կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-11 14:08
Հասարակություն

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարն իր աշխատանքները սկսեց Աթենքում

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարն իր աշխատանքները սկսեց Աթենքում

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, ուրբաթ, 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Աթէնքի «Նովոթել» պանդոկի ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ միութեան երիտասարդական առաջին համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 17 շրջաններէ 18-30 տարիքի 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներու:

Երկօրեայ համագումարին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Շուշիի ազատագրման կռիւներուն եւ ընդհանրապէս արցախեան պայքարի ճակատներուն զոհուած ազատամարտիկներուն եւ հայկական բանակի զինուորներուն յիշատակը:

Այնուհետեւ, համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ համագումարին աշխատանքներուն քարոզչութեամբ զբաղող յատուկ յանձնախումբը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիւրընկալ` ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարլեն Տաքէսեան: Ան ողջունեց աշխարհի զանազան շրջաններէն Աթէնք եկած երիտասարդները եւ շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի համար երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ մնայուն ուշադրութեան առարկայ: ՀՄԸՄ-ի մէջ նկարագիր կը կերտուի, անհատականութիւն կը դարբնուի հաճելի եւ օգտակար մթնոլորտի մէջ:

Համագումարի աշխատանքներուն անդրադառնալով` Տաքէսեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդները իրենց քննարկումներով ու առաջարկներով նոր թարմութիւն եւ աշխուժութիւն կու տան միութեան համահայկական աշխատանքներուն:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւններէն ետք, միութիւնը երկրորդ 100-ամեակի իր առաջին քայլը կ’առնէ երիտասարդական աննախընթաց համագումարով: Մինչեւ օրս միութիւնը կը գործէ սկաուտական եւ երիտասարդական թեւերով ու մեծաթիւ շարքերով: Սակայն, երբ այդ շարքերը հասնին երիտասարդութեան փուլին, եւ աւելի ճիշդը` 18-30 տարեկանին, ինչ-ինչ պատճառներով անոնք աշխատանքի դաշտ չեն գտներ իրենց դիմաց, հետզհետէ կը հեռանան միութենէն եւ հետագային քիչերն են միայն, որոնք տարիներ ետք կը վերադառնան եւ վարչական պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն: «Հետեւաբար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ ստեղծելու միջավայր մը, ուր երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներ կարենան իրենց գործունէութիւնը շարունակել, աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել եւ իրենց կապուածութիւնը պահել միութեան հետ», նշեց ան:

Շարունակելով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համագումարին գաղափարը ծնաւ նաեւ այլ մտահոգութենէ մը` մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները կանուխէն պատրաստել համա-ՀՄԸՄ-ական հարցերու ծանօթացման եւ քննարկման: Ի վերջոյ, այսօրուան երիտասարդները վաղուան մեր պատասխանատուներն են, եւ միութեան Պատգամաւորական ժողովի մակարդակով արծարծուած խնդիրները քննելը, անոնց մասին կարծիք յայտնելը եւ ապա համագումարին ճամբով այդ կարծիքները մինչեւ Պատգամաւորական ժողով հասցնելը, անկասկած, օգտակար փորձառութիւն է:

Մկրտիչեան շեշտեց, որ երրորդ եւ հիմնական նպատակը այս համագումարին օրուան հարցերը, մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը, նոյնինքն երիտասարդութեան ակնոցով քննելն է եւ այդ հարցերուն նոր եւ արդիական լուծումներ գտնելն է:

Գառնիկ Մկրտիչեան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է այսօր հայ երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ: Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ՞ մեր կեանքին գլխաւոր բացական է: Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ ՀՄԸՄ, իբրեւ շրջաններու միաւորներ, գաղութներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, ազգ ու պետութիւն, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներգրաւելու համար:

Ապա, Մկրտիչեան աւելցուց. «Մինչեւ օրս մեր որդեգրած միջոցները սկսած են իրենք զիրենք սպառել: Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ: Ազգային-միութենական մեր կառոյցները կորսնցուցած են երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը: Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ: Միութենականութիւնը դադրած է ժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ: Զաւակները անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւ հարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ` աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւ սպասումներուն: Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ: Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնց մասին անպայման պէտք է խօսիլ, ապա ծրագրել, որոշել եւ գործի անցնիլ նախկինէն աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ, կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ»:

Համագումարին Օրակարգը

Բացման պաշտօնական խօսքերէն ետք, համագումարը անցաւ օրակարգի իր կէտերու քննարկման: Առաջին նիստով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Երկու ժամուան զրոյց-քննարկումով ան ներկայացուց «ՀՄԸՄ-ի անդամակցութիւնը եւ քարոզչութիւնը երիտասարդութեան մօտ» նիւթը:

Յետմիջօրէի նիստերով համագումարին զեկուցումներ ներկայացուցին եւ երիտասարդութեան հետ զրոյցներ վարեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան եւ Հրայր քհնյ. Նիկոլեան: Անոնք ներկայացուցին «Մարզախաղերու դերը ՀՄԸՄ-ի նպատակներու հետապնդման մէջ» եւ «Հայապահպանում» նիւթերը:

Համագումարը կը շարունակուի այսօր եւ կը լսէ երեք յաւելեալ զեկուցումներ, որոնցմէ ետք աշխատանքները կ’աւարտէ երեկոյեան, մայիսեան յաղթանակներու նուիրուած ժողովրդային ճաշկերոյթ-խրախճանքին մասնակցութեամբ:

Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը

ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական առաջին համագումարը կանխեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2015-2019 քառամեակի չորրորդ լիագումարը, որ քննեց միութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը, արժեւորումը կատարեց 100-ամեակի աշխարհասփիւռ տօնակատարութիւններուն եւ ճշդեց միութեան 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովի (հոկտեմբեր 2019) նախապատրաստական քայլերը:

azator.gr