Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հալէպի մէջ 16 Ապրիլին տեղի ունեցած Արցախի զօրակցական հաւաքին․
Սիրելի՛ … հոգեհարազատներ,
Իմս պարզապէս սրտի հակիրճ խօսք է: Բիւրոյի ընկերս՝ Դաւիթ Իշխանեանը արդէն փոխանցեց Արցախի վերաբերող օրուան հիմնական պատգամը:
Վստահաբար գիտէք, թէ որքան հարազատ կը զգանք երբ Սուրիոյ հայութեան հայատրոփ կեդրոն՝ Հալէպ մէջ ենք… պաշտօնական հանգամանքներէն անդին ինծի համար տունդարձի համազօր է այսպիսի ամէն մէկ այց:
Եւ որքան յատկանշական է, որ երկրաշարժի ցնցումներէ անցած Սուրիահայութիւնը Արցախի զօրակցական ձեռնարկ է կազմակերպած այսօր, իսկ տագնապահար ու շրջափակուած Արցախը դրամահաւաք էր կազմակերպած ու պատկառելի գումար է յատկացուցած Սուրիահայութեան: Սա լաւագոյն ապացոյցներէն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան:
Այսօր ձեզի բերած եմ ՀՅԴ հայրենի եւ աշխարհատարած ընտանիքի ողջոյններն ու սատար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը: Ահաւասիկ դարձեալ Սուրիա ենք ամուր կանգնելու ձեր կողքին … հոս են ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերները, Հայաստանի եւ Արցախի մեր ներկայացուցիչները, Միջին Արեւելքի (Իրանի եւ Արաբական Աշխարհի) մեր մարմիններու եւ Հայ Դատի գրասենեակի ու յանձնախումբի ընկերները՝ ոչ միայն մասնակցելու Հալէպի մէջ գումարուող մեր շրջանային խորհրդաժողովներուն, այլեւ ձեր կողքին ըլլալով ձեզի փոխանցելու բոլորիս անհուն սէրը, խոր յարգանքը, աներեր զօրակցութիւնը:
Այս երկրի մէջ ենք նաեւ Սուրիոյ պետութեան յայտնելու մեր երախտագիտութիւնը Սուրիահայութեան հանդէպ իր տածած հոգածութեան, Հայաստան-Սուրիա եւ առհասարակ հայութեան հետ սերտ կապերու հաստատման եւ հայկական հարցերու հանդէպ ցուցաբերած դրական դիրքորոշումներուն համար:
Դուք անցաք բազմազան փորձութիւններէ եւ ստացաք ծանր հարուածներ, վերջինը ըլլալով երկրաշարժի աղէտը. նուազ տոկուն ժողովուրդներու պարագային քաղաքական, տնտեսական, համաճարակի եւ երկրաշարժի տագնապները կրնային առաջնորդել լրիւ յուսալքութեան … բայց դուք մնացիք պի’նդ, դուք մնացիք կանգո’ւն, դուք մնացիք մարտականօրէ’ն տրամադրուած՝ դիմագրաւելու ձեր առջեւ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները:
Եւ ձեր թիկունքին ունեցաք ողջ հայաշխարհը, իր հայրենի եւ Սփիւռքեան հատուածներով, նոնիսկ շրջապատուած ու տագնապահար Արցախը, որ իր օժանդակութեան ձեռքը երկարեց իր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Աշխարհասփիւռ ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց խղճի պարտականութիւնը կատարելու ամբողջական պատրաստակամութեամբ, անսացին մեր զօրաշաժի կոչին ու անցան գործի՝
Որովհետեւ ազգովին գիտակից ենք Սուրիոյ հայրենամերձ համայնքի էական նշանակութեան եւ անոր գոյատեւման եւ զարգացման անհրաժեշտութեան.
Որովհետեւ վստահ ենք, որ նոյն դիմացկունութեամբ եւ բոլորիս օժանդակութեամբ պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը, եռանդը եւ համահայկական դերը.
Որովհետեւ համոզուած ենք, որ ձեր հարուածուած բոյնը ժրաջանօրէն վերակերտելու ճիգը անպայմանօրէն պսակուելու է յաջողութեամբ.
Որովհետեւ ձեր տոկուն, խիզախ, հայատրոփ նկարագիրը առարկայ չէ սակարկութեան:
Շնորհակալութիւն։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Հալէպ, 16 ապրիլ 2023թ.