործելու առաջադրանքը ազգային օրակարգի վերածուեցաւ 17րդ դարէն սկսեալ՝ հասնելու համար մեր ազգային ազատագրական պայքարի բոցավառման։ Այդ պայքարը հայութեան քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման նուաճումը հետապնդող այն մեծ շարժումն էր, որ ինքնըստինքեան ու ներքուստ կը բովանդակէր պետական անկախութեան եւ հայրենական հողերու միացման նպատակները։

Այս կէտը աւելի քան ջինջ կը դարձնէր մեր ազատագրական պայքարի դարբինը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, երբ ան կը յայտարարէր, «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։»

Ազատագրական պայքարի երեք տասնամեակներու զոհողութիւններէն ետք, Մայիս 28, 1918ին մեր ժողովուրդը վերականգնեց իր քաղաքական անօթը եւ պետական կառոյցները՝ հիմնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Անկախութիւնը առաջին ոստումն էր հաւաքական լինելութեան ապահովման։ Կը մնար բաւարարող ու ապահով սահմաններու մէջ հաւաքական գոյատեւելիութեան ամրակայումի գործը։

Մէկ տարուայ մէջ մեր մանուկ պետութիւնը հազիւ12,000 քառ. քլմթր. հաշուող հայրենական հողատարածքը հնգապատիկ ընդարձակեց։ Բայց հայութեան հաւաքական գոյատեւելիութիւնը կարիքը ունէր աւելիին։ Պէտք էր նաեւ «պատռել... աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները» եւ «ջնջել» մեզ բաժնող «աշխարհագրական ներկերը»։

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի առաջնորդութեամբ եւ Հայաստանի Խորհրդարանի վաւերացումով, որոշեց վերականգնել հայրենիքի ամբողջութիւնը։ Ճիշդ հարիւր տարի առաջ, Մայիս 28, 1919ին, խորհրդարանի դահլիճին մէջ, օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, յայտարարուեցաւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի Ակտը։

Ակտը հաստատեց, «Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ ժողովրդի լիակատար ազատութիւնն ու բարգավաճումն ապահովելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը, համաձայն բովանդակ հայ ժողովրդի միահամուռ կամքի ու ցանկութեան, յայտարարում է, որ այսօրւանից Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են իբր անկախ պետական միութիւն:» Միացեալ Հայաստան «բաժան-բաժան մասերը» կը կազմէին ներկայ՝ Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հողատարածքները։

«Այսպիսով, ներկայումս Հայաստանի ժողովուրդն է իր ամբողջացած հայրենիքի գերագոյն տէրն ու տնօրէնը, եւ  Հայաստանի պարլամենտն ու կառավարութիւնը հանդիսանում են միացեալ Հայաստանի ազատ ժողովուրդը շաղկապող բարձրագոյն օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնը:»

Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումը կը վայելէր ժողովրդական, քաղաքական, իրաւական եւ դիւանագիտական հեղինակութիւն։ Տարի մը ետք, Օգոստոս 1920ին, ան միջազգայնօրէն ընդունուեցաւ եւ ներառուեցաւ Սեւրի Դաշնագրի տրամադրութեանց մէջ։ Անոր սահմաններու վերջնական վճիռը վստահուեցաւ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, որ իր իրաւարարական վճիռը կայացուց Նոյեմբեր 1920ին։ Այդ վճիռը միջազգային օրէնքով կը մնայ ի զօրու եւ գործադրելի։ Այդ վճիռին տէրերն են ներկայ Հայաստանի պետութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը։

Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանով մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հաւաքաբար նուաճեցինք մեր մնայուն սահմանները։ Այսօր այդ նուաճումի իրականացումէն կախեալ է մեր հաւաքական գոյատեւելիութիւնը։

Հայրենի ժողովուրդը, կառավարութիւնը եւ Ազգային Ժողովը տէրերն են Միացեալ Հայաստանի իրաւունքին։ Ան հիմնական երաշխիքն է մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական գոյատեւելիութեան։

Սփիւռքի գաղթօճախները եւս տէրերն են Միացեալ Հայաստանի իրաւունքին։ Սփիւռքի մեր ժողովուրդը շարունակաբար տիրութիւն կատարած է այդ իրաւունքին, պահանջելով որ մեր բռնագրաւուած հայրենական հողերը պէտք է վերադարձուին իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին։ Այդ իրաւունքի պայքարով եւ հաւատքով Սփիւռքը պահած է եւ պիտի պահէ իր հայեցի ինքնութիւնն ու գոյատեւելիութիւնը։

Միացեալ Հայաստանը կը պատկանի համայն հայութեան։ Ան իրաւունքն է իւրաքանչիւր հայուն։ Կրնա՛նք նուաճել այդ իրաւունքը։ Անոր առաջին ոստումը կատարեցինք Արցախի ազատագրումով։

Պէտք է նուաճենք Միացեալ Հայաստանի իրաւունքը, աորովհետեւ ան մեր հաւաքական գոյատեւելիութեան գրաւականն է։

 

Սեդօ Պոյաճեան, Լոս Անճելըս