կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-13 10:39
Հասարակություն

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. համագումարն ավարտեց աշխատանքները

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. համագումարն ավարտեց աշխատանքները

11 մայիսին, Աթէնքի մէջ երկօրեայ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի պատմութեան առաջին երիտասարդական համագումարը, որուն մասնակցեցան միութեան 17 շրջաններէն 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, շրջաններէ վարչական ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ իրագործուած այս համագումարը առաջին օրը` ուրբաթ, 10 մայիսին, զեկուցումներու լոյսին տակ քննեց երեք նիւթեր.

– «ՀՄԸՄ-ի անդամակցութիւնը եւ քարոզչութիւնը երիտասարդութեան մօտ», զեկուցաբեր` ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան:
– «Մարզախաղերու դերը ՀՄԸՄ-ի նպատակներուն հետապնդման մէջ», զեկուցաբեր` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան:
– «Հայապահպանում», զեկուցաբեր` Հրայր քհնյ. Նիկոլեան:

Շաբաթ օր համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները եւ լսեց չորս նոր զեկուցումներ` հետեւեալ նիւթերով.

– «Գաղութներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման դժուարութիւններն ու առաջարկուած լուծումները», զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
– «Երկրորդ հարիւրամեակին ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները», զեկուցաբեր` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան:
– «Վաղուան կազմակերպութիւնը», զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
– Հայաստանի եւ գաղութներուն մէջ ՀՄԸՄ-ի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման համար առաջարկուած լուծումները», զեկուցաբեր` Գէորգ Յակոբճեան:

Զեկուցումներուն կողքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան ներկաներուն ծանօթացուց միութեան ապագայ զարգացման ռազմավարական ծրագիրը:

Համագումարին Փակումը

Համագումարի փակման նիստին, ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Հայկազ Տէօքմեքճեանի ընկերակցութեամբ, ժողովականներուն այցելեց եւ հայրական իր ողջոյնները ուղղեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի երիտասարդ ներկայացուցիչներուն մէջ գտնուելուն համար: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը արժանի է բոլորին յարգանքին եւ գնահատանքին: ՀՄԸՄ-ը սրտամօտ է բոլորին: Ուր որ ՀՄԸՄ կայ, այնտեղ հայութիւն կայ: ՀՄԸՄ-ը կը գտնուի հայ կեանքին կեդրոնը:

Ապա, իր խօսքը ժողովականներուն ուղղելով, սրբազան հայրը նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական համագումարին քննարկած նիւթերը` հայ երիտասարդութիւնը եւ հայապահպանումը, կը տագնապեցնեն բոլորը եւ, հետեւաբար, կարելի չէ չգնահատել նման համագումարի մը կազմակերպումը, որուն արդիւնքներէն պիտի օգտուին ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով համայն ժողովուրդը:

Գեղամ արք. Խաչերեանի այցելութենէն ետք, համագումարը առաւ կարճ դադար մը, որմէ ետք մասնակիցները ընտրեցին երեք երիտասարդներ, որոնք խորհրդակցական ձայնով ներկայ պիտի գտնուին ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին (14-19 հոկտեմբեր 2019, Հայաստան), ուր պիտի ներկայացնեն համագումարին երիտասարդութեան կողմէ արտայայտուած միտքերը, մտահոգութիւնները, առաջարկներն ու ծրագիրները :

Համագումարը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի փակման խօսքով եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Այնուհետեւ, համագումարին կազմը ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան Մայիսեան յաղթանակներու ժողովրդային ճաշկերոյթ-խրախճանքին, որուն մասնակցեցան նաեւ նոյն օրը Աթէնքի մէջ ընթացք առած ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովին մասնակիցները:

aztagdaily.com